Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրողները եւ անոր ետին կանգնողները նպատակ ունէին ոչ միայն Հայաստանն ու Կիլիկիան հայութենէն պարպել, այլ նաեւ հայոց գալիք սերունդներուն միտքէն ի սպառ վտարել հայրենիքի մասին դոյզն յիշատակ մ’իսկ: Սակայն, թուրքերը եւ զանոնք առաջ մղողները չյաջողեցան իրենց «առաքելութեան» մէջ: Այսօր մենք՝ հայերս կը յիշենք ու պիտի յիշենք մեր յաւերժական հայրենիքը եւ ապրինք մեր փառապանծ անցեալով՝ նոր շունչ, իմաստ եւ ոգի տալով մեր գոյութեան: Մեծ Եղեռնէն առաջ զուտ հայաբնակ Տոմարծա կամ Ծամնդաւ աւանի պատմութիւնն ու յիշատակը կրկին լոյսին կը բերենք, որպէսզի չմոռնանք մեր պատմութիւնը եւ անկէ ոյժ առնելով՝ միշտ ի մտի ունենանք մեր հայրենիքին բռնագրաւուած հատուածներու ազատագրութեան սրբազան գործը:
Յովհաննէս Աւագ Սարկաւագ Տոմարծացին (Թորոսեան) բարի նախանձախնդրութիւնն ու կորովը ունեցած է աւերակուած Տոմարծային՝ իր ծննդավայրին պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնն ու հերոսական մարտնչումներուն յուշերը գրի առնելու եւ հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու իր հեղինակած «Պատմութիւն Հայ Տոմարծայի (Տեղեկագրական-Պատմագրական-Ազատագրական)» խորագրեալ եռահատոր գիրքով, որ հրատարակութիւնն է Տոմարծայի Հայրենակցական Միութեան Հրատարակչական Կեդրոնական Յանձնախումբին (տպարան «Սեւան», Պէյրութ, Ա. եւ Գ. հատոր՝ 1959, Բ. հատոր՝ 1969, գումարային 2936 էջ):
Տոմարծա կը գտնուի Կեսարիոյ իշխող Արգէոս լեռան արեւելեան ստորոտին: Տոմարծայի հարաւը կը տարածուի լեռնադաշտ մը, որ կ’երկարի մինչեւ Անդրտաւրոսեան լեռներուն փէշերը: Յիշենք թէ դէպի Տէր Զօր բռնագաղթի ճամբուն վրայ, Գրիգորիս Ծայրագոյն Վարդապետ Պալաքեան աքսորականներու խումբով անցաւ Տոմարծայէն ու այս լեռնադաշտէն, ձմռան ցուրտ եղանակին կտրեց Տաւրոսեան լեռները, ու թրքաբնակ Կազպէլ գիւղը, Հաճընը, Սիսը եւ Կարս Պազարը հատելով, տարուեցաւ Ամանոսի լեռները, ուրկէ ան փախուստ տուաւ (տե՛ս իմ պատրաստած «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան» մատենաշարի Ա. գիրքը, Պէյրութ, 2010, էջ 120):
Արգէոսի շրջանը իր լեռնահովիտով բնակելի էր դեռ Քրիստոսէ առաջ երկրորդ հազարամեակին՝ հիթիթեան կամ հաթեան պետութեան ժամանակ: Յետագային ուրիշ իշխանութիւններ եկան գրաւելու տարածքը եւ իրենց կեդրոնական հողամաս ունեցան Արգէոսի շրջանն ու Մաժակ (Կեսարիա) քաղաքը: Այդ շրջաններուն մէջ ժողովուրդը առաւելաբար բնակութիւն հաստատեց Արգէոս լեռան եւ Ծամնդաւ գետին միջեւ գտնուող լեռնահովիտին մէջ:
Արգէոսի լեռնահովիտին վրայ կան բլրակներ, որոնց վրայ ժողովուրդը մեհեաններ կառուցած էր: Մեծն Տիգրան աշխարհակալ թագաւորին օրերուն հայեր սկսան բնակութիւն հաստատել Տոմարծայի մէջ:
Շրջանին ժողովուրդը մեծապէս կ’օգտուէր լեռնադաշտին բերք ու բարիքներէն: Տոմարծայի բնակչութիւնը կը մշակէր լեռնադաշտին հողերը, երկրագործութիւնն ու անասնաբուծութիւնը թափ առած էին շրջանին մէջ: Հոն կ’արածէին ոչխարներ, եզներ, կովեր եւ այլ ընտանի կենդանիներ: Դաշտին մէջ կային տեսակաւոր թռչուններ ու սողուններ: Դարերու ընթացքին հայերը հողերուն տէրը դարձեր էին: Օսմանեան բռնատիրութիւնն ու շահագործման դրութիւնը այս շրջանները չէին մտած եւ Տոմարծայի հայերը ազատօրէն կը բանէին դաշտերուն մէջ: Իւրաքանչիւր ընտանիք հողաշերտի մը տէրն էր եւ 4-5 եզ կը պահէր:
Ինչպէս նշեցի, քրիստոնէութեան առաջին դարերուն արդէն Տոմարծա բնակուած էր հայերով: Սակայն արեւմուտքէն հռոմէացիներու, իսկ արեւելքէն պարսիկներու յարձակումներուն պատճառաւ, ժողովուրդը ստիպուեցաւ գաղթել հռոմէական հակակշռին տակ գտնուող տարածութիւններ (ինչպէս սահմանամերձ Կապադովկիա)՝ ապահով եւ խաղաղ կեանք ունենալու յոյսով:
Բագրատունեաց հարստութեան անկումով, վերջին թագաւոր Գագիկ Բ. Բագրատունին ու աքսորական հայրապետները, նախարարներն ու իշխանները այս շրջաններն ալ ապաստանեցան եւ իրենց ժողովուրդով լեցուցին քաղաքներն ու գիւղերը: Սակայն հայոց աւագանին հոս երջանիկ եւ անկախ կեանք չկրցաւ ունենալ. Բիւզանդական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հալածանքներուն պատճառաւ, անոնք իրենց ենթականերուն հետ ընդամէնը կիսանկախ վիճակի մէջ գոյատեւեցին:
Շրջանին մէջ Փիլարտոս Վարաժնունի հայ իշխանը հիմնեց հայկական ազատ իշխանութիւն մը 1080-ին: Տոմարծայի շրջանի Կոստաղոն աւանի կառավարիչ, խիզախ եւ յանդուգն սասունցի Ռուբէն իշխան իր հետեւորդներով զօրավիգ կանգնեցաւ Փիլարտոսին: 1080-էն ետք, երբ Բիւզանդական Կայսրութիւնը տեղի տուաւ սելճուքեան արշաւանքներուն առջեւ, զարմանալիօրէն, հայերը աւելի «ներող եւ բարեացակամ» ոյժի մը առջեւ գտնուեցան: Թէեւ սելճուքները ջնջեցին հայոց եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն քաղաքական կիսանկախութիւնը, սակայն միւս կողմէ, կրօնական ազատութիւն եւ առանձին եպիսկոպոսական աթոռ ունենալու իրաւասութիւն տուին հայութեան, ինչը նպաստեց ազգապահպանութեան: Տոմարծայի շրջանին մէջ հայերը հիմնեցին եկեղեցիներ, վանքեր եւ ուրիշ սրբատեղիներ, որոնց մէջ դաստիարակուեցան գրողներ, մատենագիրներ, կրթական եւ կրօնական մշակներ, ինչը բիւզանդացիք զլացած էին հայութեան:
Սելճուքեան տիրապետութիւնը կարճատեւ եղաւ: Իրարու ետեւէ արշաւեցին մոնկոլ- թաթարներ եւ թուրքեր, որոնք կողոպտեցին եւ սպաննեցին հայերը: Թուրքերու իշխանութիւնը հայոց համար աղէտ դարձաւ: Անոնք կրակի տուին եւ աւերեցին հայոց բազմաթիւ սրբավայրերը: Այս մասին Յովհաննէս Ա. Սարկաւագ Տոմարծացի կը գրէ. «Թուրքերը աւերեցին եւ այրեցին շատ մը հայկական գիւղեր, քաղաքներ եւ սրբավայրեր, զորս աւերակներու վերածեցին, բնակչութիւնը ջարդեցին եւ մնացողները, սարսափած ու լեղապատառ, գաղթականութեան դիմեցին դէպի հեռաւոր երկիրներ» (էջ 9): Քսաներորդ դարու սկիզբը այդ սրբավայրերու աւերակներ կը տեսնուէին Տոմարծայի մօտակայ Կէօսթերէի եւ Աւշարի շրջաններու գիւղերուն մէջ, որոնք ամբողջովին թուրքերով բնակուած էին:
Օսմանեան սուլթաններու ժամանակաշրջանին Տոմարծա աւանը կը պատկանէր Անգարայի կուսակալութեան Կեսարիոյ գաւառի կամ սանճաքի Տեվէլու-Էվերէկ գաւառակին, իբրեւ Կէօսթերէ գիւղախումբին կեդրոնը: Դատական հարցերով՝ Տոմարծա Կեսարիոյ եւ Էվերէկի իրաւասութեան մէջ կ’իյնար:
1915-ին հայոց ջարդերու, ձերբակալութիւններու եւ բանտարկութիւններու, ինչպէս նաեւ բռնագաղթի հրամանները Անգարայէն եկած էին: Այս մասին Յովհաննէս Ա. Սրկ. Տոմարծացի կ’ըսէ. «Անմիջապէս կը տարուինք մտածելու 1915 թուականի սեւ օրերու յիշատակներու մասին, երբ թրքական կեդրոնական կառավարութիւնը, հայերը ի սպառ ջնջելու հրաման կ’արձակէր կուսակալութեանց. կուսակալներէն ոմանք, մարդկայնօրէն խղճահար՝ կ’ըմբոստանային այս ոճրային հրամանը գործադրելու արարքին դէմ եւ անմիջապէս կեդրոնական կառավարութեան կողմէ կը փոխանակուէին իթթիհատական արիւնարբու նոր կուսակալներով եւ տեղակալներով»:
Հայոց ապտիւլհամիտեան հալածանքներուն եւ կոտորածներուն ժամանակ Տոմարծայի հայերը «չախմախլու թիւֆենկը իրենց ուսերուն եւ փալա դանակը մէջքին» ոչ միայն պաշտպանեցին Տոմարծան, այլ նաեւ գործակցեցան Զէյթունի ու Հաճընի քաջերուն հետ եւ օգնեցին անոնց, դէմ դրին թրքական եւ քրտական աւազակաբարոյ ցեղերուն՝ պաշտպանելով իրենց պատիւը, ընտանեկան սրբութիւններն ու ունեցուածքը:
Տոմարծայի հայոց խիզախութեան եւ քաջութեան համար՝ շրջանի թուրքերը խոր յարգանք կը տածէին հայոց հանդէպ, պատկառանքով կը վերաբերէին անոնց ու կ’ըսէին. «Տոմարծայի կեավուրը, ի պահանջել հարկին, կարող է թուրքին ցոյց տալ իր պոզ ապայի տակէն փալադանակի (երկար, մօտ մէկ մեթր դանակ, կախուած՝ գօտիէն) եւ ղըթլըխի (35 սանթիմեթր երկարութեամբ՝ ոչխար խուզելու մկրատ) ծայրը»:
Ներկայիս ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցի Տոմարծայի պատմութիւնը եւ աշխարհագրական դիրքը շրջապատին հետ առընչութիւններով: Հետագային աւելի մօտէն պիտի կեդրոնանամ Տամարծայ գիւղաւանին վրայ:
Յարութիւն Իսկահատեան