Յարութիւն Իսկահատեան-Պայքար 121
Պատմաբան դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին երկար տարիներ ուսումնասիրած է Հայոց Եկեղեցին թափանցելով անոր խորքային իմաստին մէջ, հեռու մակերեսային մօտեցումէ: Այս պատճառաւ ան Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական եւ դաւանաբանական մօտեցումը ընդգծած է իր արաբալեզու այս գիրքին յառաջաբանին մէջ, որ խորագրած է «Հայ Եկեղեցին Եւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ Անոր Դիրքը», հրատարակուած «Ռիչըրտ Եւ Թինա Գարոլան Հիմնադրամ»ի շարքին մէջ, Թիւ 3, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, 2008, 423 էջ մեծ չափի, Անթիլիաս, Լիբանան:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին առաջին հերթին կը մատնանշէ Հայ Եկեղեցւոյ ամուր հաւատքը եւ կ’ըսէ. «Հաւատքը ամբարելիք բանի մը չի նմանիր: Ան նիւթական չէ: Հաւատքի առատութիւնը սահման չունի որովհետեւ ան լեցուն է վստահութեամբ: Աստուծոյ պարգեւն է ան, ինչպէս կ’ըսէ սարկաւագ Իլիաս Պարաքաթ»: Պատմաբանը հաւատքի մասին կը մէջբերէ Մարթին Լութըր Քինկի խօսքը. «Սարսափը երբ դուռը թակեց, Հաւատքն էր որ բացաւ դուռը ու տեսաւ թէ ոչ ոք կայ հոն»: Այս ուղիով է որ կ’ընթանայ Հայ Եկեղեցին կ’ըսէ հեղինակը: Այս արտայայտութենէն կը հետեւցնենք թէ հաւատքը ամէն մտավախութիւն կը սրբէ եւ կ’անհետացնէ ու անոր համար է որ հաւատացեալը անվախ կը քալէ ու կը յառաջանայ մինչեւ իսկ դէպի մա՛հ, մարտիրոսութիւն… Հայոց Եկեղեցին ամուր հաւատքով է որ կրցած է նահատակ սուրբեր տալ պահելու համար Հայ Ազգին գոյութիւնը, կ’աւելցնէ հեղինակը (էջ 18):
Հայ Եկեղեցին իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս կը գոյատեւէ եւ կը պահէ ազգը, նոյնիսկ հայոց պետականութեան բացակայ ժամանակաշրջաններուն, եւ պետութեան դերը կը կատարէ, կ’ըսէ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին: Եկեղեցին հայոց տուած է Մեսրոպ Մաշտոցը, այսինքն հայերէն այբուբէնը: Ան ազգին տուած է Ներսէս Շնորհալին եւ Գրիգոր Նարեկացին: Տուած է պատմաբաններ եւ մատենագէտներ ինչպէս Անանիա Շիրակացին, Փաւստոս Բիւզանդը, Եղիշէն եւ ուրիշներ (էջ 19):
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին հայոց պետականօրէն քրիստոնէութեան ընդունման 1700 ամեակին առիթով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին ըսած հետեւեալ միտքը կը մէջբերէ. «Թոյլ տուէք իմ գնահատանքս յայտնել Քրիստոսի հանդէպ հայ ազգին հաւատարմութեան, այն հաւատարմութիւնը որ բռնատիրութիւն եւ նահատակութիւն ճաշակեց» (էջ 20): Իսկ անկէ 150 տարի առաջ՝ 1854ին Հռոմի Գրիգորիս 13րդ Պապը վկայած է հայ ազգին պատմական գոյութեան եւ բարի անունին մասին, ըսելով. «Հայ ազգը հաստատ մնաց իր հաւատքին վրայ ու գոյատեւեց» (էջ 21): Հեղինակը այս մէջբերումները կ’ընէ մասնաւորաբար շեշտելու, որ Լիբանանի տխրահռչակ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն (1975-1990) քրիստոնեայ շրջաններու ղեկավարութիւնը ստանձնած որոշ խմբակցութեան մը կարգ մը խառնակիչ տարրեր հայոց քրիստոնէութեան իսկութեան վերաբերեալ կասկած յայտնած էին: Ան կ’եզրակացնէ հարցադրելով թէ հայոց մասին վերոյիշեալ վկայութիւններէն ետք՝ ալ տեղ կը մնա՞յ անոնց մասին ուրիշներու թշնամական ու նենգ կարծիքին (էջ 21):
Դոկտ Սալէհ Զահրէտտին գիրքին առաջին գլուխին մէջ կը խօսի քրիստոնէութիւնը ընդունելէ առաջ հայոց կրապաշտութեան մասին: Ան մանրամասնօրէն կ’անդրադառնայ հայկական դիցաբանութեան, նաեւ յիշելով դրացի երկիրներուն եւ մանաւանդ Յունաստանի ու Պարսկաստանի ազդեցութիւնները անոր վրայ: Ապա ան կ’անցնի Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ծլարձակման՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու աւետարանչական գործունէութեան իբր արդիւնք: Շարունակելով պատմութեան շղթան հեղինակը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Հռիփսիմեանց կոյսերու քարոզչութիւնն ու նահատակութիւնը, ապա Տրդատ թագաւորի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Հեղինակը այնուհետեւ կ’անցնի քրիստոնէութեան պաշտօնական ու պետական որդեգրումի պատմականին, ուր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ 301 թուին հիմնադրութիւնն է որ կը շեշտէ:
Գիրքին երկրորդ գլուխին մէջ դոկտ Սալէհ Զահրէտտին կը բացատրէ թրքական կառավարութեան հապճեպ վարուելակերպի արարքը՝ հայերը փճացնելու համար նոր օրէնքներ անցընելու: Արդարեւ եթէ հայերը ձերբակալելու, բանտարկելու, խոշտանգելու, սպաննելու եւ բռնագաղթեցնելու համար «Թաշքիլաթի մահսուսէ» կոչուած գաղտնի եւ յատուկ կազմակերպութեան յանձնարարուեցաւ գործը, միւս կողմէ հայոց ինչքերն ու ստացուածքները իւրացնելու համար պաշտօնական կողոպուտի նպատակաւ նոր օրէնքներ դրուեցան եւ մասնաւոր յանձնախումբեր կազմուեցան: Հեղինակը այս գլուխին մէջ ցուցակներով կը ներկայացնէ հայոց եկեղեցական կորուստները Օսմանեան Պետութեան իւրաքանչիւր նահանգի մէջ: Ան օսմանեան արխիւներէն կը մէջբերէ թրքական նոր օրէնքի մը շարադրութիւնը, որ երկրին նահանգները ղրկուած է 1 Յունուար 1915ին, ուր կ’ըսուի. «Շատ կարեւոր է բնաջնջել բոլոր հայ եկեղեցականները եւ այս հարցին մէջ բնաւ զլացում պէտք չէ ունենան պետական պաշտօնեաները»: Ի գործադրութիւն այս հրահանգին հայկական նահանգներու մէջ հազարաւոր եկեղեցիներ կրակի տրուեցան եւ հոգեւորականներ սպաննուեցան: Հեղինակը հայկական իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ հայ եկեղեցականներու եւ եկեղեցիներու դէմ գործուած ոճիրները կը ներկայացնէ վիճակագրական ցանկերով: Ան օրուան թուրք ղեկավարութեան մասին հետեւեալը կը գրէ. «Թուրք ղեկավարները Աստուած չեն ճանչնար: Սակայն անոնք լաւ գիտեն իրենց իսլամ հետեւորդները գրգռել, կեղծելով ու խեղաթիւրելով իսլամ կրօնքի ուսուցումները եւ «սուրբ պատերազմ»՝ ճիհատ յայտարարելով քրիստոնեաներու եւ մանաւանդ հայոց դէմ, գիտնալով հանդերձ թէ ո՛չ իսլամ կրօնքը, ո՛չ մովսիսական կրօնքը եւ ո՛չ ալ քրիստոնէութիւնը կ’արտօնեն ոճիրները» (էջ 90-92):
Վերոյիշեալ բացատրութիւններէն ետք դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին գիրքին 97րդ էջին մէջ կու տայ ցանկը Մերտին քաղաքի հայ կղերական նահատակներուն, որոնց գլխաւորն է Իգնատիոս Մալոյեան եպիսկոպոսը: Ապա ան Եոզկաթի, Սեբաստիոյ, Տիգրանակերտի, Ատանայի, Իզմիթի եւ Խարբերդի քանդուած կամ այրած եկեղեցիներու ցանկերը կու տայ 98էն 106րդ էջերուն մէջ:
Գիրքին մնացեալ մասին մէջ դոկտ Սալէհ Զահրէտտին կը նկարագրէ Լիբանանի երեք հայ յարանուանութիւններու՝ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Բողոքական եկեղեցիներու հիմնադրութիւնը, բարգաւաճումն ու գործունէութիւնը, ապա մանրամասնօրէն կ’անդրադառնայ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Բողոքական եկեղեցիներու ծագման, հիմնադրութեան ու հայկական կեանքի մէջ անոնց ունեած դրական դերին մասին: Հեղինակը էջ 333-345ի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ազգային օրէնսդրութիւնը կը բացատրէ, որմէ ետք ցուցակներով կու տայ Հայ կաթողիկէ եւ Հայ բողոքական համայնքապետերու ցանկը՝ անուններով ու գահակալութեան թուականներով:
Ինչպէս իր միւս աշխատութիւններու պարագային, այս գիրքին վերջաւորութեան ալ կը գտնենք օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Կան նաեւ կարեւոր վաւերագրեր եւ ցուցակներ լիբանանահայ երեք յարանուանութիւններու վերաբերեալ:
Դոկտ Սալէհ Զահրէտտինի այս աշխատութիւնը իր գիտականութենէն, առարկայականութենէն եւ պատմագիտական արժէքէն բացի այլ կարեւորութիւն կը զգենու, որով կու գայ մեծ բաց մը գոցելու Հայ Եկեղեցւոյ մասին արաբերէն լեզուով մինչ այդ անգոյ գրականութեան մէջ: Արաբերէն լեզուով հայոց մասին իր այլ իւրայատուկ աշխատութիւններու կարգին այս մէկն ալ աւելնալով, դոկտ Սալէհ Զահրէտտին իսկապէս իր արժանի տեղը կը գրաւէ հայ-արաբական պատմամշակութային առնչութեանց արաբ ընթերցողին ծանօթացման գործին մէջ, որուն համար խոր երախտիքի եւ շնորհակալութեան արժանի է: