Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը Հոկտեմբեր 17-ին մասնակցած է առաջին անգամ Ֆլորենս քաղաքին մէջ կազմակերպուած Հայկական մշակոյթի օրերու բացման: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն: Բացման ներկայ եղած են նաեւ Դոսգանայի մարզպետարանի եւ Ֆլորենսի քաղաքապետարանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Հայկական մշակոյթի փառատօնը “Ռոմուալտօ Տել Պիագօ” իտալական հիմնադրամի, Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանի, “Տելթա Գոլչր” հայկական կազմակերպութեան համատեղ ծրագիր է, որ իրագործուած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ:
Փառատօնին ծիրէն ներս տեղի ունեցած են հայկական ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէս, հայկական ճարտարապետութեան նուիրուած ցուցահանդէս, ժողովրդական երաժշտութեան համերգ, կլոր-սեղան եւ թատերական ներկայացում: Ձեռնարկներուն ներկայացուած են Հայաստանի ու արտերկրի մէջ ստեղծագործող հայ արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ Երեւանի ճարտարապետութեան ու շինարարութեան պետական համալսարանի ուսանողներ:
Փառատօնի ձեռնարկները իրականացուած են Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան, Իտալիոյ մշակոյթի նախարարութեան, Դոսգանա մարզի եւ Ֆլորենսի քաղաքապետարանի հովանիի ներքոյ: