ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Երեխայի վրայ զէնք բարձրացնող հայ գոյութիւն չունի բնութեան մէջ:
Գուրէն Եղիազարեան
(Գրող, ընդդիմադիր գործիչ եւ քաղաքական վերլուծաբան)
Թէ ինչո՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կ՛ուղղենք մեր խօսքը, այս պարագային խորագիրին ընդմէջէն, պարզապէս որովհետեւ բարբարոս թշնամի ազերին հետամուտ է կառչած մնալու պետական ահաբեկչութեան եւ անով, այսպէս ըսած, սարսափի մատնելու բովանդակ հայութիւնը:
Վերջին օրերու միւնիխեան հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ, բաւական բարացուցական էր բազմաթիւ առումներով: Փաստօրէն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայացած հրապարակային մամլոյ ասուլիսը եկաւ անգամ մը եւս ապացուցելու թշնամիին բացայայտ մտադրութիւնը` բնաջնջել հայութիւնը եւ վերացնել Հայաստանը:
Անշուշտ, թշնամի նախագահի մը նմանօրինակ ստոր պահուածքը նորութիւն մը չէ մեզի համար, որովհետեւ քաղաքական կեանքի մէջ պոռոտախօսութիւնը, ժողովրդահաճութիւնը ու զազրութեամբ յագեցած կեցուածքները ոչ մէկ արժէք ունին, մանաւանդ, երբ նման դիրքէ խօսողը, խորքին մէջ քաղաքական կեանքի խուլիկան մըն է, բռնատէր ու ոճրագործ:
Վերեւ նշուած արտայայտութիւնները նորութիւն չեն նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սերտօրէն կ՛առնչուին քաղաքական կեանքին, իրազեկ են իրադարձութիւններու եւ լաւապէս ճանչցած են թշնամին ու հասկցած անոր թաքուն թէ բացայայտ մտքերը:
Սակայն ընդգծելին, այս պարագային, այն էր, որ միւնիխեան հանդիպումին թշնամի նախագահը փորձեց ամէն գնով ցոյց տալ յարձակողապաշտի իր դէմքը եւ լռութեան մատնել հայոց վարչապետի ինքնապաշտպանական ձայնը, որ այդքան ալ չխանդավառեց մեզ` հայերս: Սակայն կայ մետալին միւս երեսը:
Երբ թշնամին մեր դիմաց է կանգնած եւ ուղղակի կը սպառնայ հայութեան ու հայրենիքին, կը փորձէ նսեմացնել հայոց ազգային արժանապատուութիւնը, խծբծել հայոց պետութեան վարչապետի դիմագիծն ու հանգամանքը, բոլորս պարտաւոր ենք պահ մը զանց առնել ներազգային կեանքի տարակարծութիւնները, խորթ, ապաշնորհ ու ազգաքանդ վերաբերումները, նոյնիսկ ընդդիմադիր կեցուածքները վարչապետին նկատմամբ եւ լծուիլ դիմակայելու թուրք-ազերիական լկտի սպառնալիքները:
Այո՛, բազմաթիւ առումներով ըսելիքներ ունինք եւ կ՛ըսենք վարչապետին, որ իր կարգին պարտաւոր է բաց մտքով եւ սրտով ընկալել բոլոր քննադատութիւնները, որոնք կը վերաբերին յետյեղափոխական Հայաստանին, պետական կարգ ու սարքին, շատ անգամ քաղաքական տհասութեան, ներքին թշնամիներ կամ հակառակորդներ փնտռելու անըմբռնելի միտումներու, քաղաքական անյստակ կեցուածքներու եւ ընկերատնտեսական մօտեցումներու:
Ինչեւէ:
Քաջ հաւատացողն ենք, որ դիւանագիտութիւնը քաղաքական կեցուածք է, որով պէտք է ամրապնդել ազգային պետական հիմնախնդիրներ ու հետագայ ծրագիրներ:
Թշնամի նախագահը նշեալ հանդիպումին, ի շարս այլ նիւթերու, ինչպէս միշտ, յառաջ քշեց, այսպէս ըսած, Խոջալուի ջարդին վարկածը, որ, ըստ իրեն, հայութեան կողմէ կազմակերպուած էր, այսինքն` հայ ազատամարտիկներ սպաննած են ազերի 63 երեխայ, բազմաթիւ կիներ, ծերեր եւ խաղաղ բնակիչներ:
Ալիեւի ստապատիր ու վատոգի այս խօսքերը, որոնք լսելի եղան արեւմտեան զանգուածային լրատու գործակալութիւններու, ըստ էութեան, կը միտէին քողարկել վաւերագրական փաստեր եւ անհերքելի ճշմարտութիւն, այն առումով, որ հայը երբեք ջարդեր չէ կազմակերպած, տեղահանած կամ խաղաղ բնակչութիւն թալանած:
Մեր սրբազան ազատամարտիկ ֆետայիները` յանձինս Պետոներու, Աշոտ Բեկորներու, Դուշման Վարդաններու եւ հազարաւոր նահատակ անձնուրացներու չէին կրնար նման քստմնելի ոճիրներ գործել, որովհետեւ մարդկային շունչով ապրող հերոսներ էին, աւելի՛ն. իրենց արեան մէջ չէին կրեր ոճրագործի ծիներ:
Միւս կողմէ, Արցախի ազատագրական պայքարին լծուած հայութիւնը երբ իր ազատատենչի բողոքը լսելի դարձուց եւ իր կամքը պարտադրեց, բարբարոս ազերի հորդաներ սկսան իրենց ցեղասպանական արարքներուն, երբեմնի Խորհրդային բանակին թէ արեւմտեան երկիրներու կուրացած աչքերուն եւ խլացած ականջներու առջեւ:
28 փետրուար 1988:
Այս թուականը ձեւով մը ազդանշանը հանդիսացաւ հայոց դէմ պետականօրէն ծրագրուած ցեղասպանութեան, երբ գազանացած ազերի վոհմակներ սուիններով եւ դանակներով յարձակեցան հայ անհատներու եւ ընտանիքներու վրայ եւ արեամբ ողողեցին հայահոծ թաղամասերը: Անոնք առանց խղճմտանքի եւ բարբարոսաբար հրապարակներու վրայ հրկիզեցին, բռնաբարեցին ու անխնայ խողխողեցին հայու զաւակներ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կ՛ապրէին ազրպէճանական քաղաքներու մէջ: Սումկայիթի, Կիրովապատի, Գանձակի, Մարաղայի ու հետագային Պաքուի մէջ թաթարածին ազերին ջարդեր կազմակերպեց եւ աւելի քան 250 հազար հայերու տեղահանութեան պատճառ դարձաւ:
Վաւերագրական ժապաւէններ եւ փաստաթուղթեր թէեւ կ՛ապացուցեն այս բոլորը, սակայն ցարդ զազիր թշնամին կը փորձէ ուրանալ, իսկ արեւմտեան երկիրներ`սուտ վկայի պատմուճանը հանդերձել եւ աշխարհաքաղաքական իրենց լպիրշ ծրագիրները հետապնդել:
Արդ, Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած հարցադրումները չեն միտիր վիրաւորել վարչապետի հանգամանքը եւ կամ ստորագնահատել անոր կարողութիւնը: Անոնք թելադրուած են ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահելու եւ քաղաքական մտքի հասունութիւնը առաւել ամրապնդելու, որովհետեւ ալիեւներ, ոճրագործ մարդիկ են, ընդունակ ամէն ստորնութիւն կատարելու եւ հրապարակայնօրէն:
Այո՛, Հայաստանի վարչապետը, միւնիխեան հանդիպումին պարտաւոր էր մէկդի դնել դիւանագէտի շապիկը եւ ուղղակի ճակատիլ թշնամի նախագահին դէմ, աւելի ինքնավստահ եւ առանց տատամսոտ միտքերու:
Այլ խօսքով, յաղթանակ տարած ու թշնամի բանակը ջախջախած ազգի մը պետական ներկայացուցիչը միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ(ր) որեւէ ճակատումի, ուր քաղաքական թէ բարոյահոգեբանական յաջողութիւններ կը սպասեն իրեն` յանուն ազգային մեր հիմնախնդիրներու արդար լուծման եւ իրաւունքներու ձեռքբերման:
Շեշտեցինք ինքնավստահ ու կարծր դիրքէ խօսելու հրամայական պահանջը, որովհետեւ ոեւէ պետական այր, որ ստանձնած է իր երկրին քաղաքական ղեկը, 21-րդ դարուն պարտաւոր է տիրապետել օտար լեզուներու եւ լաւապէս իմանալ անոնց իմաստային նրբութիւնները, աւելի՛ն. սեփական պատմութեան խոր իմացումը եւ աշխարհաքաղաքական ոլորտներու հաշուարկները:
Բանակցութիւններու սեղանին թէ հանդիպումներու ընթացքին պետական մարդու կեցուածքը, սուր հոտառութիւնն ու քաղաքագիտական ճկունութիւնը զէնքեր են, որոնցմով կարելի է բարոյահոգեբանական յաղթանակներ ապահովել եւ օտար շրջանակներու մէջ, այս պարագային, հայամէտ տրամադրութիւն ստեղծել:
Փաստօրէն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պարտաւոր էր Ալիեւի երեսն ի վեր շպրտել անոր ոճրագործի պահուածքը` բարձրաձայն ըսելով, որ ան ոճրագործներ կը հովանաւորէ, ազգային հերոսի կոչում կու տայ եւ ցմահ ամսաթոշակ կ՛որոշէ տալ անձի մը, որ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահար կը սպաննէ դեռ 2004-ին, երբ անոնք միասնաբար կը մասնակցէին ՕԹԱՆ-ի ուժերու կողմէ կազմակերպուած զինուորական վարժանքի մը:
Աւելի՛ն. Հայաստանի վարչապետին համար պատեհ առիթ էր բարձրագոռ հնչեցնելու ազերի պետական մակարդակի ահաբեկչութիւնը` ներկայ լրագրողներու թէ քաղաքական ներկայացուցիչները վերյիշեցնելով 2016 թուականի աննախընթաց յարձակումները Արցախի վրայ եւ հայ զինուորի թէ խաղաղ բնակիչներու դէմ գործուած զազրելի արարքները:
Հայաստանի վարչապետին այն միտքը, թէ մեր ազատագրուած տարածքները անվտանգութեան համար են, արդէն ռազմաքաղաքական սխալ մօտեցում մըն է, որ իր ժխտական անդրադարձը կրնայ ունենալ արցախեան հիմնախնդրին վրայ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կրնար ուղիղ Ալիեւի աչքերուն նայելով գոռալ, թէ ես ու ամբողջ հայութիւնը ականատես վկաներն ենք Սումկայիթի ու այլ շրջաններու մէջ կազմակերպուած ցեղասպանութեան, մանաւանդ` Մարաղուի աննախընթաց ոճիրներուն, երբ հայ մանուկներ ու մայրեր ողջ-ողջ սղոցուեցան եւ հրկիզուեցան:
Արդ, Հայաստանի ու Արցախի զոյգ Հանրապետութիւնները ամբողջ հայութեան ժառանգն են, անոնց յաղթանակները` մեր հպարտութիւնը, իսկ քաղաքական այրերու հեռատես եւ համահայակական մտածողութիւնը` բոլորիս պարծանքը պէտք է ըլլայ: