Հաղորդագրութիւն
Քորոնա համավարակի պայմաններուն բերումով, յարմար նկատուեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի հրապարակային շնորհանդէս չկազմակերպել ներկայիս, այլ բաւարարուիլ ներքին հանդիպումով մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 2 Հոկտեմբեր 2020ին, ուր Համալսարանի նախագահ Վեր. Փոլ Հայտոսթեանի ներկայութեան հաճելի զրոյց մը ընթացաւ Հանդէսի խմբագրակազմին հետ՝ հատորին յառաջացման գործընթացին, տարուած աշխատանքին, աշխատակիցներուն ոգեւորութեան, նոր ծրագրերու եւ Հանդէսի առաքելութեան շուրջ:
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը այս տարի թեւակոխած է իր հիմնադրութեան յիսնամեակը: Յոբելենական այս տարուան առթիւ հրատարակուած հերթական 40րդ հատորին կողքին ծրագրուած է լոյսին բերել նաեւ ծրագրային հատոր մը, որ ընդգրկէ Հանդէսին 40 հատորներուն մատենագիտութիւնը, առնչեալ նիւթեր, ինչպէս նաեւ Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական երեսակը ներկայացնող տեղեկագիրեր:
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 40րդ հատորը իր 928 էջերուն մէջ կ’ընդգրկէ շուրջ 50 ուսումնասիրութիւն՝ հայագիտական գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն վերաբերող: