Գերմանաբնակ հայ երգահան, թենոր Մասիս Առաքելեան յունիսին Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ համերգային ծրագիրով հանդէս եկաւ, որ անցաւ լեփ-լեցուն դահլիճի մէջ եւ մեծ արձագանք գտաւ: «Կռունկ, Պոէտի սէրը» խորագիրով համերգի երգացանկին մէջ ընդգրկուած էին Կոմիտասի, Ռոբերտ Շումանի, Արամ Խաչատրեանի, Գրիգոր Տալեանի, Շահէն Սարգսեանի եւ այլ երգահաններու գործերը, ինչպէս նաեւ Մասիս Առաքէլեանի հեղինակային ստեղծագործութիւնները:
Երեկոյի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Մասիս Առաքէլեանի «Պար փոթորիկի մէջ» դաշնամուրի եւ թաւջութակի համար գրուած ստեղծագործութեան առաջնախաղը` դաշնակահարուհի Մարինա Վարդանեանի եւ թաւջութակահար Գոռ Մանթաշեանի մեկնաբանութեամբ: Ստեղծագործութիւնը գրուած է 2015 թուականին:
Երգելով տարբեր երգահաններու ստեղծագործութիւններ` Մասիս Առաքէլեան առանձնակի ջերմութեամբ կը կատարէ Կոմիտասի գործերը. «Կոմիտասէն շատ ոգեւորուած եմ ու այնչափ կը գնահատեմ անոր կատարած աշխատանքը: Կոմիտասի շնորհիւ մոռացութենէն փրկուած են մեր երգերը, որոնք կ՛ապրին առ այսօր: Այդ երգերու շնորհիւ մենք Ցեղասպանութենէն ետք չկորսնցուցինք կապը մեր պատմութեան, մշակոյթին հետ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Մասիս Առաքէլեան:
Երաժիշտը կը նկատէ, որ Սփիւռքի մէջ այսօր նմանօրինակ առաքելութիւն կրնայ կատարել հայ մշակոյթը, որպէսզի այն մարդիկ, որոնք ծնած են ու կ՛ապրին հայրենիքէն հեռու, մօտ ըլլան իրենց արմատներուն. «Ինքս այդ ամէնուն օրինակն եմ: Սփիւռքի մէջ ծնած եմ` Իրանի մէջ, եւ դեռ փոքր հասակէս հնարաւորութիւն ունեցած եմ ծանօթանալու հայկական մշակոյթին: Մայրս շատ լաւ ձայն ունէր, երգչախումբի մէջ կ՛երգէր: Քոյրիկս նոյնպէս լաւ ձայն ունի: Կը յիշեմ, անգամ մը` Նոր տարուան, ան Իրանի ռատիոյով հայերէն երգ կատարեց: Եթէ մշակոյթը չփոխանցենք նոր սերունդին, ինչպիսի կապ կրնանք ստեղծել հայրենիքի հետ: Միակ ճանապարհը մշակոյթն է: Ես ինծի յաճախ հարց կու տամ` մենք դարերու ընթացքին մնայուն ինչ ստեղծած ենք` լեզու, մշակոյթ, որոնք եւ դէպի Հայաստան կամուրջ կրնան ստեղծել Սփիւռքի սերունդներուն համար»:
Գերմանաբնակ երգիչը համերգներ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու` Զուիցերիա, Իրան, Հնդկաստան, Հոլանտա, Յունաստան եւ այլն: «Անցեալ տարի երկար ժամանակ Յունաստանի մէջ էի: Համագործակցելով Աթէնքի հայկական պարախումբին հետ` «Հայկական աւանդոյթներ` պար եւ դասական երաժշտութիւն» խորագիրով բացօթեայ համերգ ունեցանք Ռոտոս կղզիի 13-րդ դարուն կառուցուած պալատին մէջ: Համերգին բաւականին հանդիսատես ներկայ էր, հիմնական` օտարազգիներ: Ինծի համար հայկական մշակոյթը բարձր մակարդակով ներկայացնելն այնչափ կարեւոր է: Չէ՞ որ նաեւ մշակոյթի միջոցով կը ճանչնան մեր երկիրը, անոր պատմութիւնը: Եւ ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի հնարաւորինս շատ տարածենք հայկական երաժշտութիւնը կարենանք աշխարհին ներկայացնել մեր բազմադարեայ մշակոյթը»,-նշեց գերմանաբնակ երաժիշտը:
Մասիս Առաքէլեան Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին եղած է նաեւ Արցախ: Անոր շատ տպաւորած է ու զարմացուցած Արցախի հազարամեայ պատմութիւնը, մշակոյթը: Վստահ է` այնքան հարուստ ժառանգութիւն ունինք, որ անպայման պէտք է ներկայացնել աշխահին: «Շատ կարեւոր է, որ մեր մօտեցումներն աւելի լայն ըլլան: Պէտք չէ սահմանափակուիլ միայն մեզմով: Պէտք է դուրս գանք մեր սահմաններէն ու մեր կատարած աշխատանքը նաեւ հասանելի դարձնենք օտարին: Առաջին անգամ կ՛երթայի Արցախ, Ստեփանակերտը շատ գեղեցիկ, մաքուր քաղաք է, իսկ արցախեան բնութիւնը բառերով հնարաւոր չէ նկարագրել: Արցախի մէջ ամէն ինչ շատ խաղաղ էր, մարդիկ լաւ տրամադրութիւն ունէին, հանգիստ էին, ուրախ եւ ամենեւին ալ լարուած չէին»,- նշեց Մասիս Առաքէլեանն ու աւելցուց, որ կը ցանկար ելոյթ ունենալ նաեւ Արցախի մէջ: Այս անգամ երգելու հնարաւորութիւն ունեցած է միայն Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ: Երբ այցելած է եկեղեցի, չէ կրցած զսպել զգացմունքներն ու կատարած է Կոմիտաս: Երգիչը կարեւոր կը համարէ նաեւ եկեղեցիներու մէջ դասական երաժշտութեան համերգներու կազմակերպումը, որ ընդունուած է եւրոպական շատ երկիրներու մէջ:
Մասիս Առաքէլեան թէեւ այսօր կ՛ապրի Գերմանիա, սակայն յաճախ համերգներով կ՛երթայ ծննդավայր` Իրան: 2016 թուականին Թեհրանի օփերայի թատրոնին մէջ առաջին անգամ ներկայացուցած է հայկական դասական երաժշտութիւնը, խօսած Հայոց ցեղասպանութեան մասին դահլիճի մը մէջ, ուր հանդիսատեսի 85 տոկոսը պարսիկ եղած են: Նոյն թուականին «Կռունկ եւ երկխօսութիւն» խորագիրով համերգ ունեցած է Թեհրանի արուեստագէտներու տան մէջ, ուր ներկայացուցած է հայկական ստեղծագործութիւններ եւ պարսկական հին բանաստեղծութիւններու հիման վրայ գրուած երգեր:
Լուսինէ Աբրահամեան