«Փիւնիկ» հիմնադրամը եւ «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի զարգացման հիմնադրամը յայտարարած են Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով 4-էն 6 վայրկեան տեւողութեամբ խաղարկային եւ վաւերագրական ժապաւէններու բեմագրութեան մրցում՝ նուիրուած Մեծ Եղեռնի հարիւրամեայ տարելիցին:
Մասնագէտներէ կազմուած դատական կազմը ընդունուած դիմումներէն պիտի ընտրէ 10 հատ: Բեմագրութիւնները կրնան ունենալ գրական հիմք: Լաւագոյնը նկատուած երեք բեմագրութիւններ պիտի պարգեւատրուին 1000 տոլարի համարժէք հայաստանեան դրամով, իսկ միւսները՝ 500 տոլարի համարժէք դրամով: Ընտրուած 10 բեմագրութիւններով ժապաւէններ պիտի նկարահանուին։
Բեմագրութիւնները պէտք է ներկայացնել «Ոսկէ Ծիրան»ի զարգացման հիմնադրամին՝ Երեւան, Մոսկովեան 3 հասցէով կամ ուղարկել [email protected] ելեկտրոնային հասցէին՝ մինչեւ 30 Յունիս 2014: