Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ- ՊԱՅՔԱՐ 291
“Շուքերու Ընտանիք” խորագրեալ անգլերէն յուշագրութեան հեղինակը` Կարին Կ. Յովհաննիսեան, թոռն է ամերիկահայ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի եւ որդին` 1991-ին հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի, որ լոյս ընծայուած է Հարփըր Քոլլինզ հրատարակիչներու կողմէ, Նիւ Եորք, 2010, 268 էջ (Garin K. Hovhannisian, “Family of Shadows”, Harper Collins Publishers, New York, 2010, 268 pages):
Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի հայրը` Գասպար Կաւրոյեան տասնըչորս տարեկան էր երբ կը բռնագաղթեցուի Խարբերդի Բազմաշէն գիւղէն: Գասպարի հայրը` Յովհաննէս Կաւրոյեանը, Բազմաշէնի այրերուն հետ օսմանեան բանակ կը տարուի: Թուրքերը Բազմաշէնի մէջ հայոց ունեցած եւ “չունեցած” զէնքերը կը հաւաքեն: Զէնք չունեցող հայերը զէնք կը գնեն եւ թրքական կառավարութեան կը յանձնեն խուափելու համար ծեծի տակ մեռնելէ: Գիւղին տղամարդոց մէկ մասը բանտերը կը լեցուին:
1915-ի գարնան, կիներն ու մանուկները կը բռնագաղթեցուին: Գասպար իր յղի մօր` Հեղնարի եւ կրտսեր եղբօր` Գաբրիէլի հետ ճամբայ կ’ելլէ դէպի անորոշութիւն: Բռնագաղթի ճամբուն վրայ յափշտակութիւնը, կողոպուտն ու կոտորածները անպակաս էին: Աքսորեալները առաջին գիշերը դաշտի մը մէջ կ’անցընեն: Յաջորդ օրը կարաւնին քիւրտ մը կը հանդիպի եւ կ’ուզէ Գասպարը իր հետ տանիլ, զայն աշխատցնելու համար: Սկիզբը Հեղնար կը մերժէ, սակայն ետքը կը յօժարի եւ Գասպարը քիւրտին հետ կը մեկնի:
Գասպար այս քիւրտ մարդուն այծերը կ’արածէ: Օր մը երբ արօտավայրին մէջ խորունկ քունէ կ’արթննայ, կը տեսնէ թէ այծերը կորսուեր են: Տիրոջ բարկութենէն վախնալով, ան փախուստ կու տայ եւ բաւական ճամբայ կտրելով կը վերադառնայ Բազմաշէն, ուր կը գտնէ իր իսլամացած հօրեղբայրը եւ կարճ ժամանակ մը կը մնայ անոր քով: Սակայն շատ չանցած քիւրտերը Գասպարի հօրեղբայրը կը սպաննեն: Ան սարասափահար փախուստ կու տայ իր հայրենի գիւղէն եւ Մեզիրէ կը հասնի: Հոն Ա.Մ.Ն.-ի Խարբերդի հիւպատոսը` Լեսլի Տէյվիսը կը գտնէ: Ան գիտեր որ իր մայրը վերջինիս քով որոշ գումար մը պահք դրած էր: Տէյվիս այդ գումարը Գասպարին կը յանձնէ:
1916-ին ռուսերը Հայաստանի արեւմտեան հատուածի կարգ մը շրջանները կը գրաւեն: Գասպար երեսուն հոգինոց հայ կանանց խումբի մը հետ ռուսերու գրաւած շրջանը կ’ապաստանի: Բաւական թափառումներէ ետք ան ուժասպառ կը յաջողի Ալեքսանդրապոլ (այժմ Կիւմրի) հասնիլ: 1916-ի ցուրտ ձմրան Կիւմրիի մէջ մսագործի մը քով գործի կը մտնէ եւ մսագործին անասուններուն հոգ կը տանի: Ազնիւ ու բարի այդ մսագործը Գասպարի գլխուն ոջիլները մաքրել կու տայ: Չարաբաստիկ դէպք մը Գասպարը կը հեռացնէ իր բարերարէն: Արդարեւ մսագործին դուստրը Գասպարին դէմ կը լարուի եւ զայն գողութեամբ կ’ամաբաստանէ անարդարօրէն: 1917-ի գարնան, Գասպար նախ Կարս, ապա Սարիզամիշ եւ Կարին կը մեկնի, ուր ժանտատենդէ կը բռնուի, սակայն բարեբախտաբար շուտով կը բուժուի եւ կը սկսի գործ փնտռել: Օր մը կը ստանայ ծրար մը, որուն մէջ մօրեղբայրը Ամերիկայէն նամակ մը եւ հարիւր տոլար ղրկած էր:
Կարինի մէջ բազմաթիւ հայ որբ տղաք հաւաքուած էին: Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած համայնավար յեղափոխութեան հետեւանքով ռուսական զօրքը Կարինը եւ այլ հայկական վայրեր կը լքէ ու դէպի Ռուսիա կը վերադառնայ: Կարնոյ հայութիւնը ինքն իր ուժերով ինքնապաշտպանութեան կը պատրաստուի ու ընդհանուր հրամանատար նշանակուած զօրավար Անդրանիկի ժամանման կը սպասէ, որ 3 Մարտ 1918-ին Կարին կուգայ հայկական ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու եւ ղեկավարելու համար: Կարնոյ հայութիւնը յոյսերով կը լեցուի: Անդրանիկ զօրավար բոլոր հայերը վասն հայրենիքի կռուելու կը հրաւիրէ: Հայ երիտասարդները կը զինուորագրուին եւ կը սկսին մարզուիլ: Ռուսերը բաւական պարէն ձգած էին իրենց ետին: Գասպարն ալ իր կարգին զէնքը ձեռքին կը հետեւի Զօրավարին:
Կռիւներուն ընթացքը սկիզբը ի նպաստ հայոց կ’ըլլայ, սակայն հայ դաւաճաններու հակահայ ջանքերը կը նպաստեն թուրքերուն: Դաւաճանները շատ էին եւ անոնց լծակները` զօրաւոր: Անոնք իրենց “անհատականին” համար կը գործէին եւ նիւթական վարձատրութեան փոխարէն գաղտնիք կը փոխանցէին թշնամիին: Կային նաեւ թուլամորթներ եւ ծոյլեր, որոնք բնաւ կռուիլ չէին ուզեր: Անոնք տաք անկիւններու մէջ հանգիստ ու հեշտասէր կեանք կը փնտռէին: Միւս կողմէ, կարգ մը դաւաճան հայեր Կարին-Կարս երկաթուղային գիծը կը քանդեն եւ մեծ վնասներու կ’ենթարկեն հայկական կռուող ուժերը ու զանոնք վտանգաւոր կացութեան կը մղեն: Այլ դաւաճան հայեր քաղաքին գանձերը կողոպտելով կը հեռանան աւելի ապահով վայրեր, վնասելով հայրենասիրական պայքարին: Ու հայերը կը նահանջեն…
Նախքան նահանջը, Անդրանիկ զօրավար Թիֆլիսի Ազգային Խորհուրդի ղեկավարութեան հեռագրով կ’իմացնէ հայկական զօրքերու ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնէն իր հրաժարումը: Թրքական բանակը կը գրաւէ Կարինը, ապա` Կարսն ու Ալեքսանդրապոլը, սակայն Սարդարապատի մէջ հայերը պարտութեան կը մատնեն յառաջացող թրքական ընտրեալ զօրքը եւ ետ կը մղեն զայն:
Վրաստան` Գերմանիան նեցուկ ունենալով, 26 Մայիս 1918-ին անկախութիւն կը հռչակէ: Յաջորդ օրը, Ազրպէյճան նոյնը կ’ընէ թրքական նեցակցութեամբ,: 28 Մայիս 1918-ին Հայկական Ազգային Խորհուրդը Հայաստանի անկախութիւնը կը հռչակէ ոչ մէկ արտաքին նեցուկ ունենալով: Երեւանի կեդրոնը հայկական դրօշը կը ծածանի:
Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը տոկայ: Այդ ժամանակ, անօթութիւնն ու հիւանդութիւնները շատ տարածուած էին շրջանին մէջ: Սակայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր սահմանները կ’ընդարձակէ: Զօրավար Անդրանիկ Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ էր, երբ դաշնակիցները կը համոզեն (իրականութեան մէջ անգլիացիները կը պարտադրեն,-Յ.Ի.) զէնքերը վար դնել, ըսելով որ Կեդրոնի ուժերը յանձնուած են եւ Օսմանեան Պետութիւնը վերջ գտած է: Սեւրի դաշնագիրը կը ստորագրուի ի նպաստ հայոց:
Զօրավար Անդրանիկի զինուորները ցրուելէ ետք, Գասպար կը շրջի Կովկասի մէջ` գործ փնտռելով: Ան զանազան ռուսական քաղաքներէ անցնելէ ետք կը հասնի Պոլիս: 1920ի Ապրիլին Մուսթաֆա Քեմալ Անգարայի մէջ Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին բացումը կը կատարէ` ծրագիր եւ նպատակ ունենալով տապալել սուլթանը եւ դաշնակից բանակները վտարել Թուրքիայէն: Քեմալական շարժումը հետզհետէ ծաւալ կը ստանայ: Բազմաթիւ հայեր Պոլսէն կը հեռանան: Գասպարն ալ Ամերիկա կը մեկնի:
Երբ Գասպար Ամերիկայի Էլլիս Այլընտ կը հասնի, ան իր ազգանունը Կաւրոյանէն կը փոխէ Յովհաննիսեանի` իր հօր անունով: Սկիզբը Չելսի քաղաքին մէջ կօշիկի գործարան մը կ’աշխատի: Յաճախ կ’այցելէ Ուոթըրթաուն եւ Ուիթինսվիլ, ուր հազարաւոր հայ գաղթականներ կը պատսպարուէին: Անոնց մէջ էր հռչակաւոր երիտասարդ արուեստագէտ Արշիլ Կորքին: Հոն վրէժխնդրութեան ոգին կ’արթննայ Գասպարին մէջ: Ան մեծ յոյսերով կը հետեւի “Նեմեսիս” գործողութիւններու լուրերուն, մանաւանդ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան Պերլինի մէջ:
Գասպար Յովհաննիսեան ժամանակաւորապէս կը հաստատուի Պոսթըն: Անոր մօրեղբայրը`Մանուկ զայն կը կանչէ իր մօտ` Թիւլար, որ Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆրանսիսկոյի միջեւ կը գտնուի: Գասպար հաւատաւոր ազգային մը ըլլալով, մօտէն կը հետեւի հայ կեանքի լուրերուն եւ Զօրավար Անդրանիկ շարժումներուն:
Յուշագրութեան մէջ յիշուած դէպքերն ու անցուդարձերը կու գան հաստատելու անոր վաւերականութիւնը` այդ ժամանակաշրջանի պատմական դէպքերու զարգացման զուգընթաց: Եթէ երբեք թուրքը եւ անոր վարձկան իմաստակները շինծու պատմութիւններ տարածելով կասկածի տակ կը փորձեն առնել Հայոց Ցեղասպանութեան եւ իրաւունքներու ճշմարտացիութիւնը, այս յուշագրութեան մէջ մանրամասնօրէն յիշուած պատմական եւ աշխարհագրական իրողութիւնները` սկսեալ մասնաւորաբար Խարբերդի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի արեւմտեան հատուածի մէջ թուրքերու կիրառած հայաջինջ քաղաքականութեամբ, նաեւ հոն եղած Գերմանիոյ, Ռուսիոյ եւ դաշնակից պետութիւններու հակամարտութիւնը, ապա Սեւրի դաշնագիրի, Անդրանիկ Զօրավարի, Կովկասի երեք հանրապետութիւններու անկախութեանց հռչակման եւ հայոց բազմակի բռնագաղթերու վերաբերեալ իրողութիւնները կը հաստատեն Մեծ Եղեռնի` Հայոց Ցեղասպանութեան իսկութիւնը:
Բռնագաղթուած, սակայն վերապրող հայոց աշխարհով մէկ սփռուիլը եւ անոնց արգիլումը մայր հայրենիք վերադառնալու, Երիտթուրքերէն ետք Մուսթաֆա Քեմալի ալ հակահայկական քաղաքականութեան իբր արդիւնք, կու գայ հաստատելու հայոց երկրորդ բռնագաղթն ու Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութեան կազմակերպուած ըլլալը, որուն հարազատ թարգմանն են Թուրքիոյ յաջորդական վարչակարգերը` Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութեան անշեղ ընթացքով: