Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ- Baikar 100
Վանի նահանջը տեղի ունեցած էր 1915-ի Յուլիսին: Այդ ընթացքին Վեր. Արսէն Ա. Կէօրկիզեան իր անցած վայրերուն վիճակը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ իր յուշագիրքին՝ «Մեր Ազգային Գոյապայքարը – 1915-1922, Զուլումի Տարիներ» (հրատարակուած իբրեւ «Զարթօնք»ի թերթօն թիւ 63, Պէյրութ, 1967, միջակ չափի 505 էջ) էջ 45-ի մէջ. «Մեր անցած ճանապարհին վրայ, ամէն քայլափոխին, լուսնակի շողերուն տակ, կը տեսնէինք ջարդուած սայլեր, կառքեր, ֆուրկոններ, տնային իրեղէն, փակ ու բաց սնտուկներ, պղինձէ ամաններ, ինքնաեռներ (սամավար), բեռներով ցորեն, տոպրակներով ալիւր. մէկ խօսքով` ամէն, ամէ՜ն բան: Եւ ինչ որ աւելի սարսափելի էր՝ դիակներ, դիակնե՜ր, նորածին երեխաներէն մինչեւ հասակաւորներ: Մեզմէ առաջ, կռուի սարսափէն փախչող գաղթականներուն կը պատկանէին այդ բոլորը, որոնք ամէն ինչ լքած՝ միայն իրենց կեանքերը ազատելու աշխատած էին»:
Վանի նահանջին հետեւանքով վանեցիները Հայաստանի արեւելեան հատուածին մէջ ցիր ու ցան կ՛ըլլան: Անոնց մեծ մասը ապաստան կը գտնէ Էջմիածնի, նաեւ Թիֆլիսի մէջ: Քանի մը հարիւր ընտանիք Պաքու կը մեկնին, որոնց մէջ էր Վեր. Արսէն Կէօրկիզեան իր ընտանիքով: Հոն ան կ՛իմանայ թէ Վանի նահանջէն ետք, Ճեւտէթ պէյ 500 ասկեարներով «քաջաբար» Վան մտած էր: Սակայն ան երկար ժամանակ չէր կրցած Վանը իր ձեռքին մէջ պահել՝ իմանալէ յետոյ թէ ռուսական հինգերորդ զօրամասի հրամանատար Չորնիզուպով, որ Սալմաստ կը գտնուէր այն ատեն, հրաման ստացած էր դէպի Վան յառաջանալու: Զօրավար Կուլիպեկով նոյնպէս դէպի Վան կը յառաջանայ Իգտիրէն անցնելով: Շատ չանցած Վանը կրկին ռուսական հակակշիռին տակ կը մտնէ:
Այդպիսի դժուար պայմաններու տակ նահանջած Վանի հայութիւնը կարճ ժամանակ ետք Թիֆլիսի մէջ կը վերակազմակերպուի: «Վանտոսպ» եւ «Աշխատանք» թերթերը կը սկսին վերահրատարակուիլ բազում ճիգերով, առաջինը Թիֆլիսի մէջ իսկ երկրորդը՝ Երեւան: Հայ ազգային գործիչները խորհրդակցական ժողովներ կը գումարեն Վան վերադառնալու նպատակաւ: Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը «Վանտոսպ»ը վերահրատարակելով նպատակադրած էր արեւմտահայ գաղթական ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնել արեւելահայ ղեկավարներուն: Գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կովկասահայերը բացասական դեր կը կատարէին՝ յանուն արեւմտահայութեան ազատագրութեան մղուած պայքարին մէջ: «Վանտոսպ» այս վնասակար արարքը կը մտնանշէր եւ անոր դարման գտնելու կերպերը կ՛առաջադրէր: Թիֆլիսի մէջ արեւելահայ թէ արեւմտահայ պատասխանատուները խորհրդակցական ժողով մը գումարելէ յետոյ կ՛որոշեն կազմել մարմին մը, որ նախ «Նպաստամատոյց» եւ ապա «Հայաստանի Վերաշինաց Յանձնախումբ» անունը կը կրէ: Այս յանձնախումբին մէջ գլխաւորաբար գործունեայ դեր կը վերցնէ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը: Յանձնախումբը «Արեւմտահայ գիւղացին իր հողին վրայ աշխատանքով ապրեցնելու ծրագիր» մը կը մշակէ եւ Կովկասեան իշխանութեան կը դիմէ Վանի տեղական միլիս մը կազմելու եւ հաստատելու որոշումի գործադրութեան օգնութեան համար: Առաջարկը կ՛ընդունուի եւ Արմենակ Եկարեանի գլխաւորութեամբ 200 հոգինոց միլիս մը կը կազմուի: Սահմանադրական Ռամկավար կուսակցութիւնը քաղաքապետութեան, ոստիկանութեան եւ հաշտարար դատարանի պաշտօններուն համար թեկնածուներ կ՛առաջադրէ:
Ռուսական իշխանութիւնը գնդապետ Տէրմէնը Վանի նոր կառավարիչ կը նշանակէ: Թիֆլիսի մէջ հրատարակուող «Մշակ» թերթի խմբագիր՝ Համբարձում Առաքելեան մօտէն ծանօթ էր Տէրմէնի: Վերջինս Առաքելեանին կ՛առաջարկէ որ սահմանապահ գունդ մը կազմուի իրեն հետ Վան մեկնելու համար: Առաքելեան կը թելադրէ Արմենակ Եկարեանի առաջնորդութեամբ արդէն իսկ կազմուած գունդը տանիլ Վան: Տէրմէն համաձայն կը գտնուի առաջարկին եւ ռուսական բանակէն գունդ մը ու Արմենակ Եկարեանի միլիսները դէպի երկիր մեկնելու պատրաստութիւններ կը տեսնեն:
Արմենակ Եկարեանի զինեալ խումբի կազմութեան օրերուն նոր կամաւորական շարժում մը սկսած էր հայոց մէջ, մանաւանդ ամերիկահայութեան մօտ: Բազմաթիւ երիտասարդներ դէպի Կովկաս կը փութային ծառայելու համար Հայաստանի ազատագրութեան գործին, ուր որ հարկ էր: Այս նպատակին համար Ամերիկայէն եկած էին Վերակազմեալ հնչակեաններ գլխաւորութեամբ հարիւրապետ Ճիմ Չանգալեանի եւ ռամկավարներ գլխաւորութեամբ Մուշեղ Բազէեանի: Այս երկու խումբերը կը միանան Արմենակ Եկարեանի խումբին: Իսկ Կովկասի մէջ 1000-է աւելի հայ երիտասարդներ կը սպասէին միանալու համար նոր կամաւորական շարժումին:
1915-ի հոկտեմբերեան օր մը Տէրմէն 200 կոզակներուվ Թիֆլիսէն ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Վան: Օր մը ետք Մուշեղ Բազէեան եւ Նազարէթ Պուռնութեան ալ իրենց խումբերով Ճմաբայ կ՛ելլեն: Անոնց կը հետեւի վանեցի ժողովուրդը: Ամենէն ետեւէն կը քալէ Արմենակ Եկարեան իր 70 հոգինո խումբով իբրեւ յետսապահ: Բոլորն ալ առանց միջադէպի Վան կը հասնին, բացի Բազէեանի խումբէն, որ ճամբան թեթեւ ընդհարում մը կ՛ունենայ թշնամիին հետ: Առաջին հերթին կամաւորները Վան վերադարձած ժողովուրդը կանգուն մնացած տուներու մէջ կը տեղեւորեն: Ապա անոնք կը հաւաքեն ու կը թաղեն հոս ու հոն մնացած դիակները:
1915-1916 ձմրան Վան վերադարձող ժողովուրդին թիւը 10 հազարի կը հասնի: Հայ գիւղացիները կ՛երթան իրենց ստացուածքները կը ստանձնեն ու կը սկսին արտերուն մէջ աշխատիլ գարնան: Ռուսական իշխանութեան օգնութեամբ ամէն կողմ պահակագունդեր կը զետեղուին, նոյնիսկ հեռաւոր տեղեր եւ հայ գիւղացին ապահով կ՛աշխատի իր հողին վրայ: Բացի «Հայաստանի Վերաշինութեան Յանձնաժողով»էն «Կովկասի Բարեգործական Ընկերութիւն»ը, «Հայ Գիւղատնտեսական Ընկերութիւն»ը եւ աւելի ուշ «Ռուսական Քաղաքներու Միութիւն»ը հայ գիւղացիներուն լծկան եզներ ու սերմնացու կը հայթայթեն: Անդրանիկի եւ Քեռիի խումբերու ներկայութիւնը Վանի մէջ յաւելեալ ոյժ կը ներշնչեն վերադարձած հայոց: Ներգաղթը հետզհետէ կ՛աճի եւ Վանի բնակչութեան թիւը 40 հազարի կը հասնի 1916-ի ամրան:
Ամերիկեան «Նիր Իսթ Ռիլիֆ» մարդասիրական կազմակերպութիւնը իր երկու գործունեայ պաշտօնեաներուն՝ Տոքթ. Մէք Քալըմի (Կ. Պոլսոյ մէջ հրատարակուած ու դադրած «Աւետաբեր» շաբաթաթերթի խմբագիր) եւ անգլիացի հարիւրապետ Կրէյսի միջոցաւ օգնութիւն կը փութացնէ հայրենադարձ Վանի ժողովուրդին: Անշուշտ այս օգնութեան նպատակը անշահախնդիր չէր, այլ կը ձգտէր մօտիկ ապագային Միջագետքէն դէպի Պաքու եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները արշաւելու պատրաստ անգլիական բանակին օգտակար դառնալու հեռանկարով խարիսխ պատրաստել:
Տէրմէնի եւ Եկարեանի գլխաւորութեամբ Վանի մէջ ապրելու բաւականաչափ բնականոն պայմաններ կը ստեղծուին: Վանի եւ շրջակայ գիւղերու ամբողջ հայութիւնը գործունեայ վիճակի մէջ կը դրուի: Դժբախտաբար սակայն, պատերազմը կը շարունակուի աւելի ուժգին դառնալով եւ ռուսական բանակի կրկին նահանջելու մասին շշուկներ կը շրջին: Ռազմաճակատէն հասած լուրերը բաւական յուսահատութիւն կը բերեն ժողովուրդին: Սակայն եւ այնպէս Արմենակ Եկարեան աւելի քան վճռակամ կ՛ըլլայ այս անգամ երբ խօսքը իր ազատամարտիկներուն ու ժողովուրդին ողղելով կ՛ըսէ.
«Ներկայ պայմաններու տակ, պէտք չէ շատ յոյս դնել ռուսական կառավարութեան վրայ: Դուք ձեր սեփական ոյժին կռթնելու էք, մոռնալով ձեր ներքին վէճերը: Պէտք է խորհիք ձեր մասին, ձեր ապագայի մասին: Հիմա մանաւանդ, որ շատ դիւրութիւններ ու հնարաւորութիւններ ունիք. եթէ չկարենաք զանոնք օգտագործել եւ պատեհութիւնը փախցնէք, մեղաւորը դուք եք: Այժմ ռուսական բանակը հսկայական պաշար ունի հաւաքած Արեւմտահայաստանի ազատագրեալ վայրերուն մէջ: Եթէ կարենաք ձեր բոլոր գործօն ոյժերը հաւաքել մէկ նպատակի շուրջ, ես վստահ եմ, որ պիտի կարենաք ձեր ապագան ապահովել»:
Դժբախտաբար սակայն, Վանի մէջ կը գտնուին մորթապաշտ ու թուլամորթ այլ կուսակցութեանց պատկանող պատասխանատուներ, որոնք դոյզն վտանգի պարագային կ՛ուզեն անմիջապէս նահանջել եւ Թիֆլիսի տաք անկիւններուն մէջ ծուարիլ: Այսպիսիներն են որ կը խթանեն Վանէն հեռանալու գաղափարը եւ ժողովուրդին մէջ անվստահութեան զգացում կը սերմանեն, ամբողջ դրական մթնոլորտը մթագնելով, պատճառ դառնալով անբաղձալի ողբերգութեան՝ երկրորդ նահանջին: