Երէկ երեկոյեան Հայկական երեսփոխանական պլոքը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց խորհրդարանի գումարելիք այսօրուան նիստին օրակարգը:
Մեկնելով Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի այն յայտարարութենէն, թէ անհրաժեշտ է հեռու մնալ աւելորդաբանութիւններէ եւ համախոհութիւն գոյացնել` չկորսնցնելու համար ճշմարտութեան եւ արդարութեան հասնելու բուն նպատակը, պլոքը որոշեց չմասնակցիլ խորհրդարանի այսօրուան նիստին:
Նշենք, որ երեսփոխան Յ. Բագրատունի «Նիտա Ուաթան»-ի հետ ունեցած իր կարճ զրոյցին ընթացքին յայտնած էր հետեւեալը. «Մենք բացարձակին մէջ համաձայն ենք անձեռնմխելիութիւններու վերացումին` սահմանադրական եւ օրինական շրջագիծին մէջ: Այս հարցը մեզի այլ բաներու եւ դէպի այլ տեղեր պէտք չէ առաջնորդէ` այնքան ատեն որ բոլորը յանձնառու են նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտելու: Պէտք է զգուշութեամբ ճշդել կեցուածքները` հեռու մնալով աւելորդաբանութիւններէ եւ ժողովրդահաճոյ արտայայտութիւններէ: Սովորաբար նման հարցերու պարագային համախոհութիւն կը գոյանայ»: