Յարութիւն Իսկահատեան- BAIKAR 129
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին եւ Տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան Հայոց Ցեղասպանութեան 80-ամեակին առիթով 24 Ապրիլ 1995-ին իբրեւ «Արարատ» օրաթերթի բացառիկ լոյս ընծայած են «Հայոց Ջարդերը՝ Յաւերժ Պոռթկում Միջազգային Հանրային Կարծիքի Խիղճին Դիմաց» խորագիրը կրող արաբերէն հաւաքածոյ մը, Պէյրութի մէջ, մեծ չափի 288 էջ: Պէյրութէն, Դամասկոսէն, Հալէպէն եւ Գահիրէէն Հայասպանութեան մասին արաբ գիտնականներու եւ գրողներու ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծութիւններ կան սոյն հրատարակութեան մէջ: Թուրքին ձեռքով գործուած Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնն ու անոր ուրացման ոճիրը կը մղէ զանոնք պոռթկալու միջազգային մարդկային խիղճին դիմաց եւ պահանջելու արդարութիւն ու հատուցում՝ հայ ազգին: Լիբանանցի եւ արաբ քաղաքական մարդիկ ու պատասխանատու անձնաւորութիւններ նոյնպէս իրենց կարծիքը կը յայտնեն Հայասպանութեան մասին եւ հատուցում կը պահանջէն հայոց համար: «Սոյն հրատարակութիւնը կրնայ իբրեւ աղբիւր ծառայել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող ուսանողներու, որոնք կրնան օգտուիլ եւ օգտագործել անոր մէջ արծարծուած գաղափարները աւելի եւս խորանալու այս նիւթին մէջ», կ’ըսէ դոկտ. Զահրէտտին:
Աւօ (Աւետիս,- Յ.Ի.) Փոշօղլեան (ծանօթ Աւետիս Ռազմիկ գրչանունով, «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր,- Յ.Ի.) «Հայկական Հարցը Միջազգային Դաշնագիրներու Ընդմէջէն» խորագրեալ իր յօդուածին սկիզբը բացատրելէ ետք հայկական հարցին ծագումը, կը թուէ անոր շուրջ միջազգային համաձայնութիւններն ու դաշնագիրները՝ Սան Սթեֆանոյէն մինչեւ Պերլին եւ ապա Սեւր ու Լոզան: Ան կը շեշտէ թէ այս հարցը միջազգայնացուած է եւ հզօր պետութիւններէն իւրաքանչիւրը կ’ուզէ ու կը փորձէ զայն շահագործել իր սեփական շահերուն ծառայեցնելու: Այս ծիրին մէջ Աւօ Փոշօղլեան իր եզրակացութիւնը կ’ընէ հետեւեալ ձեւով. «Հայկական հարցը Միջին Արեւելքի կարեւոր հարցերէն մէկը կը մնայ որ տակաւին լուծում չէ գտած, հակառակ այն իրողութեան որ Արեւմուտքը փորձեց հայոց իրաւունքները վերջնականապէս թաղել Լոզանի Դաշնագիրով: Սակայն հայկական հարցի լուծման համար հայ ժողովուրդը տառապեցաւ ու պայքարեցաւ: Կարելի չէ անոր լուծումը խափանել կարգ մը որոշումներվ կամ գրութիւններով: Հակառակ հայկական հարցի լուծման դէմ կանգնողներու ջանքերուն, այս հարցը կը մնայ երկխօսութիւններու եւ միջազգային ժողովներու մէջ իբրեւ հիմնական նիւթ, որովետեւ հայ ժողովուրդը յարատեւ կը պայքարի անոր համար» (էջ 7-13):
«Տէյլի Փրէս» լրատուական գործակալութեան տէր ու տնօրէն, գրող եւ ուսումնասիրող Էմին Մուսթաֆա «Սիոնիզմն Ու Հայկական Եւ Արաբական Ջարդերը- Տառապանքներով Եւ Տագնապներով Լեցուն Պատմութիւն Մը» խորգիրով յօդուածին մէջ կը լուսաբանէ նախ Սիոնիզմի գործած ոճիրները պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ: Ապա ան կ’անցնի հայկական հարցին եւ կ’ըսէ թէ սիոնիստներն էին որ սուլթան Ապտիւլ Համիտին խորհուրդ տուին հայերը կոտորել, գիտնալով որ այդ գաղափարն ու գործադրութիւնը պիտի հաճոյացնէր սուլթանը եւ իրենց նեցուկ պիտի ապահովէր Պաղեստինը գրաւելու եւ արաբ ժողովուրդը ջարդելու ոճիրի գործադրութեան մէջ: Այսքանով չբաւականանալով, սիոնիստները աւելի ուշ հայոց դէմ սկսան դրդել Երիտթուրքերը իրենց սեփական սաթայէլական ծրագիրները յաջողցնելու նպատակաւ: «Ահաւասիկ այսպիսով է որ անոնք ուղղակի պատճառ դարձան Մեծ Եղեռնի դառն իրականութեան, որ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայեր կոտորեց եւ ամբողջ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին ու Կիլիկիոյ հայերը ցիր ու ցան ըրաւ աշխարհի չորս ծագերը», կ’աւելցնէ հեղինակը՝ Էմին Մուսթաֆա (էջ 15-18):
Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Հալիմ Ապու Իզզիտտին իբրեւ երիտթուրքերու եւ սիոնիստներու ձեռքվ գործուած չարիքի եւ ոճիրի արդիւնք՝ հայոց եւ պաղեստինցի արաբ ժողովուրդներուն տառապանքները նկարագրելէ յետոյ, շեշտը կը դնէ Թուրանականութեան, թրքացումի եւ Սիոնիզմի գաղափարներուն վրայ: Ան կ’եզրակացնէ որ թէեւ հայերն ու արաբները տարբեր ժողովուրդներ են, սակայն անոնք նոյն դատի, նոյն տառապանքներու եւ նոյն ճակատագրի զաւակներն են (էջ 19-21):
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին «Արցախի Դիրքը Հայ-Ազերիական Պայքարին Մէջ» (էջ 23 -34) խորագրեալ յօդուածով Արցախի գոյութեան պատմութիւնը կու տայ եւ կը շեշտէ հետեւեալը իբրեւ կարեւոր բանալի հողին պատկանելիոթեան առընչութեամբ. «Արցախ հայկական էր թրքացեղ թաթարներու Միջին Արեւելք ներխուժումէն եւ տարածուելէն առաջ: Հայերէն Այբուբէնի գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոց իր առաջին դպրոցը Արցախի Հատրութ շրջանի Ցուր գիւղին մէջ բացաւ: Աշխարհագրագէտ գիտնական յոյն Ստրաբոն այս մասին բազմաթիւ դէպքերու նկարագրութեամբ եւ ապցոյցներով կը խօսի» (էջ 26): Ան Արցախի պատերազմի հայկական յաղթանակի տարողութեամբ հետեւեալ իրապաշտական եզրակացութիւնը կու տայ. «Արցախի հայոց պայքարը հայ ժողովուդի պատմութեան մէջ լուսաւոր էջ մը կը բանայ՝ մեր ժամանակներուն: Անիկա հողին, հայուն արժանապատուութեան, ազգին գոյութեան եւ ապագայի պաշտպանութեան պայքարն է: Հայը ասկէ բացի՝ փոխարինող ոչ մէկ բան կ’ընդունի որքան ալ շրջափակումը խիստ ըլլայ եւ պատերազմը երկար… այս պատճառով հայը արժանի է ապրելու եւ գոյատեւելու, որովհետեւ մահը իրեն չի վերաբերիր, ո՛չ Հայաստանի եւ ո՛չ ալ իրեն նման ազգերու, որքան դաժան ըլլան պայմանները եւ անողոք՝ բռնատէրերը» (էջ 34):
Տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան մանրամասնօրէն կը խօսի Փանթուրանիզմի հանգրուաններուն մասին իր «Թուրանականութիւնը Պատմութեան Հանգրուաններուն Մէջ» խորագրեալ յօդուածով (էջ 63-70): Իբրեւ եզրակացութիւն ան յօդուածին վերջաւորութեան կ’ըսէ. «Հայ Ժողովուրդը շատ սուղ գին վճարեց դիմադրելու համար այս ցեղապաշտական եւ ծաւալապաշտական գաղափարախօսութեան: Իւրաքանչիւր ազգի հայրենասէր զաւակներուն պարտականութիւնն է պայքարիլ այս տեսակի թշնամական գաղափարախօսութիւններու դէմ որպէսզի ցեղասպանութիւնները չկրկնուին տարբեր ժամանակներու եւ վայրերու մէջ» (էջ 70):
Հրատարակութեան մնացեալ էջերուն մէջ հետեւեալ գրութիւնները կան, զորս կը ներկայացնենք հեղինակներուն անուան կողքին, առանց յաւելեալ բացատրութեան քանի որ անոնց խորագիրները արդէն ինքնին խօսուն են. օրէնսգիտական խորհրդական Ֆուատ Հասան Հաֆէզ (Գահիրէ), «1915ին Հայկական Ջարդերը Օսմանեան Պետութեան Մէջ» (էջ 35-50), Ֆարժալլա Սալէհ Տիպ (Պէյրութ), «Հայերը Իրենց Պատմական Երթին Մէջ» (էջ 51-62), Սարգիս Եարալեան (Պէյրութ), «Հնչակեան Քսան Կախաղանները» (էջ 73-83), տոքթ. Ալեքսանտր Քեշիշեան (Հալէպ), «Յետեղեռնեան Առաջին Շրջանի Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Հայոց Վիճակին Մասին 1908-1947 Ժամանակաշրջանին. Հալէպի «Ալ-Թաքատտում» թերթին Մէջ Լոյս Տեսած Կարգ Մը Վաւերաթուղթեր» (էջ 87-96), Պասսամ Տաու (Պէյրութ), «Արարատ Լերան Պէս Ազգ Մը» (էջ 97-101), տոքթ. Ռոպեր Ճեպեճեան (Հալէպ), «Հալէպի Անկումին Յաջորդող Օրերու Մասին 1918ի Յուշերէս Էջեր» (էջ 103-108), դոկտ. Ռուբէն Պօղոսեան (Հալէպ), «Էջեր՝ Սուրիական Հալէպ, Ռաս-իւլ-Այն, Ռաքքա, Տէր Զօր Քաղաքներու Պատմութենէն» (էջ 109-126), Սամիր Արպաշ (Դամասկոս), «Հայերը Ինչո՞ւ Հեռացան Քաղաքական Եւ Զինուորական Կեանքէն» (էջ 127-128), դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին, «Հայոց Հաւատարմութիւնը Եւ Հայկական Ջարդերու Նկատմամբ Արաբներու Կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան 80-ամեակին Առթիւ» (էջ 131-140), Սաքր Ապու Ֆախր (Պէյրութ), «Հայերը Պաղեստինի Մէջ, Երկու Աղէտներու Մէջ Մէկ Ժողովուրդ» (էջ 143-152), դոկտ. Արիֆ Թամէր (Պէյրութ), «Ֆաթիմիեաններու Եւ Հայերու Միջեւ Բարեկամութիւնը Որ Ազգականութեան Վերածուեցաւ» (էջ 153-156), Ապտալլահ Քըպրըսի (Պէյրութ), «Սուրիան, Լիբանանը Եւ Հայերը» (էջ 157-160), Օմար Էլ-Տաքքաք (Հալէպ), «Արաբներն Ու Հայերը՝ Մօտեցում Եւ Միաձուլում» (էջ 161-167), դոկտ. Ֆայիզ Նաժիպ Իսքանտար (Գահիրէ), «Իսլամներու Եւ Հայերու Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Եւ Բիւզանդական Կայսրութեան Դիրքը Անոր Նկատմամբ» (էջ 169-175), դոկտ. Նաիմ Էլ-Եաֆի (Դամասկոս), «Արաբ Եւ Հայ Ժողովուրդներու Միացեալ Պայքարի Հարցեր» (էջ 177-185), դոկտ. Հանի Խալիլ (Դամասկոս), «Արաբական Սուրիական-Հայկական Յարաբերութիւններու Ընկերաբանութիւնը» (էջ 187-210):
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արաբ եւ օտար անձնաւորութիւններու վկայութիւններ կան հատորին յաջորդ բաժնին մէջ (էջ 211-226), ուր ակներեւ են այլոց կարգին Լիբանանի նախկին վարչապետ՝ Սելիմ Էլ-Հոսսի, քաղաքական գործիչ՝ Քարիմ Մըրուէի, Սուրիոյ նախկին նախագահ՝ Հաֆէզ Էլ-Ասատի, ինչպէս նաեւ ամերիկացի, ֆրանսացի, բրիտանացի, իտալացի, նորվեկիացի, աւստրալիացի եւ քիւրտ ու թուրք ծանօթ անձնաւորութիւններու վկայութիւնները:
Այնուհետեւ կը յաջորդէ թրքական խեղաթիւրմանց դէմ հայկական մշակութային ու քաղաքակրթական կոթողներու մասին երեք էջանի նկարազարդ բաժին մը, որմէ ետք «Պատմութենէն Փաստաթուղթեր» խորագրեալ բաժինը (էջ 231-268), որ կ’ընդգրկէ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած արաբական ու միջազգային փաստաթուղթերու պատճէնահանումներ եւ բնագիրներ: «Ամփոփ Ցուցակ Մը Ոչ Հայերէն Աղբիւրներու» խորագրեալ բաժինով (էջ 269-280) մատենագէտ Ժիրայր Դանիէլեան կը ներկայանէ արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով օտար հեղինակներու աշխատութիւններու ցանկ մը հայ ժողովուրդի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Սոյն գիրքին իւրաքանչիւր յօդուածին վերջաւորութեան ալ կը գտնենք օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ մը: Գիրքը օժտուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առընչուող քարտէսներով եւ լուսանկարներով:
Այս հրատարակութիւնը իր ժամանակին մեծապէս նպաստեց ընդհանրապէս Հայկական հարցը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Արցախեան թղթածրարը արաբ հանրութեան ծանօթացնելու նուիրական գործին, որ հիմնականօրէն իրագործուած էր դոկտ. Սալէհ Զահրէտտինի շնորհակալ ջանքերուն եւ տոքթ. Եղիկ Ճերեճեանի համագործակցութեան շնորհիւ: