Հայկական «Լուռ Երկխօսութիւն» ժապաւէնը արժանացաւ Սոչիի կարճամեթրաժ ժապաւէններու միջազգային ֆիլմարուեստի փառատօնին երրորդ գլխաւոր մրցանակին:
Հայազգի բեմադրիչ Էմար Տուոշի ժապաւէնը կը նկարագրէ ռեստորանի մը մէջ ճաշող երկու զոյգերու ոդիսականը: Չսիրելով իր զոյգընկերոջը՝ կերպարներէն իւրաքանչիւրը դիմացի սեղանը նստող ամոլին հետ կը կապէ երջանկանալու յոյսը: Ըստ էութեան, ժապաւէնը կը մեկնաբանէ կեղծ սիրոյ եւ անկէ բխող դաւաճանութեան հետեւանքները