Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Հրատարակութեանց Լոսյին Տակ- թիւ 5
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 146
Ապտիւլ Համիտ իր լարախաղացութիւններով հայկական վեց նահանգներու բարենորոգումները ձգձգելէ ետք, առիթը գտաւ 1894-ին լայնածաւալ կոտորածներ գործադրելու հայոց դէմ: Ռուս-բրիտանա-ֆրանսական յարաբերութիւնները եւ տարակարծութիւնները ծանրացած էին այդ շրջանին եւ անոնցմէ որեւէ մէկը դոյզն չափով իսկ հայկական ջարդերուն դէմ գործնականապէս դիրքորոշում չունեցաւ եւ թուրքը այս անգամ ալ սանձարձակօրէն գործեց իր վաղեմի ծրագիրը՝ հայոց բնաջնջումը իրականացնելու: Աւելի քան երեք տարի ջարդարարութիւն ընելէ ետք, Ապտիւլ Համիտ տակաւին չէր յագեցած եւ ան իր անհատականութեան ու հիւանդագին հոգեբանութեան ծուռութիւնները դրսեւորեց ձերբակալուած հայերը դատարան առաջնորդելով եւ անոնց «յարմար» պատիժներ սահմանեց խարդախ վճիռներով (բոլոր ձերբակալուած հայերը անմեղ ըլլալով անոնց մեծ մասը ազատ արձակուեցաւ եւրոպական երկիրներու դեսպաններու միջամտութեան իբր հետեւանք- Յ. Ի.): 1894-1896ի կոտորածներէն ետք, Օսմանեան Պետութեան մէջ անիրաւ ձերբակալութիւններու, դատավարութիւններու, անարդար վճիռներու, հայոց Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանի գործերուն եւ ապա Երիտթուրքերու կազմաւորման ու 1908-ի յեղաշրջման եւ Սահմանադրութեան վերահռչակման մասին բազմաթիւ լուրեր ու վերլուծական յօդուածներ կը կարդանք Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի կազմած արաբերէն լեզուով «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագրեալ հատորաշարքի, «1897-1908 Հայերը Եւ Երիտասարդ Թուրքերը» խորագիրով երրորդ հաւաքածոյին մէջ: Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան հաստատած է արաբերէն www.arminmedia.com յատուկ կայքէջը, որ ամբողջովին կը պարփակէ սոյն հատորաշարքը, ուրկէ կարելի է որոնումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կատարել՝ թուականով, նիւթի խորագրով, թերթի կամ հեղինակի անունով:
Սուլթան Ապտիւլ Համիտ 1894-1896-ի ջարդերէն ետք տակաւին ինքզինք արդարացնելով շողոքորթութեամբ եւ սուտերով հանդէս կու գար Եւրոպայի առջեւ: Ան հայկական վեց նահանգներու մէջ բարենորոգումներ իրագործելու կեղծ խոստումներ կը շռայլէր, մինչ տեղ տեղ մասնակի կոտորածները կը շարունակուէին: 5 Յունուար 1897 թուակիր «Մասր» թերթի թիւ 302-էն կ’իմանանք թէ Ապտիւլ Համիտ եւրոպական երկիրներու դեսպաններուն կը ներկայացնէ բարենորոգումներու նոր ծրագիր մը, ըստ որում ան Զիհնի փաշայի նախագահութեամբ նոր յանձնաժողով մը կը հիմնէ, որուն կեդրոնը Պրուսա է: Յանձնաժողովին անդամները երդում կու տան սուլթանին: Անոնք իրենց տուած երդումով կը խոստանան ըլլալ անկողմնակալ ու չկաշառուող եւ ծառայել միայն երկրին գերագոյն շահերուն: Սուլթանը դեսպաններուն հաւաստիացուց որ անոնք երդման յանձնաժողովի նիստերուն ներկայ կրնան ըլլալ: Ձեւակերպութիւններու տեսակէտէն օսմանեան սուլթանին ըրածը կատարեալ էր, սակայն մարդիկ այլեւս յոյս չունէին անոր անկեղծութեան վրայ: Այս պատճառով եւրոպական երկիրներու դեսպանները զարմանք կը յայտնէին սուլթանին այս անակնկալ որոշումին հանդէպ եւ թերահաւատութեամբ կը մօտենային անոր, մանաւանդ որ Ապտիւ Համիտ երկար ատեն մերժողական կեցուածքով ձգձգած էր հայկական վեց նահանգներու բարենորոգումները: Այս անգամ ալ անոնք գիտէին որ սուլթանը պարապ ժամանակ կ’անցնէր շահելու համար այն ինչ որ պէտք էր իրեն, այսինքն հայոց դանդաղ բնաջնջումը, որպէսզի հայկական հարցէն միանգամընդմիշտ ձերբազատի: Ապտիւլ Համիտ ճիգ չէր խնայէր 1894-1896 ժամանակաշրջանի հայոց լայնատարած կոտորածները բոլորին մոռցնել տալու:
Սուլթանին սուտի եւ կեղծիքի երեսներէն մէկն ալ անոր յայտարարութիւնն էր թէ բոլոր ազատազրկուած հայոց ներում շնորհուած է: Այդ օրերուն պարզուեցաւ նաեւ դառն իրականութիւն մը: Ներում շնորհուած անձերուն մէջ կը գտնուէր Մազհար պէկ անունով թուրք ոճրագործ մը, որ բանակին մէջ սպայ էր եւ բացի բազմաթիւ հայերէ ան սպաննած էր իտալացի անմեղ վարդապետ մը: Սուլթանին այս արարքը մեծ վրդովում կը յառաջացնէ եւրոպական դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ: Ֆրանսա եւ Իտալիա բուռն կերպով պաշտօնապէս կը բողոքեն Մազհար պէկի անպարտ արձակումի վճիռին դէմ, որ անմեղ հայերն ու այս թուրք ոժրագործը կը հաւասարեցնէր: Ուստի սուլթանը ստիպողական այս դրութեան մէջ Մազհար պէկը կալանքի տակ պահելու եւ դատավարութիւնը շարունակելու հրաման կու տայ: Այս միջոցին խօսքեր կը շրջագային թէ սուլթանը կը մտադրէր գաղտնի զեղծարարութեամբ մահուան պատիժի վճիռ սահմանել Մազհար պէկի դէմ, սակայն գործադրութիւնը կատարել անմեղ հայ բանտարկեալ մը կախաղան հանել տալով: Սոյն տարաձայնութեան հիման վրայ Ֆրանսայի դեսպանը թէեւ չէր զարմացած թրքական այս ոճին նկատմամբ, սակայն կը սկսի աւելի մանրակրկիտ քննութեամբ մօտէն հետաքրքրուիլ Մազհար պէկի դատավարութեան հարցով (էջ 16-19): Թրքական իշխանութիւնները Ապտիւլ Համիտի հրահանգով եւ ցուցմունքներով այս հարցը կը ճօճեն, դատավարութիւնը կը դանդաղեցնեն եւ ամբաստանեալ ոճրագործը տեղէ տեղ կը փոխադրեն, յոյս ունենալով վրիպիլ եւրոպական դիւանագիտութեան հսկող աչքերէն եւ արդարացնել թուրք մարդասպանը:
Այս միջոցին, 1897ի սկիզբը հայկական կոտորածներու լուրերը հետեզհետէ կը հոսին եւ թերթերու մէջ կը հրատարակուին: 8 Յունուար 1897 թուակիր եգիպտական «Ալ-Մուրշիտ» թերթի թիւ 2-ին մէջ կը կարդանք անգլիական «Թայմզ» թերթին տուած լուրը Ակնի կոտորածներուն մասին, ուր կ’ըսուի թէ հաւաստի աղբիւրներու համաձայն մեծ ջարդ մը տեղի ունեցած է Ակնի մէջ 1896ի 15 Սեպտեմբերէն սկսեալ եւ վերջ գտած 17 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին. «Ամբողջ Փոքր Ասիոյ մէջ իր հարստութեամբ եւ շէնքերու գեղեցկութեամբ հռչակաւոր այս քաղաքը՝ Ակն անցեալ տարի մազապուրծ ազատեցաւ կոտորածէ, անոր բնակիչները բռկուեցան 1500 ոսկի կաշառք վճարելով շրջանի քիւրտ պարագլուխներուն: Այս անգամ կոտորածէն տասը օր առաջ, քայմաքամը իր քով կանչեց Ակնի հայոց երեւելիները եւ անոնց ըսաւ սպառնալով, թէ քաղաքին մէջ պետութեան դաւաճաններ գոյութիւն ունին եւ կը հրամայեն հայոց որ զանոնք ձերբակալեն ու յանձնեն պետութեան: Հայ պատասխանատուները ըսին թէ մենք այդպիսի որակումով մարդիկ չունինք եւ չենք ճանչնար եթէ պետութիւնը անոնց մասին տեղեկութիւն ունի, ինք թող ձերբակալէ զանոնք» (էջ 20):
Նոյն ժամանակաշրջանի դէպքերուն մասին իր յօդուածներով եւ լուրերով եւրոպական հանրային կարծիքը իրազեկ պահած է նաեւ իրլանտացի թղթակից Էմիլ Ճոզըֆ Տիլոն, որ ծպտուած կերպարանքով այցելած է Հայաստանի զանազան վայրերը եւ հայոց կոտորածներուն մասին իր ականատեսի վկայութիւնները յղած է անգլիական «Տհը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին: Ան յստակ նկարագրութիւններ տուած է դէպքերուն մասին, առարկայական եւ անկողմնակալ մեկնաբանութիւններով: Ի շարս այլ ակնարկներու ան ընդհանուր գիծերու մէջ նկարագրած է պատահող դէպքերը հետեւեալ ձեւով. «Առաջին քայլը,- գրում էր ժամանակի խոշորագոյն հրապարակախօսներից մեկը՝ Էմիլ Տիլոնը (ծնած է 1854ին Տապլին, Իրլանտա, մահացած՝ 1933ին),- բնաջնջման ծրագրի իրականացման ուղղութեամբ, այն էր, որ պարբերաբար քայքայեն ժողովրդին: Դա նախ և առաջ իրականացւում էր ամենադաժան հարկային քաղաքականութեամբ։ Յատկապես ծանր էին գլխահարկը եւ ռազմական հարկը։ Սուլթանը տնտեսական ճնշումները զուգակցում էր ամենանուրբ քաղաքական հետապնդումներով։ Պետական քաղաքականութեան աստիճանի էր բարձրացուել մուսուլմանների բնակեցումը հայաբնակ գիւղերում եւ շրջաններում։ Ընդ որում, վերաբնակիչները տասը տարով ազատվում էին ռազմական ծառայությունից, ստանում էին անվճար հողատարածութիւններ եւ նիւթական օժանդակութիւն։ Զանգուածային այս վերաբնակեցումները հետապնդում էին մեկ նպատակ՝ փոխել հայաբնակ շրջանների ազգային կազմը, թուլացնել, տնտեսապէս հարուածել հայերին» https://journals.openedition.org/eac/1815:
1897ին տակաւին կը շարունակուէին թուրքերու եւ քիւրտերու ոտնձգութիւնները հայոց դէմ: Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը իր յաճախակի բողոք-դիմումներով սուլթանին կը դիմէր վերջ դնելու համար հայ ժողովուրդի զաւակներուն դէմ կատարուաղ ոտնձգութիւննրն ու սպանդը: Այս ուղղութեամբ եգիպտական կարգ մը թերթեր իրենց ստիպողական յարգանքի տուրքը սուլթանին եւ թրքական իշխանութիւններուն հանդէպ տալով հանդերձ, թրքական պաշտօնական կողմերու, թուրք պաշըպօզուքներու եւ քիւրտերու ձեռքէն հայոց կրած տառապանքները խիզախօրէն կը նկարագրէին: Ուշագրաւ է «Մասր» թերթի 16 Մարտ 1897 թուակիր թիւ 355ը, որուն մէջ կը կարդանք թէ հայերը եւրոպական զանազան երկիրներու հիւպատոսներուն բողոք կը ներկայացնեն իրենց կրած տառապանքներուն մասին: Անոնք կ’ըսեն թէ գերիներ դարձած են թուրքերուն, որոնք իրենց հետ կը վերաբերին կենդանիներու նման եւ ոչ թէ մարդու, իսկ պետութիւնը իր ձեռքը անցած հայը կը յօշոտէ: Պետութիւնը քիւրտերու եւ թուրքերու կը հրահանգէ ընել հայոց ինչ որ կ’ուզեն: Թուրքերն ու քիւրտերը սանձարձակօրէն կը մտնէին ոեւէ հայու մը տունը, կը կտրէին, կը փշրէին, կը գողնային եւ տնեցիները կը խոշտանգէին: Ան որ դէմ կու գար, բանտ կ’առաջնորդուէր: Աւելին՝ անոնք հայոց տուները կը բռնագրաւէին եւ տանտէրը դուրս կը ձգէին [ցուրտին կամ կիզիչ արեւուն տակ- Յ. Ի.]: Բանտին մէջ [բերանացի կարճ դատավարութենէ յետոյ- Յ. Ի.], հայը կ’ամբաստանուէր իբր երկրին դաւաճան ու թշնամի: Թուրք հողագործներ հայերը ծեծի, կիցի եւ մտրակի հարուածներու տակ իբրեւ գրաստ կ’աշխատցնէին իրենց արտերուն մէջ…: Թուրքերն ու քիւրտերը հայերը իրենց նահանգներուն մէջ գերիներէն աւելի ստոր մակարդակի հասցուցած էին: Բոլոր այս կատարուածներուն մասին Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանն էր որ կը վկայէր ու կը զեկուցէր անգլիական արտաքին գործոց նախարարին: Այս եղելութեանց նկարագրութիւնները մանրամասնօրէն տրուած են սոյն հաւաքածոյի 49-51րդ էջերուն մէջ:
Հայոց կոտորածներու 1894-1896 դաժան ժամանակաշրջանի համար պատմաբան Ռուբէն Փոլ Ատալեան հետեւեալը կ’ըսէ. «Հայոց կողմէ բնորոշուած իբրեւ «Մեծ Ջարդեր», իսկ միջազգային ցեղասպանական այդ օրերու գրականութեան մէջ իբր «Հայկական Ջարդեր», ներկայիս այդ վայրագութիւնները յաճախ կը կոչուին «Համիտեան Կոտորածներ» զանազանելու համար զանոնք աւելի մեծ վայրագութիւններէ, զորս պատահեցան 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւն բնորոշումով: Համիտեան Կոտորածները հաստատեցին թրքական պետութեան ոճիրի ու կողոպուտի սիսթեմաթիք քաղաքականութիւն վարելու ունակութիւնը ինչպէս նաեւ սոյն պետութեան փորձը միջազգային բողոքի դիմաց արդարացնելու համար ոճրագործ կողմը [թուրքերը- Յ. Ի.]: Թրքական այս արարքն ու կեցուածքը կը ծառայէ իբր նախադէպ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութեան, նկատի ունենալով բռնագաղթեցնելու [եւ կոտորելու- Յ. Ի.] հասարակաց երեսները» https://www.armenian-genocide.org/hamidian.html: Ուրեմն թուրքերու համար հայոց բնաջնջման նենգ գործը, ծրագրաւորումէն ետք տարիներու հետեւողական «աշխատանք» է…:
Այս ձեւով տասնամեակներու ընթացքին թուրքերու կողմէ գործադրուեցան հայոց կոտորածները՝ ձգտելով հասնելու Հայ Ազգի բնաջնջման: Թուրքը օտար եւ կասկածելի մեղսակիցներով ու լծակներուվ ծրագրած եւ գործադրած է ջարդերը սպաննելով, քանդելով, աւերելով, կողոպտելով ու վնասելով՝ հասնելու համար Հայասպանութեան, բայց չէ յաջողած: Թրքական պետական միտքը չարիք կը յղանայ ու չարիք կը ծնի, որուն հակառակ հայը թէ՛ պետականութեան եւ թէ՛ այլ վիճակի մէջ միշտ կը ծրագրէ կառուցել, շինել, հնարել եւ ստեղծել, որ կը ծառայէ ոչ միայն իր՝ այլ ամբողջ մարդկութեան բարօրութեան: Այս իրականութիւնը կը շարունակուի ներկայիս ալ: