ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան 20 Յուլիսին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաստատեց, որ 19-20 Յուլիս լուսցող գիշերը սահմանային կացութիւնը համեմատաբար հանգիստ եղած է, զինադադարի դրութիւնը խախտուած է 70 անգամ։
Ան նշեց, որ հիմնականօրէն կիրարկուած են հրաձգային զէնքեր՝ ոչ մեծ տրամաչափի, իսկ Հայաստանի զինուած ուժերը բոլորովին կը վերահսկեն իրավիճակին եւ պատրաստ են Հայաստանի ամբողջ սահմանագօտին պաշտպանել որեւէ ոտնձգութենէ։
Արծրուն Յովհաննիսեան մանրամասնեց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը գիշերը կրակոցներ արձակած են նաեւ Ճամբարակի ուղղութեամբ: «Տաւուշի ուղղութեամբ եղել են տարբեր գիւղերի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերում կրակոցներ`հիմնականում անկանոն, որոնց մեծ մասին Հայաստանի զինուած ուժերը պատասխան կրակ չեն վարել: Եղել են նաեւ կրակոցներ այլ մարզերի ուղղութեամբ: Մասնաւորապէս, Ճամբարակի ուղղութեամբ են եղել կրակոցներ, օգտագործուել է աւտոմատ նռնականետ», յայտնեց Յովհաննիսեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի բանակայինները հակառակորդի դիպուկ կրակոցներուն պատասխանած են թիրախային դիպուկ կրակով:
Ըստ անոր՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանային բախումները, հակառակ ցաւալի կորուստներուն, աւելի ամրապնդած են հայկական կողմին ոգին, կամքը եւ վճռականութիւնը:
Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանային բախումները ի՞նչ տուին Հայաստանին եւ ի՞նչ միջանկեալ հետեւութիւններ կարելի է ընել եղածէն՝ Յովհաննիսեան ըսաւ. «Առաջին հերթին մեր զինուած ուժերին տուեցին փայլուն յաղթանակ: Դա ամենակարեւորն է: Բայց ընդհանուր առմամբ մեր համաժողովրդական համախմբման, մեր պետական եւ զինուորական կառավարման համակարգի աշխատանքի յղկուածութեան, կայացման, զարգացման առումներով մենք ունեցանք աճ, բարձրացում, եւ դա, չնայած ցաւալի կորուստներին, չնայած նիւթական որոշակի աւերածութիւններին, մեր ոգին, մեր կամքը, մեր վճռականութիւնն աւելի ամրապնդեց»։
Ա. Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին սանձազերծուած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք վիրաւորուած զինուորներուն վիճակը կը շարունակէ նոյնը մնալ։ Կայ մէկ զինուոր, որուն վիճակը շատ ծանր է։
Լրագրողները հարցուցին, որ Ատրպէյճանի փորձագէտները կը շահարկեն այն, թէ Հայաստան պիտի հարուածէ ատրպէյճանական ենթակառուցուածքները. Արծրուն Յովհաննիսեան պատասխանեց՝ ըսելով. «Նախօրէին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շատ յստակ նշեց, որ Ադրբեջանի կրած պարտութիւնից յետոյ, սա նոր քարոզչական թէզ է արտաքին լսարանին ուղղուած: Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը մշտապէս ունեցել են նման հնարաւորութիւն տեխնիկապէս (արհեստագիտական իմաստով.Խմբ.), բայց երբեք չեն ունեցել եւ չունեն նման ցանկութիւն: Դա Ադրբեջանի կողմից շրջանառուող կեղծ թէզ է: Մենք նման ծրագիր չենք ունեցել, չունենք, եւ սա հայեցի չէ ոչ մի տեսակէտից: Մենք ասում ենք` այս տարածաշրջանով անցնող նաւթագազային այդ մուղերը, որոնք ունի Ադրբեջանը, միջազգային ընկերութիւններին են պատկանում, թող միջազգային ընկերութիւնները վստահ լինեն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անվտանգութեան երաշխաւոր է եւ ոչ թէ սպառող»:
Տաւուշի մարզին մէջ հակառակորդին ռմբակոծումներուն իբրեւ արդիւնք վնասուած են 50 կառոյցներ, որոնց 12ը արդէն կը վերանորոգուին։ Այս մասին յայտնեց Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան։ Ըստ անոր՝ տակաւին ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին գետնի վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել վնասները եւ լծուիլ շինարարութեան։