Գրեց՝ ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ – ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ
Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ արժէքաւոր բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կատարած ծանօթ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի նոր մէկ յօդուածը, որ 2019 Ապրիլին թրքերէնով լոյս տեսած է «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ, akunq.net-ի համար արեւելահայերէնի թարգմանած է Մելինէ Անումեան։ Ստորեւ, մեր կողմէ արեւմտահայերէնի փոխադրուած տարբերակը.-
Պատմաբան Թաներ Աքչամ կ՚երթայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ կարեւոր դեր կատարած Պահաէտտին Շաքիրի` Հայոց բնաջնջման մասին երկու նամակներու հետքերով եւ ցոյց կու տայ, թէ ինչո՛ւ պէտք է անհիմն համարուին այն առարկութիւնները, թէ այդ նամակները «բնօրինակ» չեն:
Արամ Անտոնեան 1921-ին հրապարակած էր Հալէպի Գաղթականութեան գրասենեակին մէջ աշխատած օսմանցի պաշտօնեայի մը` Նայիմ էֆենտիի յուշերը: Իրականութեան մէջ ատիկա սովորական յուշագրութիւն մը չէր. Նայիմ էֆենտի իր ձեռագրով պատճէնած էր Հայոց բնաջնջման մասին հրամաններ պարունակող 52 օսմանեան փաստաթուղթ:
Բացի ատկէ, Նայիմ էֆենտի Անտոնեանին յանձնած էր 26 փաստաթուղթերու բնօրինակները: Անտոնեան ատոնցմէ 14-ին լուսանկարները հրատարակած էր իր գիրքին մէջ: Ատոնց երկուքը Պահաէտտին Շաքիրի նամակներն էին` ուղղուած Ատանայի պատուիրակ Ճեմալ պէյին:
Առաջին նամակը կը կրէ 3 Մարտ 1915 թուականը: Շաքիր նամակին մէջ կը գրէ. «Կուսակցութիւնը որոշեց հայրենիքը փրկել այդ անիծեալ ժողովուրդէն (Հայերէն) եւ այս հարցին մէջ օսմանեան պետութեան պատմութեան վրայ մնալիք արատին պատասխանատւութիւնը առնել իր` ազգային պատուի տէր ուսերուն վրայ: Կուսակցութիւնը, որ մինչեւ կոկորդը վրէժխնդրութեան զգացումով լեցուն է իրերայաջորդ դէպքերու պատճառով եւ չի կրնար մոռնալ իր չարաբախտ եւ ցաւալի անցեալը, ապագայի նկատմամբ յոյսով լեցուն ըլլալով` վճռած է ոչնչացնել Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր Հայերը` նոյնիսկ մէկ հոգի ողջ չձգելով, եւ այդ հարցին մէջ լայն իրաւասութիւն շնորհած է կառավարութեան: Կառավարութիւնը նահանգապետերուն եւ բանակի հրամանատարներուն կու տայ անհրաժեշտ բացատրութիւններ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կատարուի սպանելով ոչնչացնելու գործողութիւնը: Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան բոլոր պատուիրակները իրենց գտնուած վայրերուն մէջ կը զբաղին այդ հարցով, անոնք թոյլ պիտի չտան, որ ոեւէ Հայ պաշտպանուի, կամ վերջինիս օգնութեան հասնին (ընդգծումը իմս է – Թ.Ա.):
7 Ապրիլ 1915 թուակիր յաջորդ նամակին մէջ կը կրկնուի Պահաէտտին Շաքիրի նոյն արտայայտութիւնը. «Ինչպէս գրուած է նաեւ 18 Փետրուար 330-ին (3 Մարտ 1915-ին) թուակիր նամակին մէջ, կուսակցութիւնը այսուհետեւ իր որդեգրած ճամբուն վրայ որոշած է այսօր այլեւս արմատախիլ ընել ու ոչնչացնել տարիներէ ի վեր իր հետ ընդհարում ունեցած զանազան ուժերը եւ ափսո՜ս, որ ստիպուած է այս հարցին մէջ շատ արիւնոտ միջոցներու դիմելու: Հաւատացէք, որ մե՛նք էլ կը ցաւինք, որ այդ միջոցները սարսափելի պիտի ըլլան: Սակայն կուսակցութիւնը այլ ճամբայ չի տեսներ» (ընդգծումը իմս է – Թ.Ա.):
Անտոնեան չէր գիտեր, որ այդ ստորագրութիւնները կը պատկանին Շաքիրին
Անտոնեանի` 1937-ին Զուիցերիա բնակող Մարի Թերզեան անունով իր հայ ընկերուհիին գրած մէկ նամակին շնորհիւ կը հասկնանք, որ Անտոնեան Շաքիրի նամակները հրատարակելու ատեն տեղեակ չէր, որ ատոնց հեղինակը Շաքիրն է: Թերզեան Անտոնեանին կը հարցնէ՝ «ինչո՞ւ չես նշած, որ Ճեմալ պէյին գրուած երկու նամակներուն հեղինակը Պահաէտտին Շաքիրն է»: Անտոնեան կը պատասխանէ. «Գիրքիս հրատարակման ատեն չէի գիտեր, որ այդ նամակները Պահաէտտին Շաքիրին կը պատկանին»: Այդ պատճառով իր գրքին մէջ կը նշէ. «[Նամակները»] կը կրէին պարզ ծածկանուն մը, ամենայն հաւանականութեամբ կուսակցութեան` Պոլսոյ կեդրոնական կոմիտէի անդամներէն մէկուն ծածկանունն էր ատիկա»: Անտոնեան իր գիրքին հրատարակութենէն ամիսներ ետք միայն կը տեղեկանայ, որ ստորագրութիւնը կը պատկանէր Շաքիրին. ան այդ մասին կ՚իմանայ, երբ կ՚երթայ Պերլին` Թալէաթ փաշայի սպանութեան դատավարութեան ներկայ գտնուելու: Հոն իրեն յանձնուած թերթերու կտրօններուն մէջ էր նաեւ «Սապահ» օրաթերթէն կատարուած թարգմանութիւն մը: «Սապահ» գրած էր, որ գիրքին մէջ տպագրուած նամակները կը պատկանին Պահաէտտին Շաքիրին, եւ` վերահրատարակած էր զանոնք: Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Սապահ»-ին նամակ գրած է Անտոնեան եւ այդ թերթին խմբագրութենէն տեղեկացած է, որ նամակին տակ դրուած ստորագրութիւնը կը պատկանէր Շաքիրին:
Շաքիրի այդ երկու նամակները, ինչպէս նաեւ Թալէաթ փաշային պատկանող որոշ հեռագրերու բնօրինակները կ՚ընդգրկուին Թեհլիրեանի դատավարութեան թղթածրարին մէջ: Անտոնեան կը նշէ` «Փարիզ վերադառնալէ ետք կատարեցի զանոնք ձեռք ձգելու երկու փորձ, սակայն` ապարդիւն» եւ կ՚աւելցնէ` «Դեռ հոն ըլլալու են»: Սակայն հետագայ տարիներուն, Թեհլիրեանի դատական գործի թղթածրարին մէջ զանոնք գտնելու բազմաթիւ ուսումնասիրողներու, ներառեալ` իմ ջանքերը ապարդիւն եղան: Անտեսանելի ձեռք մը հոնկէ վերցուցած էր այդ փաստաթուղթերը:
Թրքական պատմագիտական հիմնարկը 1983-ին հրատարակեց գիրք մը, ուր առաջին հայեացքով բաւական համոզիչ թուող որոշ փաստարկներով կ՚ընդգծուէր, որ ե՛ւ Նայիմ էֆենտիի յուշերը ե՛ւ Պահաէտտին Շաքիրին պատկանող նամակները կեղծ են: Շաքիրի նամակներու կեղծ ըլլալուն վերաբերեալ առաջ քաշուած դրոյթներուն մէջ ամենակարեւորը այն կէտն էր, թէ Ատանա ղրկուած նամակը ի՞նչ գործ ունէր Հալէպի այն գրասենեակին մէջ ուր՝ կը պնդուի թէ աշխատած է Նայիմ էֆենտի: Քանի որ այդ առարկութիւնները տրամաբանական ու համոզիչ կը թուէին, ուսումնասիրողները կը նախընտրէին չօգտագործել Շաքիրի նամակները եւ միւս վաւերագրերը: Այդպէսով, անտեսուեցաւ Շաքիրի այն արտայայտութիւնը, թէ՝ 3 Մարտ 1915-ին վճռուեցաւ բնաջնջել Հայերը:
Ստորագրութիւնները կը պատկանին Պահաէտտին Շաքիրին
Այլեւս հարկ է նոր մօտեցումով անդրադառնալ Շաքիրի նամակներուն: Ես իմ վերջին աշխատասիրութեան միջոցով ցոյց տուի, որ Անտոնեանի հրապարակած Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւնը եւ այդ փաստաթուղթերը բնօրինակ են: Իմ ուսումնասիրութեան ընթացքին յայտնաբերեցի նաեւ, որ նամակներուն տակ դրուած Պահաէտտին Շաքիրի ստորագրութիւնը եւս բնօրինակն է, սակայն այդ փաստը ցայսօր չէի հրապարակած: Այդ ստորագրութիւններուն Պահաէտտին Շաքիրին պատկանիլը կարելի է ապացուցել երկու տարբեր աղբիւրներու միջոցով: Առաջին աղբիւրը «Շուրայը Ումմեթ» թերթն է, որու սիւնակներուն մէջ առկայ է Շաքիրի ստորագրութիւնը, որ կը համապատասխանէ նամակներուն մէջ գտնուող ստորագրութեան: Իսկ երկրորդ կարեւոր աղբիւրը Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան փարիզեան մատեաններն են, որոնք թրքերէնի թարգմանուած են 2017-ին եւ որոնց բնագրերը՝ խտասալիկով կցուած են հատորին: Այդ գիրքին մէջ առկայ են Պահաէտտին Շաքիրին պատկանող շուրջ 100 ստորագրութիւններ: Այդ մատեաններուն մէջ գտնուող Շաքիրի ստորագրութիւնը կը համապատասխանէ նամակներուն տակ դրուած ստորագրութեան:
Այլեւս ոչ միայն կարելի է ապացուցել, որ ստորագրութիւնները բնօրինակներն են, այլեւ` այդ նամակներու բնագիր չըլլալուն վերաբերեալ առաջ քաշուած ամենակարեւոր դրոյթներէն մէկուն եւս (ըստ որուն` Ատանայի պատուիրակ Ճեմալին ուղղուած նամակը ի՞նչ գործ ունի Հալէպի մէջ) անհիմն ըլլալը: Անտոնեան իր գիրքին մէջ կը յայտնէ, որ պատուիրակ Ճեմալ պէյը նամակները ստանալէ ետք Ատանայէն գացած է Հալէպ, ուր մեծ ջանասիրութեամբ աշխատած է Հայոց կոտորածներու ծրագրի իրագործման համար: Ըստ Անտոնեանի՝ Ճեմալ պէյը Հայերի աքսորն ու բնաջնջումը կազմակերպելու համար Պոլսէն ուղարկուած եւ որպէս Հալէպի վերաբնակեցման եւ գաղթականներու տնօրէն աշխատած Շիւքրիւ պէյի ամենամեծ աջակիցն է:
Մեր ձեռքին տակ գտնուող օսմանեան արխիւային փաստաթուղթ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Անտոնեանի հաղորդած այդ տեղեկութիւնը ճիշդ է: Ճեմալ պէյը իրօք Հալէպի մէջ նշանակուած է Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան պատուիրակ: Ճեմալի դէմ պատերազմէն յետոյ դատական գործ յարուցուած է Հայոց աքսորի եւ բնաջնջման հարցին մէջ ունեցած դերին պատճառով:
Պահաէտտին Շաքիրի նամակին մէջ առկայ է կարեւոր տեղեկութիւն մը եւս: Շաքիր կը նշէ, որ պետութիւնը բանակի հրամանատարներուն եւ նահանգապետերուն կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի կատարուի բնաջնջումը: Վարչապետարանի օսմանեան արխիւին մէջ կան Շաքիրի նամակէն 11 օր ետք Էրզրում, Վան, Պիթլիս, Էլազըղ եւ Տիարպեքիր նահանգներուն ուղղուած երկու տարբեր հեռագրեր, որոնց մէջ նշուած արտայայտութիւնները ցոյց կու տան, որ այդ տեղեկութիւնը կը համապատասխանէ իրականութեան: Հեռագրերէն մէկուն մէջ կը հաղորդուի, որ` «Հայոց դէմ գործողութիւններուն ձեռնարկուելիք անհրաժեշտ միջոցներու առնչութեամբ հարկ է դիմել բանակի երրորդ հրամանատարութեան»:
Այդ նամակները մեզի կը մատնանշեն հետեւեալ փաստը (նամակներ, որոնց բնօրինակ ըլլալուն մասին որեւէ կասկած չի կրնար ըլլալ). Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն որոշում ընդունած է Հայերու բնաջնջման վերաբերեալ եւ այդ որոշումը կայացուած է 3 Մարտ 1915-ին:
Շաքիր մասնակցա՞ծ է Կեդրոնական կոմիտէի ժողովին
Եթէ ճիշդ է 3 Մարտ 1915-ին բնաջնջման մասին որոշում կայացուած ըլլալու տեղեկութիւնը՝ ապա հարկ է կեդրոնանալ այլ հանգամանքի մը վրայ եւս: Անկարելի է, որ Պահաէտտին Շաքիր մասնակցած ըլլայ Կեդրոնական կոմիտէի այն ժողովին, որու մասին նշած է իր նամակին մէջ. 1914 Օգոստոսէն ի վեր Պոլիս չէր գտնուեր: Ան, Յատուկ կազմակերպութեան գործողութիւնները համակարգելու նպատակով Էրզրում գացած էր, սակայն հոն եւս չմնալով` Կովկասի մէջ ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն շրջած էր այդ շրջաններուն մէջ եւ կատարած՝ իր պարտականութիւնները: Երրորդ բանակի հրամանատար Հաֆըզ Հաքքը փաշայի` տիֆէ մահանալէն յետոյ ան 14 Փետրուարին Էրզրումի նահանգապետ Թահսինի կողմէ հրատապ կանչուած էր Էրզրում: Այսինքն, 3 Մարտ 1915-ին, երբ կը գրուէր նամակը, Շաքիր Էրզրում կը գտնուէր:
Այդ պարագային՝ պէտք է որ Կեդրոնական կոմիտէի նշեալ նիստին մասին, զոր կը յիշատակէ Շաքիր, իրեն հաղորդուած ըլլայ հեռագրի միջոցով: Մեր ձեռքին տակ բաւականաչափ ապացոյցներ կան առ այն, որ Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէն Էրզրում գտնուող Շաքիրի հետ յաճախ հաղորդակցած է հեռագրերու միջոցով: Օրինակ` Թալէաթ փաշայի կողմէ 26 Նոյեմբեր 1914-ին «խիստ գաղտնի» ծածկագրով ուղարկուած հեռագրի մը մէջ կը պահանջուի, որ «Կեդրոնական կոմիտէի հետ… նամակագրական կապ հաստատելու համար Պահաէտտին Շաքիր իր նստավայրէն Էրզրում կանչուի»: Շաքիր, ի պատասխան այդ պահանջին՝ 29 Նոյեմբեր 1914-ին եկած է Էրզրում եւ հաղորդած, որ պատրաստ է «հրամանին»: Սխալ չ՚ըլլար ենթադրել, որ ան բնաջնջման մասին որոշումը ստացած է նմանատիպ հաղորդակցութեան մը միջոցով:
Կ՚ուզեմ կրկնել Նայիմ էֆենտիի յուշերուն եւ Թալէաթ փաշայի հեռագրերուն բնօրինակ ըլլալու հանգամանքը հիմնաւորելու առիթով գրածս. այլեւս ոչ մէկ կարելիութիւն մնացած է 1915 թուականի մասին սուտը տոպրակին մէջ սղմեցնելու: Ըլլան աջակողմեան թէ ձախակողմեան, ազգայնամոլ թէ ազատական, այլեւս բոլորն ալ ստիպուած են դադրեցնելու ստերի ետին թաքնուիլը եւ սկսիլ ըսելու` «Այո՛, եղբա՛յրս, այս պատմութեան ընթացքին պատահած են նման գէշ բաներ»:
Եթէ անոնք սկսին ատիկա ընդունելու, պիտի տեսնեն, որ այսօր երկրին խնդիրներուն ամենամեծ պատճառը սուտի պատի ետին թաքնուիլն է: Երկրի վաղուան լոյսը կախեալ է անցեալի մթութեան վրայ լոյս սփռելէն:
Պահաէտտին Շաքիր կեդրոնական դեր կատարած է Հայոց բնաջնջման հարցին մէջ
Պահաէտտին Շաքիր Հայոց ցեղասպանութեան մասին որոշումի կայացման եւ գործադրման ամենամեծ ճարտարապետներէն մէկն է: Ան 4 Յուլիս 1915-ին հեռագիր մը կը յղէ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան Խարբերդի տեսուչ Նազըմ պէյին: Այդ հեռագրին նպատակը Հայոց աքսորն ու բնաջնջումը համակարգելն է: Հեռագրին մէջ Շաքիր կը նշէ. «Այդտեղէն աքսորուող Հայերը կը զտո՞ւին: Այն վնասակար անձերը, որոնց մասին հաղորդեցիք, աքսորուելո՞վ կը հեռացուին, կը բնաջնջուի՞ն, թէ՞ միայն կը ղրկուին: Բացայայտ կերպով տեղեկացուցէք, եղբայրս»:
Այդ հեռագիրը կարդացուած է Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած դատական նիստի ընթացքին եւ նպաստած՝ որ Պահաէտտին Շաքիր հեռակայ կարգով մահուան դատապարտուի:
Պահաէտտին Շաքիր որպէս Յատուկ կազմակերպութեան ղեկավար՝ 1914 Օգոստոսին գացած է Էրզրում` այդ հաստատութեան գործողութիւնները կազմակերպելու նպատակով: Կարճ ժամանակի մէջ այս շրջանին իր կատարած դիտարկումներուն վրայ հիմնուելով` ան համոզուած է, որ Հայերը բնաջնջուած են եւ տարբեր թուականներու Պոլիս հեռագրեր ղրկած է, ուր կը նշուի, որ` «Պարտադիր Պոլիս գալու կարիքը կը զգամ, որ կարենամ աւելի օգտաւէտ կերպով յայտնել իմ պահանջները եւ տամ այն բացատրութիւնները, զորս կարելի չէ թուղթի միջոցով հաղորդել»:
Հակառակ իր այդ հեռագրերուն` 1914 թուականի կէսերէն մինչեւ 1915 Փետրուար ան մնացած է Կովկաս, Արդուին-Արտահան շրջաններուն մէջ եւ Յատուկ կազմակերպութեան միաւորումները ղեկավարած է ընդհարումներու ընթացքին: Շաքիր վերջին անգամ Էրզրում գացած է 1915-ի կէսերուն եւ հոնկէ հեռագրերու միջոցով կատարուած բանակցութիւններու ժամանակ իր ղրկած նամակներէն ի յայտ կու գայ, որ ան յաջողած է համոզել Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէն` Հայերը բնաջնջելու որոշում կայացնելու հարցին մէջ: 1915 Մարտի երկրորդ կէսին Պոլիս եկած Շաքիր Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին հետ քննարկած է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է իրագործել բնաջնջման որոշումը եւ տեղի ունեցած շարք մը ժողովներուն յաւելեալ որոշումներ ընդունուած են Ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ: Պահաէտտին Շաքիրի ամենամտերիմ ընկերներէն մէկուն` Արիֆ Ճեմիլի համաձայն՝ երբ Շաքիր 1915 Ապրիլի սկիզբը Էրզրում եկած էր, կացութիւնը բոլորովին յստակացած էր եւ «Տեղահանութեան մասին որոշումը»` կայացուած:
Շաքիրի նշանակութիւնը եւ ազդեցութիւնը չեն սահմանափակուիր միայն Հայոց բնաջնջման վերաբերեալ Պոլսոյ կեդրոնի կողմէ որոշման կայացումով: Մեր ձեռքին տակ գտնուող փաստաթուղթերէն կը պարզուի, որ 1914 Դեկտեմբերի սկիզբը Պահաէտտին Շաքիրի ղեկավարած Յատուկ կազմակերպութիւնը որոշած է բնաջնջել Վանի եւ Պիթլիսի շրջակայքը գտնուող հայկական որոշ խումբ մը: Էրզրումի մէջ կայացուած եւ Պոլիս հաղորդուած այդ որոշումին մէջ նշուած է. «Թէ՛ կեդրոնը եւ թէ՛ շրջակայ բնակավայրերուն մէջ հիմակուընէ պէտք է ձերբակալել ա՛յն Հայերը, որոնք ունակ են առաջնորդելու անկարգութիւնները: Եթէ նկատուի, որ Հայեր կը յարձակին մահմետականներու վրայ, զանոնք ոչնչացնելու համար հարկ է իսկոյն Պիթլիս ղրկել…»:
Այդ փաստաթուղթին վրայ հիմնուելով` կրնանք արձանագրել, որ Պիթլիսի ու Վանի մէջ ապրող կասկածելի Հայերը բնաջնջելու մասին որոշում մը կայացուած է 1914 Դեկտեմբերի սկզբէն իսկ, Պահաէտտին Շաքիրի ղեկավարութեան տակ գործող Յատուկ կազմակերպութեան` Էրզրումի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ:
Եզրակացնելով` կրնանք ըսել, որ անկարելի է Հայոց ցեղասպանութիւնը հասկնալ, առանց հասկնալու Պահաէտտին Շաքիրի` այս հարցին մէջ կատարած դերը:
Թ.Ա.