Ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» գիրքը, որ ԱՄՆ-ի ամէնէն շատ վաճառուող գիրքերու առաջատարներէն է, կը շարունակուի թարգմանուիլ նոր լեզուներու եւ ներկայացուիլ նոր վայրերու մէջ:
Գիրքի հեղինակ Քրիս Պոհճալեան «Արմենփրես»-ին նշած է, որ գիրքն արդէն թարգմանուած է կարգ մը լեզուներու` հայերէնի, ֆրանսերէնի, իտալերէնի, եբրայերէնի, փորթուկալերէնի եւ այլն: Շուտով ան հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ այլ լեզուներով:
Քրիս Պոհճալեանի խօսքով` իր գիրքը կը շարունակէ աշխարհին յղել իրական ուղերձներ: «Ես ամբողջ սրտով կ’երազեմ, որ գիրքը օգնէ Ցեղասպանութեան ճանաչման: Ասիկա այն միակ պատճառն է, որուն համար գրած եմ գիրքը, որպէսզի աշխարհը իմանայ, թէ ինչ փորձութիւններու միջով անցած է մեր ժողովուրդը»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ մինչեւ հիմա, Թուրքիայէն դեռ յստակ արձագանգ չէ եղած: «Ես շատ կ’ոգեւորուիմ, երբ տեսնեմ, որ գիրքս հրատարակուած է այնտեղ»,- նշած է գրողը:
Գիրքին մէջ պատմութիւնը մարմանուորողը` երրորդ դէմքով հանդէս եկող հերոսուհի Լորա Պետրոսեանը, Պոհճալեանի գեղարուեստական կերպարն է: Արմէն Պետրոսեանը եւ Էլիզապեթ Էնտիքոթը կապ չունին իր տատիկին եւ պապիկին` Լէօ եւ Հայկուհի Պոհճալեաններուն հետ. այս կերպարները մտացածին են:
«Հալէպի եւ Տէր Զօրի մէջ տեղի ունեցածին մասին իրապէս դժուար էր ինձ համար գրել եւ նկարագրել: Եւ ամէն վայրկեան սիրտս կը դողար, երբ կը գրէի երեխաներու մասին պատկերող հատուածները: Մշտապէս ահաբեկուած էի, որ ինչ-որ վատ բան մը պիտի պատահի 8-ամեայ Խաթունի եւ անկէ քիչ մը փոքր մեծ ընկերուհիին` Շուշանի հետ: Երբեք չեմ իմացած, թէ գիրքերուս պատմութիւնը ինչ ընթացք պիտի ստանայ: Գիրքերուս հերոսները ձեռքէս բռնած միշտ ուղեկցած են ինծի պատմութեան մութ էջերով: Եւ այդ երեխաներու ապահովութիւնը իսկապէս կ’անհանգստացնէր զիս: Այլ ձեւով ըսած` ես այնքան ջղայնացած էի, որքան Լորա Պետրոսեանը, երբ կը վերարտադրէի երիտթուրքերու սարսափելի ոճրագործութիւնները եւ այն ուղին, որով Թուրքիան եւ անոր դաշնակիցները այսօր կը շարունակեն ժխտել Ցեղասպանութիւնը»,- հարցազրոյցի մը ընթացքին նախկին գիրքին մասին պատմած էր հեղինակը: