Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի «Մարդկութեան դէմ երիտասարդ թուրքերու կատարած յանցագործութիւնը. Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ ցեղային զտումները Օսմանեան կայսրութեան մէջ» («The Young Turks Crime Against Humanity: The Armenian Genocide and Ethnic Cleansing in the Ottoman Empire») աշխատութիւնը Միջին Արեւելքի Ուսումնասիրութիւններու Միութեան (Middle East Studies Association, MESA) կողմէ ընտրուեցաւ 2013-ի լաւագոյն գիրքը:
Ըստ թրքական «Թարաֆ» թերթին՝ մրցանակը Աքչամին յանձնած են յայտնի պատմագէտներ Վահագն Տատրեան եւ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան: Միութիւնը հետեւեալ գնահատականը տուաւ Աքչամի աշխատութեան մասին. «Այս գործը Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ցարդ կատարուած ամենազդու գիտական աշխատութիւնն է»:
Իր կարգին, Աքչամ ըսաւ. «Մրցանակ շնորհելով Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած այս գիրքին՝ MESA-ն հաւանաբար էջ մը կը փակէ Օսմանեան պատմագրութեան շրջանի մը վրայ»: