Դոկտ. Մինաս Գոճայեան-Լոս Անճելըս
Կիլիկեան Տաւրոսի մաքրամաքուր աղբիւրներէն յորդացած Սիհուն գետի ափին գտնուող Ատանա քաղաքէն էին Հրաչ Մանուկեանի ծնողները։ Ան Կիլիկեան Տաւրոսի բարի հսկաներու արտաքին մը ունէր՝ պարթեւահասակ, հայկեան դիւցազնի մը տեսքով եւ դիմագիծով։ Ան հպարտութիւնն էր Լիբանանի ՀԵԸ-ի պասքեթպոլի խումբին՝ նախ մարզիկ, ապա մարզիչ։ Լիբանանեան մարզական ակումբները հազարներ պիտի տային այսպիսի մարզիկ մը ունենալու համար իրենց խումբերէն ներս։
ՀԲԸՄիութեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան (ՄԿՀ) մարզական գուռային մէջ ծներ էր ան, հո՛ն թրծուեր էր որպէս հայ, մարդ եւ մարզիկ, ապա, անմիջապէս Պէյրութ վերադսռնալէ ետք արժանաբար ընտրուեր էր ՀԲԸՄիութեան հռչակուած Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանի մարզանքի ուսուցիչ եւ մարզիչ։
Պասքէթպոլը իր տարերքն էր, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը՝ իր տունը։
1959-ին առանձնաշնորհումը կունենայի յաճախելու Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը, ուր կ’իշխէին կարգ ու կանոն եւ տնօրէն Պրն. Արա Թօփճեանի կարգապահական բարձր չափանիշերը։ Մարզանքը ետ պէտք չէ մնար, այլ պէտք է բարձրացնէր վարժարանի պատիւն ու վարկը։
Մարզանքի պահերը կը բաղկանային զանազան մարզաձեւերէ՝ շուէտական մարզանքներ, վազք, պասքէթպոլ, վոլիպոլ։ Եւ այս բոլորը յաջողութեամբ կը ղեկավարէր մեր երիտասարդ, Սթիվ Ռիվզը (Steve Reeves) յիշեցնող Պրն. Հրաչը՝ նուազ մկանուտ արտաքինով։
Պասքէթպոլի միջ-ակումբային եւ լիբանանեան մրցումները մեր՝ աշակերտներուս տարերքն էին. պատուի հարց կար՝ հայու, ՀԵԸ-ականի եւ Յովակիմեանցիի պատիւն էր խնդրոյ առարկան։ «Չենք հարդուրժի պարտութիւն»ն էր մեր նշանաբանը։ Ի՜նչ խանդավառութեամբ եւ «կեցցէ»ներով կը հեռանայինք դաշտերէն։ Յաղթե՜ր էինք, «պարսիկը փախե՜ր էր»։ Օրե՜ր, օրեր ցնծութեան եւ ինքնութեան հաստատման։
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կազմակերպած բարձր մակարդակի Նաւասարդեան խաղերը մեզի համար Ողիմպիական խաղերու չափ կարեւոր էին, իսկ երբ այդ մասին տեղական օտարագիր մամուլը կը բարեհաճէր ժլատ տողեր նուիրել Լիբանանեան եւ ինչու չէ նաեւ Միջին-արեւելեան մակարդակի մեր խաղերուն, հպարտութենէն սիրտերնիս կ’ուռէր, իսկ եթէ պատահէր որ մէկ քանի նկարներ ալ զետեղէին, ապա անոնցմէ մէկուն մէջ կ’երեւար կատարեալ ցատքով մը Պրն. Հրաչը, որ գնդակը կը զետեղէր կողովին մէջ՝ շրջապատուած Վարդգէս Պալեանով եւ Ստեփան Գասապեանով։
Տարիները անցան եւ այդ սերունդի աշակերտներէն շատեր վերադարձան ՀԲԸՄիութեան, ծառայեցին որպէս անդամ, վարչական, արի-արենոյշ, մարզիկ, ուսուցիչ, հասարակական գործիչ եւ յաջող գործարար։ Ես եղայ այդ սերունդին քիչերէն մէկը, որ նուիրուեցաւ մանկավարժութեան՝ նախ ՀԲԸՄիութեան Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան, ապա Քալիֆորնիոյ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս։ Իմ պաշտօնավարութեանս ընթացքին մեր ուսուցիչներէն շատեր «ընկերացան» որպէս տիպար դաստիարակ, ուսուցիչ եւ հայրենասէր անձնաւորութիւններ։ Անոնց մեծ մասը գրեթէ լոյսերու մէջ կը հանգչի այժմ՝ ամէն մէկը իր լուսաճաճանչ գահին բազմած։ Անոնց յոյլին միացաւ նաեւ Պրն. Հրաչ Մանուկեան։ Տարիներ ետք ան եղաւ նաեւ մեր հոգաբարձուն ՄԿՀ-ի մէջ։ Ան իր ծառայութեան ընթացքին իր նպաստը բերաւ որպէս հայ ուսուցիչին պաշտպան եւ անոր սատար կեցող առանցքային անձ մը։ Կարճ ատեն ետք մենք իր մէջ տեսանք մեր ցաւերը հասկցողն ու պաշտպանը։
Կեանքը լի է անակնկալներով։ Ինծի համար այդ հաճելի անակնկալներէն մէկն էր այն պարագան, երբ ե՛ս եղայ իմ ուսուցիչներէս ոմանց զաւակներուն ուսուցիչը։ Անոնցմէ էին Պրն. Հրաչի շնորհալի եւ յառաջադէմ դուստրը Թամարը եւ մանչը՝ հօրը հասակով Ալեքը, որոնք կազմեցին իրենց ընտանեկան բոյները։
Պրն. Հրաչ Մանուկեանի կեանքին նոր գեղեցկութիւն մը հաղորդեցին իր զաւակները՝ կարծես թէ աւելի երիտասարդացաւ ան, բայց անակնկալ ու դժբախտ մահը կնոջ՝ Շաքէին, տակն ու վրայ ըրաւ իր սիրտն ու հոգին։ Յուզումով լեցուեցան իր օրերը, բայց ան բարկութեամբ չնայեցաւ կեանքին՝ զաւակները կային հոս, ովկիանոսի այս ափին, պէտք էր անոնց մօտ ըլլալ եւ օրերը լեցնել անոնց ներկայութեամբ ու յաջողութիւններով։
ԱՄՆ-ի այս ափերուն ան ունեցաւ երկու տուն՝ զաւակներուն տունն ու ՀԲԸՄիութեան կեդրոնը։ Ոչ մէկ ձեռնարկ կը փախցնէր եւ առաջին եկողներէն մէկը կ’ըլլար։ Առիթով մը ելոյթ պիտի ունենայի Կլէնտելի Քաղաքային գրադարանին մէջ. կազմակերպիչները մեծ թիւով հանդիսականներ կը սպասէին նկատի առնելով օրուան առիթը։ Օր մը առաջ Պրն. Հրաչ հեռաձայնեց ըսելու համար թէ ցաւով այս անգամ պիտի չկրնայ ներկայ գտնուիլ։ Հանգստացուցի զինք եւ խնդրեցի որ իր առողջութեան հետեւի։ Յաջորդ օրը երեկոյեան ան եղաւ առաջին ներկայացողներէն մէկը՝ քանի մը բարեկամներ ալ հետը բերելով։
– Պրն. Գոճայեան,- ըսաւ ինծի,- չդիմացայ, ըսի որ միշտ ներկայ գտնուած եմ քու բոլոր ելոյթներուդ, այս մէկուն ալ կ’ուզեմ ներկայ ըլլալ։
Ինծի կը մնար երախտագէտ նայուածքով մը շնորհակալութիւն յայտնել իրեն։
Տակաւին շատ թարմ է իմ վերջին հանդիպումս 2020-ի Յունուարին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ՝ Մելգոնեան բարերար եղբայրներու աւանդական հոգեհանգստեան առթիւ։ Այդ օրերուն մտահոգութիւններէս մէկն էր Պրն. Հրաչի առողջական վիճակը, որովհետեւ շատոնց լուր չունէի իրմէ։ Ուրախութեամբ թօթուեցի ձեռքը եւ ուրախութիւնս յայտնեցի զինք այսպէս առոյգ տեսնելուս համար։
– Պրն. Մինաս, ես եւ մեր ընկերներն ալ քեզմով մտահոգուած էինք եւ յաճախ կը հեռաձայնէինք տիկնոջդ, ուրախացանք որ ամէն ինչ յաջող անցեր է։ Ես բնա՛ւ չեմ փախցներ Մելգոնեան Բարերար եղբայրներու հոգեհանգիստն ու ոգեկոչման նուիրուած հոգեճաշը։
Սիրելի ուսուցիչ, գալիք տարի այլեւս քեզ ալ պիտի չտեսնանք անմահ Բարերարներու տօնին, բայց պիտի յիշենք քեզ հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին։ Ափսո՜ս, հազար ափսոս, որ համաշխարհային այս վարակին պատճառով չկրցանք աշակերտներով, բարեկամներով, միութենականներով եւ կուսակցական ընկերներով յաւուր պատշաճի տալ մեր վերջին հրաժեշտը։
Խունկ ու աղօթք քու յիշատակիդ։