Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի նախագիծի համաձայն Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր աշխատողէն ամսական հազար դրամ պիտի պահուի Հայոց բանակին համար: Շատեր սիրով պիտի տան, ուրիշներ դէմ ըլլալով հանդերձ եթէ որոշում ընդունուի ակամայ պիտի տան այս հազար դրամը: Դէմ եղողներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը, վստահ եմ առանց որոշման ալ կու տան այդ դրամէն շատ աւելին Հայոց բանակին, կասկածէ վեր է անոնց հայրենասիրութիւնը, անոնք կը կասկածին հաւաքուելիք դրամին երթալիք հասցէին…
Ամէն կասկածէ վեր է մէկ ճշմարտութիւն.-
ՀԱՅՈԳ ԲԱՆԱԿԸ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը եկաւ փաստելու, որ մեր բանակը հակառակ զինուորներու անձնազոհութեան շատ աւելի հեռու է մեր կարծածէն, մենք դէմ դիմաց կանգնեցանք դաժան իրականութեան առջեւ եւ … մեր պարտութիւնը բարոյական յաղթանակի վերածեցինք: Այսքանը կրնա՞նք ընդունիլ:
Եթէ կ’ուզենք խուսափիլ ապագայի պարտութիւններէն,
Եթէ կ’ուզենք անձնական պատասխանատուութիւն չկրել ապագայի պարտութիւններուն համար,
Եթէ կ’ուզենք մասնակից դառնալ ապագայի յաղթութիւններուն,
Ապա պէտք է այսօր մասնակցինք մեր բանակի կառուցման-վերակառուցման-արդիականացման:
Նուազագոյնը որ կրնայ ընել ամէն մէկ հայ ուր ալ որ գտնուի ան, նիւթապէս օգտակար դառնալն է:
Չմոռնանք՝
Սփիւռքը հայոց բանակին նիւթապէս օգնած է տակաւին Առաջին Հանրապետութեան օրերուն:
Յիշենք՝ Սփիւռքը յանուն Հայաստանի իր նիւթական աջակցութիւնը բերած է նոյնիսկ Խորհրդային բանակին՝ Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի օրերուն:
Այսօր մենք չենք կրնար ձեռնածալ նստիլ որովհետեւ Հայաստանի մէջ այս կամ այն, ժողովուրդի հաշուին դղեակներ կը կառուցէ կամ Հայաստանէն դուրս ապարանքներ կը գնէ: Այդ մասին հաշիւ կրնայ պահանջել Հայաստանի ժողովուրդը:
Մենք, անկախ անկէ թէ Պաշտպանութեան նախարարին նախագիծը օրէնք կը դառնայ կամ ոչ, որպէս հայ ազգի անբաժան մասնիկ, որուն հայրենիքին մէկ մասնիկն է այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ որուն պաշտպանութիւնը ստանձնած է Հայոց բանակը, պարտաւոր ենք օգնել այս բանակին:
Անձամբ ես, կու գամ յայտնելու, որ իմ աշխատավարձիս մէկ մասը ամէն ամիս Հալէպի մէջ գործող Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան միջոցաւ պիտի տրամադրեմ Հայոց բանակին, վստահ եմ, բազմաթիւ հալէպահայեր պիտի հետեւին օրինակիս, իրենց շահածը բաւէ կամ ոչ իրենց ընտանիքի ապրուստին, ի պահանջեալ յարկին անոնք իրենց ստացած օգնութենէն մաս մը պիտի տրամադրեն մեր գոյութեան ամենակարեւոր ազդակներէն մէկուն՝ Հայոց բանակին:
Միւս կողմէ, կը կարծեմ որ հաւաքուած գումարներու լաւագոյն օգտագործման միջոցը զանոնք ռազմական գիտութեան զարգացման տրամադրելն է, որովհետեւ ինչպէս գիտենք անչափ սուղ են արդիական զէնքերը, իսկ հայ ժողովուրդը Հայաստանի հանրապետութեան մէջ, շնորհիւ իէ գիտնական զաւակներուն ատակ է զարգացնել յոյժ էական այս գիտութիւնը:
Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ, 12 Նոյեմբեր 2016