Հայկական ծագումով ամերիկացի Ճեֆրի Հարիկեան կը ղեկավարէ Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը, կը հաղորդէ «Նիուզ»ը:
Զօրավար-հարիւրապետ Ճեֆրի Հարիկեան պատասխանատու է արտակարգ իրավիճակներու մէջ գործողութիւններու ծրագիրի մշակման եւ Կեդրոնական եւ Հարաւարեւմտեան Ասիոյ 20 պետութիւններու մէջ օդային գործողութիւններու իրականացման:
Անոր հայկական արմատներուն մասին պատմած է Միքայէլ Թաթոյեան՝ «Dover International Speed-way»ի տնօրէնը եւ «Dover Motor-sports»ի գործադիր տնօրէնը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ունի քանի մը մրցավազքային գօտիներ:
«Armenia Proud»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թաթոյեան կը պատմէ, որ կը մասնակցի Ամերիկայի Ռազմաօդային ուժերու ծրագիրին, որուն ծիրին մէջ անոնք քաղաքացիական հասարակութեան հետ յարաբերութիւնները կը կարգաւորեն:
Ծրագիրի ճեպազրոյցներէն մէկը վարած է Ճեֆրի Հարիկեան: Թաթոյեան կը յայտնէ, որ ճեպազրոյցէն ետք ան մօտեցած է Հարիկեանին եւ ըսած, որ ինք նոյնպէս հայ է: «Մենք անմիջապէս գրկեցինք զիրար եւ ձեռնուեցան: Սկսանք խօսելու մեր նախնիներուն եւ ընտանիքներուն մասին: Ան հայու արտաքին տեսք ունի», կ՛ըսէ Թաթոյեան: