Ուրբաթ, 5 Հոկտեմբերին Պերլինի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Օսմանեան յոյներու ցեղասպանութիւնը» (The Genocide of the Ottoman Greeks) գիրքին շնորհանդէսը:
Անիկա ակադեմիական մակարդակով գրուած անգլերէն առաջին համապարփակ աշխատութիւնն է, ուր կը խօսուի ոչ միայն յոյներու, այլեւ Օսմանեան կայսրութեան այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ջարդերուն մասին:
Գիրքի խմբագիրներներն են գիտնականներ Թեսա Հոֆման (Tessa Hofmann), Մաթիաս Պեոռնլունտ (Matthias Bjornlund) եւ Վասիլիոս Մեխանիցիտիս (Vasileios Meichanetsidis):
Գիրքը բաղկացած է 512 էջէ: Լայնածաւալ հատուածը կը զբաղցնէ Թեսա Հոֆման: Հեղինակը կ’անդադառնայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերուն` համեմատական եզրեր ու ընդհանրութիւններ անցնելով հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութիւններուն միջեւ:
Թեսա Հոֆման յայտնած է, որ անհրաժեշտ է վերոնշեալ գիրքը թարգմանել նաեւ թրքերէն եւ յունարէն, որուն համար դեռ հովանաւորներ չեն գտնուած: Ամէն պարագայի գիրքի մէկ օրինակ պիտի ուղարկուի թրքական Belge հրատակչութեան տնօրէն, յայտնի իրաւապաշտպան Ռակըփ Զարաքօլուին: Վերջինս ալ պիտի փորձէ ճշգրտել, թէ Թուրքիոյ մէջ գիրքը թարգմանելու եւ տպագրելու ինչ հնարաւորութիւններ կան:
Նշենք, որ սոյն գիրքին առաջին շնորհանդէսը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 13-ին Աթէնքի մէջ: