24 Ապրիլ 2019-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն բարեխօսական կարգ կատարուեցաւ գլխաւորութեամբ` Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանին եւ առընթեր Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Դաւիթ քահանայ Մարգարեանին ու սարկաւագաց դասին: Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին խնդրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն բարեխօսութիւնը: