Ամերիկահայ շարժանկարի գործիչ Քէյ Մուրատեանի «Մայրիկիս Ձայնը» փաստավաւերագրական շարժանկարը պիտի սկսի ցուցադրուիլ Դեկտեմբեր 1-ին: Շարժանկարի անրդանիկ ցուցադրութիւնը պիտի կայանայ Լոս Անճելըսի «Եգիպատական» շարժանկարի սրահին մէջ:
«Քէյ Մուրատեան մեծցած է Պոսթըն: Մանուկ հասակին ան մեծ ուշադրութիւն չէր դարձներ իր մայրիկի ողբերգական պատմութիւններուն, որոնք 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն ընտանիքին բոլոր անդամներուն կորսնցնելու մասին էին: Քէյ պարզապէս կը ցանկանար ամերիկացի իր հասակակիցներուն նման ըլլալ: Իսկ ահա արդէն չափահաս տարիքին Հարաւային Փասատենայի մէջ ապրող ֆիլմ արտադրողը կը կարծէ՝ «Մայրիկիս Ձայնը»լսելի դարձնելը, ինչպէս նաեւ այն միլիոնաւոր մարդոց ձայները, որոնք կոտորուեցան Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, իր պարտականութիւնն է»-կը գրէ ամերիկեան կայքը:
Շարժանկարին մէջ Մուրատեան կը պատմէ Ֆլորա Մանուշեանի կեանքի պատմութիւնը եւ կը նկարագրէ 1900-ական թուականներու Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու վիճակը: Հայազգի «Աննա Ֆրանքն» իր ընտանիքի անդամները կորսնցուցած է 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ եւ կեանքը ապրած է այդ մասին յիշողութիւններով:
«Ֆլորայի անհաւանական պատմութիւնը արժանիօրէն կը մեծարէ անոր ժողովուրդը եւ յոյսի, սիրոյ եւ արդարութեան ոգի կը սերմանէ: Ֆլորայի ձայնը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածներու ձայնն է. պատմութիւն, որ երբեք պէտք չէ մոռացուի»,-նշուած է շարժնկարի ազդագիրին մէջ:
«Մայրիկիս Ձայնը» շարժանկարը ներկայացուած է Լոս Անճելըսի «Արփա» փառատօնին, իսկ Հոկտեմբերին Թորոնթոյի «Նուռ-2012» շարժանկարի փառատօնին արժանացած է «խրախուսական մրցանակ»-ի: