Հայկական ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները այսօր՝ Ուրբաթ առաւօտեան, Արցախի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ ջախջախած են թշնամիի մէկ ինքնաթիռ եւ անօդաչու թռչող սարք:
Սոյն յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:
« Արցախի սահմանի երկայնքով մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին: Թշնամիի՝ առանձին հատուածներու մէջ մեր զօրքերու պաշտպանութիւնը ճեղքելու փորձերը կը ձախողին».աւելցուց Ստեփանեան: