Հայկական լեռնաշխարհը, ըլլալով նախաստեղծ մարդկութեան բնօրրանը, բնութեան բազմազանութեան եւ ապրելու կենսաձեւի հոլովոյթին մէջ ստեղծած է շատ արժէքներ, որոնք դարերու ընթացքին ամրագրուած են մեր լեռնաշխարհի աշխարհագրական դիրքի ու պատմութեան, աւանդոյթներու շտեմարանին մէջ: Ազգային այդ արժէքները մեր հարստութիւնն են, որոնց նախապատմութիւններու արմատները խորն են, ակունքները` զուլալ: Հայկական համբաւանիշ (brand) համարուող շատ արժէքներ ներառուած են ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի ցանկին մէջ եւ դեռ կրնան ներառուիլ ` ներկայացուած յայտերու հիման վրայ: Ստորեւ «Հայերն այսօր»-ի ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի ցանկին մէջ տեղ գտած հայկական համբաւանիշները եւ սպասուող նոր յայտերու ցանկը:
ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ն` լրիւ անուանումը` միաւորուած ազգերու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւն (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization, UNESCO)` միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան յատուկ գործակալութիւնն է, որ հիմնուած է 1945 թուականին: Անոր հաստատուած նպատակն է համերաշխութեան եւ անվտանգութեան օժանդակութիւնը` կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ միջազգային համագործակցութեան խրախուսման միջոցով` համընդհանուր յարգանքի եւ արդարութեան տարածման համար: Կազմակերպութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը գտնուի Փարիզ Միաւորուած ազգերու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան (անգլ. UNESCO) առաքելութիւնն է` նպաստել խաղաղութեան պահպանման, նուազեցնել աղքատութիւնը, միջմշակութային երկխօսութեան օժանդակման միջոցով հասնիլ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, կապի եւ տեղեկատուութեան դաշտի զարգացման: Կազմակերպութեան հիմնական նպատակն է նպաստել խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ: ԵՈՒՆԵՍԿՕ–ի գործունէութեան ոլորտներն են կրթութիւնը, բնական գիտութիւնները, ընկերային եւ մարդասիրական գիտութիւնները, մշակոյթն ու հաղորդակցութիւնը եւ տեղեկատուութիւնը:
ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի մէջ գրանցուած հայկական մշակութային արժէքները
Հայաստան UNESCO-ին միացած է 1992թ. յունիս 9-ին: 1995թ. հոկտեմբերէն Հայաստանի մշտական պատուիրակութիւնը UNESCO-ի մէջ կը գլխաւորուի Շառլ Ազնաւուրի կողմէ: Հայաստանեան ազգային համաժողովը ստեղծուած է 1992թ. հոկտեմբերին, որուն նախագահը 2008թ. մայիսէն ՀՀ արտաքին գործոց նախարար էտուարտ Նալբանդեանն է:
UNESCO-ն իր համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ներառած է հայկական շարք մը ազգային, մշակութային եւ կրօնական արժէքներ:
ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած մշակութային արժէքները/վայրերը կը պատկանին աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն` անկախ ատոնց գտնուելու վայրէն: Այդ ցանկին մէջ ընդգրկուած են մարդկութեան համար առաւել մեծ արժէք ներկայացնող յուշարձաններ եւ յուշահամալիրներ: Իւրաքանչիւր պետութիւն կրնայ յայտ ներկայացնել միայն այն մշակութային արժէքի/վայրի համար, որ կը գտնուի իր սահմաններուն մէջ:
Ցանկին մէջ Հայաստան ներկայացուած է հետեւեալ արժէքներով`
- «Հաղպատի եւ Սանահինի վանքեր»(1996 թ., 2000 թ.),
- «Էջմիածնի Մայր տաճար եւ եկեղեցիներ (Սբ. Հռիփսիմէ, Սբ. Գայեանէ, Սբ. Շողակաթ) եւ Զուարթնոցի տաճարի հնավայր» (2000 թ.)
- «Գեղարդի վանք եւ Ազատ գետի վերին հովիտ» (2000 թ.)
Սպասողական/նախնական ցանկին մէջ կը գտնուին հետեւեալ յայտերը`
- «Երերոյքի բազիլիկը եւ հնավայրը» (1995 թ.)
- «Դուին քաղաքի հնավայրը /հնագիտական յուշարձանը» (1995 թ.)
- «Տաթեւի եւ Տաթեւի Անապատ վանքերը եւ Որոտանի դաշտավայրի յարակից տարածքները»
- «Նորավանքը եւ Ամաղու դաշտավայրի վերին հատուածը» (1995 թ.)
Հայաստանէն դուրս գտնուող մշակութային արժէքներ
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տարածքին մէջ գտնուող Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Թադէոս Առաքեալի եւ Ձոր Ձորի հայկական վանական համալիրները 2008 թ. գրանցուած են Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ԻԻՀ-ի կողմէ ներկայացուած յայտի հիման վրայ` «Իրանի հայկական վանական համալիրներ» անուանմամբ:
Թուրքիոյ ներկայիս տարածքին մէջ գտնուող Բագրատունեաց հայկական թագաւորութեան մայրաքաղաք Անիի աւերակները 2016 թ. գրանցուած է «Անիի հնագիտական վայր» անուանմամբ:
Ցանկին մէջ ներառուած են նաեւ «Նեմրութ տաղ (լեռ)» (1987 թ.), «Տիարպեքիրի ամրոց եւ Հեւսել այգիներ մշակութային բնապատկեր» (2015 թ.), (կ’ընդգրկէ շարք մը հայկական պատմաճարտարապետական կառոյցներ) անուանմամբ յայտեր:
Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ Հայաստան ներկայացուած է հետեւեալ տարրերով`
«Տուտուկի երաժշտութիւնը» (2008 թ.)
«Հայկական խաչքարի արուեստը. խաչքարի խորհուրդը եւ խաչքարագործութիւնը» (2010 թ.)
«Սասնայ ծռեր կամ Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութեան կատարողական դրսեւորումները» (2012 թ.)
«Լաւաշ մարդկութեան. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» (2014 թ.)
«Քոչարի. աւանդական խմբապար» (2017 թ.)
Սպասողական /նախնական ցանկին մէջ ներառուած են հետեւեալ յայտերը`
«Աշուղական սիրավէպ. հայ աշուղական արուեստի կատարողական աւանդոյթը, բնաբանն ու երաժշտութիւնը» (2014 թ.)
«Տեառնընդառաջ. նորապսակներու եւ գարնան աւետաբեր տօնը Հայաստանի մէջ» (2016 թ.)
Նախիջեւանի Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատան աւերման հարցը
2005 թ. դեկտեմբերի դրութեամբ ատրպէյճանական բանակի զինուորներն ու սպաները ամբողջութեամբ ոչնչացուցած են Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանոցի հազարաւոր եզակի խաչքարերն ու տապանաքարերը` անով աւարտին հասցնելով վերջին երկու տասնամեակին մէջ Նախիջեւանի եւ ողջ Ատրպէյճանի տարածքի հայկական քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան ի սպառ ոչնչացման պետական քաղաքականութիւնը:
Վանդալական այս գործողութեան ընթացքին Ջուղայի գերեզմանոցի միջնադարեան խաչքարերն ու տապանաքարերը վերածուած են խճազանգուածի ու նետուած Արաքս գետ: Գերեզմանոցի տարածքին մէջ հրաձգարան կառուցուած է:
Չնայած գոյութիւն ունեցող լուսանկարային ու տեսագրական բազմաթիւ անհերքելի վկայութիւններուն ու ապացոյցներուն, մինչ օրս որեւէ միջազգային կազմակերպութիւն` ներառեալ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ն, համարժէք գնահատական չէ տուած Ատրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով կազմակերպուած եւ իրագործուած այս վանդալական գործողութիւններուն: Ջուղայի խաչքարերու խնդրին մասին յայտարարութիւններ եղած են միջազգային տարբեր ատեաններու մէջ ու հանդիպումներու ընթացքին:
Աւելցնենք նաեւ, որ 2000թ. արեւմտահայերէնը ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի ցանկին մէջ ներառուած է` որպէս ամէնէն վտանգուած լեզու:
Համոզուած ենք, որ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի ցանկին մէջ անպայմանօրէն տեղ կը գտնեն հայկական շատ այլ համբանիշներ, քանզի Արարիչի նախաստեղծ մեր երկիրը կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ, արհեստներու ու արուեստներու բոլոր ճիւղերուն մէջ ունեցած է, ունի եւ պահպանած է հայկական զտարիւն բացառիկ արժէքներ, որոնց շարքին կը դասուին նաեւ հայկական հնագոյն ժայռապատկերները. ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի ցանկին մէջ ատոնք կը դառնան հայկական հարուստ ժառանգութեան իւրօրինակ այցեքարտերէն մէկը: Չնայած ատրպէյճանական նկրտումներուն, քարոզչական հետեւողական աշխատանքին, կեղծիքին (որուն արդիւնքով տոլման համարուեցաւ Ատրպէյճանի ոչ նիւթական համբաւանիշ )` հայկական աւանդական մշակութային եւ ոչ մշակութային արժէքներն իրենց սեփականը համարելու, այնուամենայնիւ, մեր ազգային արժէքներն իրենց արժանի տեղը կը գտնեն ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան շարքին մէջ:
Կարինէ Աւագեան