ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ– ՊԱՅՔԱՐ 183
Պալքան ժողովուրդներու ազգային ազատագրական պայքարը եւ Պալքաններու մէջ Թուրքիոյ կրած պարտութիւնը ծանր հարուած հասցուցին Օսմանեան կայսրութեան: Խանդավառուելով օսմանեան Թուրքիոյ պարտութիւններէն՝ արեւմտահայութիւնը Հայկական հարցը վերստին բարձրացուց եւրոպական մայրաքաղաքներու եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւններու սեղանին վրայ:
Արեւմտահայութիւնը կ’ակնկալէր, որ Օսմանեան սահմանադրութենէն (1908) ետք պիտի բարելաւուէին իր պայմանները: Սակայն Երիտթուրքերը շարունակեցին իրենց նախորդներուն հայահալած քաղաքականութիւնը:
Հայկական գաւառներուն մէջ Իթթիհատականներուն բռնութիւններուն ի տես՝ հայ քաղաքական շրջանակները մեծ պետութիւններուն վերյիշեցուցին Պերլինի վեհաժողովին իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Արեւմտահայութիւնը այն համոզումը ունէր, որ Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ (1912-1913) պալքանեան երկիրներու հարցը քննարկելու միջոցին, սեղանի վրայ պիտի դրուէր Պերլինի վեհաժողովէն բխած հայկական բարենորոգումներու թղթածրարը: Պոլսոյ հայոց Ազգային ժողովը որոշեց Լոնտոնի խորհրդաժողովին բարձրացնել հայկական վեց նահանգներուն ինքնավարութեան հարցը: Սակայն «մեծ» տէրութիւններուն հետաքրքրութիւնը այլ տեղ փոխադրուած էր այդ օրերուն…:
Եւրոպական ցամաքամասը երկու հակադիր կողմերու բաժնուած էր քսաներորդ դարու երկրորդ տասնամեակին՝ Եռեակ համաձայնութիւն ( Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա) եւ Եռեակ զինակցութիւն ( Գերմանիա, Աւստրիա, Իտալիա): Հայկական հարցը եւ հայ ժողովուրդին ճակատագիրը կախեալ էր վերոյիշեալ պետութիւններուն փոխյարաբերութիւններէն:
Պերլինի խորհրդաժողովի 61-րդ յօդուածին հիման վրայ, Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ շրջաններուն մէջ բարեկարգութիւններ կատարելու նպատակով եւ ռուսական դիւանագիտութեան խրախուսանքով, հայոց Գէորգ Ե. Տփղիսեցի կաթողիկոսը, հայ հասարակական շրջանականերուն հետ խորհրդակցաբար, 2 հոկտեմբեր 1912-ին Կովկասի փոխարքայ Վորոնցով Դաշկովէն ցարական կառավարութեան միջամտութիւնը խնդրեց՝ Արեւմտահայստանի մէջ բարենորոգութիւնները գործադրութեան դնելու համար: Ամիս մը ետք, Հայոց կաթողիկոսը յատուկ կոնդակով Պօղոս Նուպար փաշան լիազօրեց հայկական պահանջատիրութիւնը պաշտպանելու որոշումի տէր եւրոպական երկիրներուն մէջ:
Պերլինի Վեհաժողովին 61-րդ յօդուածը Սուլթանի կառավարութեան խղճի պարտքը հռչակած էր հայկական բարեկարգութիւնները եւ եւրոպական մեծ տէրութեանց յանձնած էր հեռուէն վերահսկելու իրաւասութիւնը…:
Թրքական կառավարութիւնը, մտահոգուելով հայերու քայլէն, պահանջեց, որ իրեն ներկայացուի բարենորոգումներուն թղթածրարը: Թուրքերը անմիջապէս պատրաստեցին նախագիծ մը, որ միայն չորս նահանգներու պարագային՝ Վան, Տրապիզոն, Տիարպեքիր եւ Պիթլիս, կը խոստանային բարենորոգութիւններ՝ դուրս ձգելով Էրզրումը եւ Սեբաստիան:
Անգլիա եւ Ֆրանսա սկզբունքով համաձայն էին բարենորոգութիւններու առաջարկին: Գերմանիա բոլորովին դէմ չէր բարենորոգութիւններուն, սակայն կտրականապէս կը մերժէր ռուսական ազդեցութեան զօրացումը Արեւմտահայաստանի մէջ: Գերմանացիները յատկապէս կը մերժէին մէկ՝ միասնական հայկական նահանգ ստեղծելու, նահանգապետը փոխհամաձայնութեամբ որոշելու, ինչպէս նաեւ պաշտօնները քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ հաւասարապէս բաժնելու սկզբունքը: Գերմանիա կը նախընտրէր գործադրութեան դնել բարենորոգութիւններու թրքական ծրագիրը:
Իթթիհատական Թուրքիան, նախազգալով, որ բարեկարգութիւններու հսկողութիւնը կրնայ փոխանցուիլ ռուսերուն, պնդեց պահպանել հայկական շրջաններուն մէջ գործող վարչական դրութիւնը:
Բարենորոգութիւններու ծրագիրը մշակուած էր Սասունի 1894-ի ապստամբութեան լոյսին տակ, Սուլթանին եւ Պոլսոյ մէջ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպաններուն միջեւ փոխադարձ համաձայնութեամբ կնքուած Մայիսեան բարեկարգութիւններուն եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կազմած նախագիծին հիման վրայ: Ան կ’առաջարկէր հայկական վեց նահանգներէն (Էրզրում, Վան, Պիթլիս, Տիարպեքիր, Խարբերդ եւ Սեբաստիա) ստեղծել մէկ նահանգ: Նահանգապետը պէտք է ըլլար Օսմանեան կայսրութեան հպատակ քրիստոնեայ մը կամ եւրոպացի: Ան պիտի նշանակուէր հինգ տարուան ժամկէտով: Նահանգապետին լիազօրութեան մէջ պիտի մտնէր նահանգին ամբողջ գործադիր իշխանութիւնը: Անոր վերապահուած պիտի ըլլար վարչական բոլոր պաշտօններուն նշանակումներու իրաւասութիւնը, ներառեալ՝ դատաւորները: Ոստիկանութիւնը նահանգապետին ենթարկուած պիտի ըլլար: Նահանգապետին կից պիտի գործէր հաւասար իրաւունքներով վարչական խորհուրդ մը եւ վեց անդամներէ բաղկացած (երեք քրիստոնեայ, երեք իսլամ) խորհրդականներու մարմին մը: Բոլոր պաշտօններուն պարագային պիտի պահպանուէր հաւասարութեան սկզբունքը: Իւրաքանչիւր ազգութիւն ազատ պիտի ըլլար հիմնելու սեփական դպրոցը: Սուլթանը յանձն պիտի առնէր «Համիտիէ»-ներուն լուծարքը: Հայերուն պիտի վերադարձուէր քիւրտերուն խլած հողերը: Հայկական հողերուն վրայ պիտի արգիլուէր պալքանեան պատերազմէն գաղթականներուն բնակեցումը:
Փաստօրէն բարենորոգութիւններու ռուսական ծրագիրը խորքին մէջ մշակած էր Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը: Դեսպանատան թարգմանիչ Ա. Մանտելշթամ զայն թարգմանած էր ռուսերէնի եւ փոխանցած Ռուսիոյ դեսպանին: Բարենորոգութիւններուն գործադրութեան հետեւելու պատասխանատւութիւնը կը դրուէր բոլոր պետութիւններուն վրայ, իսկ հսկողութիւնը՝ Ռուսիոյ:
Նախագիծին պատրաստութեան մէջ վճռական դերակատարութիւն ունեցաւ ականաւոր գրող և քաղաքական գործիչ, իրաւագէտ, օսմանեան խորհրդարանի անդամ Գրիգոր Զոհրապը: Զոհրապը առաջինն էր, որ օսմանեան խորհրդարանին մէջ բարձրացուց հայկական բարենորոգութիւններու հարցը եւ դիմեց եւրոպական պետութիւններու միջամտութեան:
Բարենորոգութիւններու ծրագիրին քննարկութիւնները տեղի ունեցան 3-24 յուլիս 1913-ի միջեւ: Ցարական Ռուսիան շահագրգռուած էր կասեցնելու Գերմանիոյ տնտեսական եւ քաղաքական թափանցումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Միւս կողմէ, Անգլիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա, Օսմանեան կայսրութեան վրայ ռուսական ազդեցութեան զօրացման լուսարձակին տակ կը դիտէին հայկական բարեկարգութիւններուն գործադրութիւնը:
