Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն, Սպիտակ Տան տարածաշրջանային հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավար պիտի նշանակէ Հայկ Հաճինազարեանը:
Սոյն որոշումը նշուած է ընտրուած նախագահ Ճօ Պայտընի եւ փոխնախագահ Քամալա Հարիսի միացեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Լիբանանահայ ծնողներու զաւակ Հայկ, ծնած է Օհայիօ նահանգի Գոլումպոս քաղաքին մէջ:Ան Աւարտած է Ինտիանայի համալսարանը եւ Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի քաղաքական կառավարման բաժինը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին, Հայկ Հաճինազարեան, Ճօ Պայտընի նախընտրական արշաւի մամլոյ քարտուղարի պարտականութիւնը ստանձնած էր Փենսիլվանիոյ մէջ: