ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսականներ Քերըլայն Մըլոնի եւ Կաս Պիլիրաքիսի կողմէ ներկայացուած է առաջարկ մը, որ բանաձեւի մը վերածուելու պարագային, Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման համար 10 միլիոն տոլարի աջակցութիւն պիտի պահանջէ:
Հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներու աջակցութիւնը վայելող առաջարկը կու գայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի որոշումներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութեան լոյսին տակ եւ կը հանդիսանայ անոնց տրամաբանական յաջորդ քայլը:
Այս առիթով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներուն այս նախաձեռնութիւնը՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ անիկա մօտիկ ապագային իբրեւ բանաձեւ կը դրուի Ներկայացուցիչներու տան օրակարգին վրայ: Ան Ցեղասպանութեան դասաւանդումը յոյժ կարեւոր նկատեց յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը ջանան շարունակել 1915ին սկսած ցեղասպանութեան փորձը:
Այս առաջարկին զօրակցելու նպատակով ձեր շրջանի քոնկրեսականին դիմելու համար այցելել anca.org/education կայքէջը: