Տիկ Շաքէ Մանկասարեան
Ռատիօ Այգ
Տուպայ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
Ազնիւ Տիկ Շաքէ,
Ուրախութեամբ կ՚իմանամ թէ 21 Սեպտեմբերին, ռատիօ Այգ կը տօնէ իր հիմնադրութեան իններորդ տարեդարձը։ Եւ այս ինչ լաւ զուգադիպութեամբ՝ ծրագրուած թէ այլ, որ հայկական ռատիօժամի մը ծնունդը կը զուգադիպի Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացումի օրուան։
Բայց այս զուգադիպութիւնը պատահական չէ։ Որովհետեւ հայկական ռատիօժամի այս միջոցառումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայուն ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգին պահպանումը ու անոր շարունակականութիւնը։ Եթէ մեր կողմէ սփիւռքի բեմահարթակի վրայ՝ բայց եւ անպայմանօրէն կամրջելով հայրենի իրականութեան հետ։
Եւ այս ինը տարիներուն ընթացքին, ռատիօ Այգը ոչ միայն երգ եւ երաժշտութիւն սփռեց, բայց նաեւ հայկական յայտագիրներ իրենց ամբողջական հասկացողութեամբ։ Իսկ ամբողջականը կ’ը՚նդգրկէ գրական, գեղարուեստական, հոգեւոր, եկեղեցական, ազգային, համասփիւռքեան, պատմա-քաղաքական ու աւելին։ Կայ նաեւ հայրենի իրականութեան հետ ձեր գործնական կապը եւ հաղորդակցութիւնը սփիւռքի ձայն յայտագրին եւ «Արեւմտահայերէն» յայտագրին ընդմէջէն՝ Հայաստանի ռատիոյին հետ։ Ինչ խօսք, որ ռատիօ Այգը եւ անոր առնչակից դիմատետրի էջերը՝ ձեր ղեկավարութեամբ եւ տեսլականով ու ձեր անձնակազմին աջակցութեամբ, մեծ թափ կու տան հայկական մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման, ինչ որ խիստ քաջալերական ու գնահատելի է։
Հայկական սփիւռքը մեծ է, բազմերանգ ու այլազան, ու տակաւին չըսելու համար բարդ։ Այն ինչ որ մեր բոլորին համար կը մնայ կարեւոր առաքելութիւն, հայ մշակոյթի կենսաւորումն է՝ իր ամբողջական հասկացողութեամբ։ Եւ ասիկա հայուն համար կարեւոր ու իրագործելի հրամայական է։ Եւ իւրաքանչիւր ձայն, գործունէութիւն, միջոցառում թէ այլ, սփիւռքի որեւէ անկիւնէն՝ կը նպաստէ այս յանձնառութեան ու կ’երաշխաւորէ հայոց պատմութեան շարունակականութիւնը։
Եւ ռատիօ Այգը, այս իմաստով, ձայն մըն է սփիւռքի մէկ անկիւնէն՝ Արաբական Ծոցի երկիրներու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն։ Եւ այս ձայնը, իր ինը տարիներուն ընդմէջէն, մեծապէս կը նպաստէ հայուն եւ անոր մշակութային ժառանգին պահպանմանը համար տարուող բոլոր ջանքերուն։
Ձեզի եւ ձեր գործակիցներուն կը մաղթեմ ուժ եւ կորով։ Շարունակեցէք ձեր ազգանուէր ծառայութիւնը, բայց մանաւանդ առաքելութիւնը՝ հայ մշակոյթի զարգացման համար։
Շնորհաւոր իններորդ ամեակ ռատիօ Այգին՝ նորանոր ամեակներ նուաճելու տեսլականով։
Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութիւն
Քուէյթ, 22 Սեպտեմբեր 2020