Իրաքեան Քիւրտիստանի Սուլայմանիէ համալսարանի Քրտագիտութեան կեդրոնին կազմակերպութեամբ, Ապրիլ 29-30, համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համաժողով մը՝ «Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութեանց եւ ջարդերուն մասին» խորագիրով:
Յատուկ հրաւէրով այս խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան:
Համաժողովին շեշտուեցաւ, թէ իրականութեան ճանաչումը բանալին է ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան: Անոր կը մասնակցէին՝ ուսումնասիրողներ եւ մասնագէտներ՝ Քիւրտիստանէն եւ արտասահմանէն, որոնք ներկայացուցին ուսումնասիրութիւններ, պատմութիւններ, ցուցահանդէսներ՝ քիւրտ եւ այլ ժողովուրդներու ցեղասպանութեան ու ջարդերուն վերաբերող: Ներառուած էին նաեւ եզիտիներուն դէմ գործուած ջարդերուն ու հալածանքներուն վերաբերող բանախօսութիւններ՝ պատմական, քաղաքական, իրաւական եւ մշակութային տեսանկիւններէ:
Համաժողովը կեդրոնացաւ երեք թեմաներու վրայ՝ 19րդ եւ 20րդ դարերու ջարդեր, քիւրտերու ցեղասպանութիւնը՝ Սատամ Հիւսէյնի իշխանութեան շրջանին եւ եզիտիներու ջարդեր եւ ցեղասպանական արարաքներ:
Վերա Եագուպեան ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» նիւթը: Ան անդրադարձաւ պատմականին՝ ներկայացնելով թիւեր, փաստեր, շօշափելի տուեալներ, նաեւ՝ թուրքերու եւ օտարներու վկայութիւններ: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ քրտական կարգ մը ցեղախումբերու մասնակցութիւնը, ինչ որ քննարկումի նիւթ դարձաւ համաժողովի մասնակիցներուն, յատկապէս քիւրտ երիտասարդ ուսանողներու կողմէ, որոնք հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին յատկապէս այս կէտին շուրջ:
Խորհրդաժողովին ներկայ էին նաեւ քրտական եւ իրաքեան բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, որոնք լայնօրէն անդրադարձան ո՛չ միայն խորհրդաժողովին, այլ նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան:
Վերա Եագուպեանի հետ կատարուեցան հարցազրոյցներ թէ՛ մամուլին եւ թէ պատկերասփիւռի կայաններու թղթակիցներուն կողմէ: Զրոյցներուն ընթացքին հիմնականօրէն շեշտը դրուեցաւ հայ-քիւրտ պատմական յարաբերութիւններուն, հասարակաց պատմական կէտերու եւ պատմական փորձառութեան վրայ հիմնուած՝ ապագայ գործակցութեան վրայ, որուն ճամբով երկու ժողովուրդները կրնան տիրանալ իրենց իրաւունքներուն: