ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Վարշաւիոյ մէջ կայացած Պատմական եւ ռազմական ժապաւէններու միջազգային փառատօնին, Վրէժ Պետրոսեանի «Ուրիշ Հայրենիք. Մարիա Եաքոպսընի Օրագրութիւնը» ժապաւէնը արժանացած է փառատօնի հովանաւոր՝ լեհական բանակի մրցանակին, իսկ Ճիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ»ը՝ փառատօնի կազմակերպիչ Ռազմական գիտութեան ընկերութեան մրցանակին:
«Հայկ Սթուտիա»ի արտադրած «Ուրիշ Հայրենիք. Մարիա Եաքոպսընի Օրագրութիւնը» ժապաւէնը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ կը պատմէ հայ ազգի մեծ բարեկամ, դանիացի Մարիա Եաքոպսընի մասին, որուն օրագիրը հարուստ է հայերու դէմ թուրքերուն գործած ոճիրիներուն, ինչպէս նաեւ՝ վերապրածներու վկայութիւններով: Իսկ «Թեւանիկ»ը եռապատում մըն է՝ նուիրուած արցախեան պատերազմին: Անիկա կը ներկայացնէ 14 տարեկան երեք պատանիներու ճակատագիրը՝ կեանքի մէկ օրը:
Վարշաւիոյ միջազգային սոյն փառատօնը 6-րդն էր այս տարի. անիկա նուիրուած է տարբեր ազգերու պատմական եւ յոբելենական իրադարձութիւններուն: