Իսրայէլի Yesh Atid կուսակցութեան ղեկավար Լաբիտ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որ կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին փոքրիկներու սպանութեան փաստը, չի կրնար դասեր տալ Իսրայէլին:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին կուսակցութեան առաջնորդը գրած է Twitter-ի իր էջին։
Նշեալ արձանագրութիւնը յաջորդած է Էրտողանի յայտարարութեան, որուն մէջ ան Իսրայէլը անուանած էր «ահաբեկչական պետութիւն»:
«Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը Իսրայէլը կ՝անուանէ «ահաբեկչական պետութիւն, որ կը սպաննէ փոքրիկները»: Այն անձը, որ կը հերքէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին փոքրիկներու սպանդը, մեզի դասեր տալու իրաւունք չունի»,- գրած է Լաբիտ:
Վերջինս, այս տարուան Յուլիսին, դիմած էր Իսրայէլի ղեկավարութեան` յորդորելով պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: