ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական գինիներու եւ ոգելից ըմպելիներու հարուստ տեսականիին մօտէն ծանօթանալու առիթ մը պիտի ըլլայ Կիրակի, 19 Մայիսին, կ.ե. սկսող եւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 9 շարունակուող տարեկան երկրորդ «ԳինիՖեսթ» փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենայ «Չեւի Չէյս Քանթրի Քլապ»ին մէջ:
«Հայկական արուեստներ» կազմակերպութեան նախաձեռնած այս փառատօնին մասնակցութեան կամ հովանաւորութեան տարբեր կարելիութեանց ծանօթանալու եւ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.thearmenian.com/products.php?product=Admission-Ticket կայքէջը:
Մինչեւ 28 Փետրուար ապահովուած տոմսերուն գինը 45 տոլար է, իսկ 1 Մարտէն 18 Մայիսի միջեւ՝ 55 տոլար։ Ձեռնարկին օրը մասնակցութեան սակը 75 տոլար պիտի ըլլայ։
«Չեւի Չէյս Քանթրի Քլապ»ի հասցէն է՝ 3067 E. Chevy Chase Drive, Glendale, CA 91206: