Քիեւի մէջ Հոկտեմբեր 25-26 Molodist 42-րդ միջազգային փառատօնին ծիրէն ներս իրականացուող Համատեղ արտադրութեան ֆորումի ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է ընտրուած ութ նախագիծերը, որոնց հեղինակները հրաւիրուած են Քիեւ` համագործակցութեան համար: Հեղինակաւոր ֆորումի ընտութեան արժանացած է հայկական “Փարալլելս Ֆիլմ” ընկերութեան “Լուսաւոր շրջան” (բեմադրիչ/ արտադրող` Յովհաննէս Գալստեան) շարժանկարի նախագիծը: Ֆորումին կողմէ ընտրուած եւս մէկ` Թուրքիան ներկայացնող հայ բեմադրիչ Արէն Փերտեցիի “Կորսուած թռչուններ” նախագիծին մէջ “Փարալլելս Ֆիլմ”-ը հանդէս կու գայ իբրեւ հայկական համաարտադրող: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած է Յովհաննէս Գալստեան:
“Լուսաւոր շրջան” նախագիծի ներկայացումը կայացած է այս տարի Մայիսին` Կաննի շարժանկարային շուկային, որմէ ետք “Եւրոպական աուդիովիզուալ ձեռնարկատէրեր” կազմակերպութեան կողմէ “Լուսաւոր շրջան”-ը ընտրուած եւ զարգացած է Եւրոպական հեռանկարային 10 նախագիծերու աջակցութեան` BEST-Baltic bridges east by west ծրագիրին:
Շարժանկարի արտադրութեան կը մասնակցին Հայաստանը, Նորվեկիան, Հոլանտան: Բանակցութիւններ կ’ընթանան ֆրանսական եւ գերմանական շարժանկարային ընկերութիւններու հետ` արտադրութեան համար անհրաժեշտ մնացած միջոցները լրացնելու նպատակով: Շարժանկարի նկարահանումները նախատեսուած են 2013-ի ամրան: Շարժանկարի նախագիծին կ’աջակցի Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնը: