Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Հայկ Դեմոյեան հրատարակած է գիրք մը, ուր ամփոփուած են հայկական ազգային խորհրդանշանները:
«Հայկական ազգային խորհրդանշաններ» խորագիրով գիրքը նուիրուած է հայ տպագրութեան 500ամեակին եւ տպագրուած է «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ:
Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 25 Յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայկ Դեմոյեան նշեց, որ աշխատութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տարբեր աղբիւրներէ առնուած լայնածաւալ նիւթի հիման վրայ ներկայացուած են հայկական մատենագրութեան, ճարտարապետութեան, պատկերաքանդակներու, լուսանկարներու եւ նիւթական մշակոյթի այլ օրինակներու մէջ պահպանուած հայկական զինանշանները, դրօշները, պետական ու ազգային խորհրդանշանները:
«Տարբեր դարաշրջաններում դառնալով ազգի ոգեշնչման եւ յաղթանակի գրաւական՝ այս խորհրդանշանները հայ պետականութեան եւ ազգային համախմբման իւրօրինակ վկայութիւններ են», յայտնեց Հայկ Դեմոյեանը:
Պատմաբանը յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր պետութիւն արտաքին աշխարհին կը ներկայանայ իր խորհրդանշաններով՝ դրօշով, զինանշանով եւ պետական քայլերգով: «Այս խորհրդանշանները իւրօրինակ էներգետիկայով օժտուած լինելով՝ ազգային հպարտութեան եւ արժանապատուութեան լիցք են հաղորդում տուեալ երկրի քաղաքացիներին», ըսաւ ան։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ողջունեց շնորհահանդէսի բոլոր մասնակիցները եւ կարեւոր նկատեց Հայկ Դեմոյեանի կատարած աշխատանքը: Նախարարը խորհրդանշական համարեց այն հանգամանքը, որ շնորհահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի զինուած ուժերու 21րդ տարեդարձին առիթով: «Սա պէտք է զինուորականների համար իւրատեսակ դասագիրք եւ սեղանի գիրք լինի», շեշտեց պաշտպանութեան նախարարը:
Մենագրութիւնը կը ներառէ նաեւ մինչեւ օրս անյայտ կամ քիչ հասանելի եղած նիւթեր եւ փաստեր: Հայկական զինանշանային համակարգի ուսումնասիրութիւնը տարբեր հետազօտողներու յատուկ ուշադրութեան արժանացած է։