«ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՅԱԹԱՓԵԼՈՒ ԱԴՐԲԵՋԱՆԻ ՓՈՐՁԵՐԸ ՁԱԽՈՂՈՒԱԾ ԵՆ» Դ. ԲԱԲԱՅԵԱՆ
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը՝ իբր թէ 13 Օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 2:30ի շուրջ, Արցախի Հանրապետութեան բանակի ստորաբաժանումները հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են Իւխարի Վէյսալի, Սղնախ գիւղերուն, ինչպէս նաեւ Շուշիի մերձակայքը տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, իրականութեան չի համապատասխաներ: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածեց Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Ակնյայտ է, որ նման կեղծ յայտարարութիւններով ադրբեջանական կողմը հող է նախապատրաստում յետագայ սադրիչ գործողութիւնների համար: ՊԲ (պաշտպանութեան բանակի) ստորաբաժանումները խստօրէն պահպանում են հրադադարի ռեժիմը եւ պատասխան գործողութիւնների են դիմում բացառապէս ադրբեջանական սադրանքներին հակազդելու նպատակով», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, վերջին օրերուն արցախեան-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ արձանագրուած միջադէպերուն, Ատրպէյճանի զինուժի ռազմական սադրանքներուն եւ Արցախի մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակին մասին խօսելով՝ «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ըսաւ, թէ իրավիճակը թէեւ մէկ կողմէ շատ իւրայատուկ է, բայց ընդհանուր առմամբ հանգիստ է:
Բաբայեան շեշտեց, որ կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ զինատեսակներ կը գործածէ Ատրպէյճանի զինուժը Արցախի դէմ, որովհետեւ հիմնական նպատակը նոյնն է` հոգեբանականը եւ աշխարհաքաղաքականը, ոչ թէ ռազմականը:
«Սա բազմաշերտ քաղաքականութիւն է: Նպատակը մէկն է` հայաթափել Արցախը: Իսկ եթէ հայաթափւում է Արցախը` լրիւ այլ իրավիճակ է ստեղծւում ոչ միայն Անդրկովկասում, այլ նաեւ մի հսկայական տարածաշրջանում` Հիւսիսային Կովկաս, Մերձաւոր Արեւելք, Միջին Արեւելք, Կենտրոնական Ասիա, Վոլգայի շրջաններ, Սեւ ծովի աւազան», յայտնեց նախարարը:
Ըստ Բաբայեանի՝ Ատրպէյճան ռազմական եւ այլ միջոցներով կը փորձէ հոգեբանօրէն ազդել Արցախի հայութեան վրայ, վհատեցնել ժողովուրդը, որպէսզի մարդիկ կտրեն իրենց յոյսը եւ փոխեն Արցախի մէջ ապրելու հեռանկարները, սակայն այդ փորձերը ձախողած են: Այս պարունակին մէջ, ան շեշտեց, թէ Արցախի մէջ ապրիլը արդէն իսկ առաքելութիւն դարձած է:
«Մենք պէտք է շարունակենք ապրել այստեղ: Արցախում ապրելը արդէն իսկ, կարելի է ասել, ինչ-որ մի առաքելութիւն է, ոչ թէ լոկ կենցաղային առօրեայ: Հետեւաբար պէտք է հանգիստ վերաբերուենք այդ ամէնին եւ շարունակենք մեր աշխատանքը, մեր ծառայութիւնը: Այդ փորձերն, ի հարկէ, չեն ազդում, բայց պէտք է այնպէս անենք, որ աւելի ամրապնդենք մարդկանց յոյսն ու հաւատը: Դրա համար անհրաժեշտ է համապարփակ, միասնական մօտեցում, ճիշդ աշխարհաքաղաքականութիւն, ճիշդ ներքին քաղաքականութիւն պէտք է վարենք, եւ այլն, եւ այլն», բացատրեց Դաւիթ Բաբայեան` ընդգծելով, որ նախ եւ առաջ ժամանակի կարիք կայ, որպէսզի մարդիկ դուրս գան ճնշումէն: Երկրորդ` պէտք է անսասան հաւատք ունենան, համախմբած ըլլան, եւ երրորդ` տեղ տան գիտութեան, մասնագիտացման եւ հայրենասիրութեան:
«Խնդիրները շատ են, անելիքները շատ են, բայց` միանգամայն իրականանալի, այսինքն` կարող ենք պահել այն, ինչ ունենք», աւելցուց Արցախի արտաքին գործոց նախարարը: