Ռազմավարական հետազօտութեանց միջազգային հիմնարկը՝ The International Institute for Strategic Studies, IISS, որու կեդրոնը կը գտնուի Լոնտոն, հրապարակած է «Ռազմական հաւասարակշռութիւն» խորագրով իր տարեկան տեղեկագիրը, ուր անդրադարձ կ՚ըլլայ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակներուն ներուժին ու կարողութիւններուն:
Տեղեկագրին մէջ կը նշուի, որ հարաւային Կովկասի այս երկու երկիրները ամէն տարի նիւթական զգալի միջոցներ կը յատկացնեն ռազմական ոլորտին: Կ՚ըսուի սակայն, թէ մինչ Հայաստան տարեկան շուրջ 400 միլիոն տոլար կը յատկացնէ այդ ոլորտին (2012ին՝ 394 միլիոն), անդին Ատրպէյճան անհամեմատելիօրէն աւելի մեծ գումարներ կը տրամադրէ. միայն 2012ին՝ Պաքուի ռազմական ծախսերը գնահատուած են 1 միլիառ 770 միլիոն տոլար:
Կը նշուի նաեւ, որ Պաքու 2012ին՝ նախորդ տարուան բաղդատմամբ 90 միլիոն տոլար աւելցուցած է ռազմական իր պիւտճէն:
Ուսումնասիրելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակներու մարտունակութեան աստիճանը, բրիտանացի փորձագէտները պարզած են, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը աւելի մարտունակ են: «Հայաստանի զինեալ ուժերը բաւական հմուտ են եւ յստակ գիտեն իրենց առջեւ դրուած նպատակներն ու առաջադրանքները: Ատոր զուգահեռ՝ Հայաստանի բանակին մէջ հետզհետէ կը մեծնայ պայմանագրով ծառայող զինուորականներու թիւը (արհեստավարժները), թէեւ կը պահպանուի նաեւ պարտադիր զօրակոչը»,- կ՚ըսուի փաստաթուղթին մէջ:
Կը նշուի սակայն, թէ Հայաստան իր զինանոցը նորոգելու եւ արդիականացնելու գծով լուրջ միջոցներու դիմելով հանդերձ՝ հայկական բանակը դեռ շատ հեռու է նորագոյն թէքնոլոժիով օժտուած ըլլալէ: Եւ այս երեւոյթը՝ տեղեկագիրը զարմանալիօրէն կ՚առընչէ ոչ թէ նիւթական միջոցներու սահմանափակ բնոյթին, այլ կաշառակերութեան եւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան գանձը ոչ արդիւնաւէտ ղեկավարելու երեւոյթներուն:
Գալով Ատրպէյճանին, IISS-ի փորձագէտները կը նշեն, թէ այդ երկրին ռազմական պիւտճէին քանի մը անգամ գերազանցելը հայաստանեանը՝ ատրպէյճանական բանակը աւելի մարտունակ չի դարձներ: «Նաւթի վաճառքին ապահոված գումարներուն շնորհիւ՝ Ատրպէյճան կրցած է զգալի քանակով սպառազինութեան տիրանալ, սակայն անոր զինեալ ուժերը օդային տարածքին մէջ չեն յաջողիր առաւելութիւն ձեռք ձգելու: Դարձեալ նաւթին շնորհիւ՝ Ատրպէյճան կրցած է գնել С-300 տեսակի նորագոյն հրթիռային համակարգեր, սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ ատիկա մարտունակութեան բարձրացման տեսանկիւնէն ի՞նչ պիտի ապահովէ Պաքուին»,- հարց կը տրուի տեղեկագրին մէջ: