ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
13 Մայիս 2023-ին, Սարդարապատի թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ, ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐ» միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած Սարդարապատի յուշահամալիրի 55 եւ Հայոց ազգագրական թանգարանի 45 ամեակին։ Զեկոյցները բաժնուած էին երեք մասնաճիւղի միջեւ․ ա/ Ազգաբանութիւն, բանագիտութիւն, հնագիտութիւն․ բ/ թանգարանագիտութիւն․ գ/Էթնոսոցիոլոգիա, Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններ։ Այս առթիւ հրատարակուած գիրքին մէջ տրուած է յայտագիրը եւ բոլոր զեկոյցներուն ամփոփումը՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն։
Ես առաջին մասնաճիւղին մէջ ներկայացուցի «ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂՆԵՐԸ» նիւթը, հայերէնով։ Ահաւասիկ ամփոփումը․
Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ կան հայութեան վերագրուող հնագիտական, պատմական, ճարտարապետական յուշարձաններու, նաեւ յուշակոթողներու բազմաթիւ նմոյշներ։
Սուրիոյ հայկական յուշակոթողները առանձին յուշարձաններ են, անոնք կրնան ըլլալ խաչքար, խաչարձան, որմնաքանդակ, արձան, կիսանդրի, աղբիւր-յուշարձան, յուշաքար եւ այլն։ Անոնք տեղադրուած են առհասարակ հայկական հաստատութիւններու՝ եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ ակումբներու շրջափակերուն եւ գերեզմանատուներու մէջ։
Յուշակոթողները ունին մակագրութիւն, ուր կը նշուին տեղադրող կողմը, նախագծող եւ իրագործող արուեստագէտները, թուականը։ Անոնք տեղադրուած են յարանուանական թեմական իշխանութիւններու, միութիւններու, կուսակցութիւններու եւ անհատներու կողմէ։
Կան 53 յուշակոթող եւ շուրջ 25 կիսանդրի։
Ասոնց գլխաւոր նպատակը դաստիարակչականն է՝ յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական ակնոցով դիտած հայ ինքնութեան հաստատումը։
Ըստ բովանդակութեան՝ Սուրիոյ հայկական յուշակոթողները կարելի է խմբաւորել այսպէս՝
— Հայոց ցեղասպանութեան եւ վերականգնումին նուիրուած յուշարձաններ, կը կոչուին Ապրիլեան յուշարձաններ կամ պարզապէս «Ապրիլ 24»։ Ապրիլեան յուշակոթողներ կան Քեսապ՝ 2․ Դամասկոս՝ 3, Գամիշլի՝ 1, Լաթաքիա՝ 2, Ռաս-ուլ Այն՝ 2, Տէր Զօր՝ 4, Հասիչէ՝ 1, Մարկատէ՝ 1, Մելքիէ՝ 1, Հալէպ՝ 8։ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին կը համարուի համալիր, ուր Բացի Յարութեան սիւնը յուշարձանէն շրջափակին մէջ տարբեր կողմերու մակագրութեամբ տեղադրուած են այլ յուշակոթողներ եւս։
— Սուրիացի նահատակներու յուշարձան՝ Ռաս ուլ-Այն։
— Օսմանեան կայսրութեան մէջ մեր գոյամարտին համար ինկած նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողներ՝ Մարաշ, Զէյթուն, Տարօն-Տուրուբերան, երեքն ալ Հալէպ։
— Հայ ազատագրական պայքարի նորագոյն էջերուն նուիրուած յուշակոթողներ՝ Լիզպոնի նահատակներ եւ 44 օրեայ պատերազմ եւ այլն, Հալէպ։
— Հայոց պատմութեան որոշ դրուագներու, ինչպէս Գիրերու գիւտին, Հայոց Այբուբենին եւ պետականօրէն քրիստոնէութեան դարձին 1700 ամեակի առթիւ նուիրուած յուշարձաններ։
— Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Մայր Աթոռ Էջմիածնի Հայրապետներու կողմէ տրուած այցելութիւններու առթիւ տեղադրուած յուշակոթողներ՝ Տէր Զօր եւ Դամասկոս։
— Գլխաւորաբար Եկեղեցական, կուսակցական, միութենական դէմքերու եւ բարերարներու շուրջ 25 կիսանդրիներ։
Անդրադարձ եղաւ անոնց վիճակուած ճակատագրին մասին եւս։