Բարենորոգութիւններուն շուրջ ստեղծուեցաւ քաշքշուկ: Ռուսիա տեղի տուաւ մասամբ Գերմանիոյ, մասամբ՝ արեւմտեան պետութիւններու ճնշումներուն:
Երկար բանակցութիւններէ ետք գոյացաւ ռուս-գերմանական վեց կէտերէ բաղկացած համաձայնութիւն մը: Այս ծրագիրը ներկայացուեցաւ Օսմանեան իշխանութիւններուն: Բարեկարգութիւններէն խուսափելու նպատակով՝ Թուրքիա ներկայացուց հակաառաջարկներ: Ճակատագրական այս հանգրուանին, Պօղոս Նուպար փաշան յառաջ քաշեց Թուրքիոյ վրայ տնտեսական ճնշումներ բանեցնելու խաղատոմսը: Պօղոս Նուպար փաշա ձեռք բերաւ Ֆրանսայի աջակցութիւնը: Սակայն վերջինիս վարչապետը առարկեց, թէ միայնակ ճնշում չէր կրնար բանեցնել Թուրքիոյ վրայ: Պօղոս Նուպար փաշա հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Վ. Կոկովձեւի հետ Փարիզի մէջ եւ առաջարկեց տնտեսական ճնշումով սպառնալ Թուրքիոյ: Շարունակելով իր բանակցութիւնները, ան մեկնեցաւ Գերմանիա եւ վերջապէս յաջողեցաւ Թուրքիոյ վրայ տնտեսական ճնշումներու ընդհանուր յայտարար մը գոյացնել Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ: Սակայն նշեալ չորս պետութիւնները յետդարձ կատարեցին իրենց յանձառութենէն եւ նախընտրեցին բարենորոգութիւններու թրքական տարբերակին տալ ընթացքը՝ անհեռանկարային գտնելով երկարաժամկէտ տնտեսական ճնշումները: Անոնց կարծիքով, բաւարար զիջումներ կատարած էր արդէն օսմանեան Թուրքիան…: Բոլորը կը փորձէին սիրաշահիլ «Հիւանդ մարդը»…:
Ի վերջոյ Ռուսիա յաջողեցաւ պարտադրել բարենորոգութիւններու համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ երկու հատուածներու պիտի բաժնուէր Արեւմտեան Հայաստանը ( Էրզրում, Տրապիզոն, Սեբաստիա եւ Վան, Պիթլիս Խարբերդ): Բարձր դուռը իրեն ներկայացուած անուններէն պիտի նշանակէր երկու օտարերկրացի տեսուչներ: Առաջինին նստավայրը պիտի ըլլար Վանը, երկրորդինը՝ Էրզրումը:
Հայկական նահանգներու մէջ բարենորոգութիւններու ռուս-թրքական համաձայնագիրը կնքուեցաւ 26 յունուար 1914-ին :
Իր ընդհանրութեան մէջ հայկական բարենորոգութիւններու ռուս-թրքական համաձայնագիրը կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր հայ ժողովուրդին համար: Ան կ’ընդգծէր Ռուսիոյ յառաջատար դերը հայկական հարցին մէջ՝ հաստատելով Սան Սթեֆանոյի համաձայնագիրին 16-րդ յօդուածը, որ հետագային նպաստաւոր պայմաններ կրնար ստեղծել թրքական լուծէն Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան համար: Համաձայնագիրը հայերուն չէր շնորհեր ակնկալուած ինքնավարութիւնը, սակայն եւրոպական պետութիւններու վերահսկողութիւնը բարենորոգութիւնները կատարելու ուղղութեամբ, քրիստոնեայ- իսլամ պաշտօններու հաւասար բաշխումը, բռնախլուած հողերու վերադարձը, հատուցումները, Պուլկարիայէն գաղթած իսլամներուն վերաբնակեցման արգելքը, բարենորոգութիւններու ծիրին տարածումը՝ Կիլիկիոյ վրայ, հայերուն կը շնորհէր տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային յառաջընթացի եւ զարգացման կարելիութիւն, տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան երաշխիքներ:
Տրուած ըլլալով պատմական այն պահը, ուր ան կ’ընդունուէր եւ կը ստորագրուէր թուրքերուն կողմէ, ան շատ մեծ ձեռքբերում մըն էր…սկսելու համար: Վասնզի հայկական վեց նահանգները գրեթէ դուրս կու գային թրքական իշխանութեան ձեռքէն: Տեսուչները կառավարման ամբողջական ազատութիւն պիտի ունենային եւ միայն զեկուցում պիտի տային սուլթանին՝ առանց ենթարկուելու անոր հրահանգներուն:
Անոր ստորագրումին յաջորդ օրը Գրիգոր Զոհրապ,– որ մեծագոյն դարբիններէն մէկը եղաւ այդ յաջողութեան,– նամակ մը գրած է Արշակ Չոպանեանին, պէտք է ընթերցել այն խանդավառութիւնը, որ ցոյց կու տայ ան. Բարենորոգումները՝ անկախութեան ճամբուն վրայ առնուած առաջին ապահով ճամբան կը նկատէ: Եւ այդպէս ալ էր: Մանաւանդ որ տեսուչները համակրանքով լեցուած էին հայերու հանդէպ:
Երկու տեսուչները՝ Նիքոլա Հոֆֆ (Նորվեկիա) եւ Լուիս Գոնսթանթ Վեսթենեկ ( Հոլանտա) ժամանեցին Պոլիս: Հոֆֆ հաստատուեցաւ Վանի մէջ, իսկ Վեսթենենկ պիտի փոխադրուէր Էրզրում երբ ծագեցաւ Համաշխարհային առաջին պատերազմը:
Առաջին հասնողը Հոֆֆը եղաւ, եւ Զոհրապ անմիջապէս բարեկամացաւ անոր հետ. այդ օրերուն Զոհրապի տունը այցելող մը կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս Զոհրապ եւ Հոֆֆ, արեւելեան էնթերի հագած, գետինը՝ կարպետին վրայ նստած, կլկլակ կը ծխէին. Ասոնք Զոհրապի առտնին սովորութիւններն էին, որ փոխանցած էր նաեւ…Հոֆֆին:
Երբ Հոֆֆը Վան ոտքը դրաւ, դիմաւորելու եկողներուն մէջ կը փնտռէր «Էպլիղաթեանց» անունը կրող անձնաւորութիւնը, որ էր Մելքոն Էպլիղաթեանի հայրը՝ Մատթէոս Էպլիղաթեանը, որ Վանի թրքական ատեանի դատախազ էր նշանակուած: Ան Հոֆֆին յանձնարարուած էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ:
Եւ իրօք ալ այն ամբողջ ամիսը, ուր Հոֆֆ մնաց Վանի մէջ, Էպլիղաթեան ամէն օր անոր հետ էր պաշտօնական այն բոլոր այցեթութիւններու ընթացքին, որ Հոֆֆ տուաւ նահանգապետին, գայմագամին, ոստիկանապետին, դատաւորներուն եւ բոլոր պաշտօնական դէմքերուն:
Երբ պատերազմը յայտարարուեցաւ, նոյն օրն իսկ Թալաթ հեռագրեց Վան եւ վերջ տուաւ Հոֆֆի առաքելութեան. այնքան կարեւոր էր ան, որ Թալաթ առաջին հարուածը մարզպետներուն, իմա՝ Բարենորոգումներուն տուաւ:
Եւ Հոֆֆ Պոլիս չվերադարձաւ. ան Մատթէոս Էպլիղաթեանի հետ ճամբայ ելաւ դէպի Մուշ, անկէ զարտուղի ճամբաներով հասան Սուրիա, ի վերջոյ՝ Պեյրութ. Այստեղէն նաւ նստաւ ու գնաց Եգիպտոս, ուր քոյր ունէր:
Երիտթուրքերը շպրտելով բարենորոգութիւններու ծրագիրը, իրենց տարբերակով լուծեցին Հայկական հարցը:
Տեսուչները վերադարձան իրենց երկիրները:
* * *
Դաժան ճակատագիր կը սպասէր արեւմտահայութեան:
Առաջին համաշխարհային պատերազմին մէջ օսմանեան Թուրքիա մտաւ Գերմանիոյ կողքին: Հայկական հարցը թեւակոխեց նոր փուլ: Կովկասեան ռազմաճակատին վրայ սկսան լուրջ գործողութիւններ: Թրքական զօրքերը յարձակեցան Կարսի ուղղութեամբ: Ռուսերը յաջողեցան կասեցնել յարձակումները եւ հակայարձակումի անցան:
1917-ին, երբ ռուսական զօրքերը գրաւեցին Արեւմտահայաստանի մեծ մասը, արդէն հայ չէր մնացած այդ տարածութիւններուն վրայ, որովհետեւ պատերազմը սկսելէ ետք թրքական իշխանութիւնները գործադրութիւն դրած էին հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութեան ծրագիրը…: