Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուին:
Հանդիպման ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ այդ ծիրին մէջ Պիքֆայայի յուշարձանին, որ բարձրացած էր ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին առիթով, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի վերածնունդը եւ անոր երախտագիտութիւնը` հանդէպ Լիբանանին: Ապա վեհափառը առաջարկեց, որ յիշեալ յուշարձանը ներկայացնող լիբանանեան դրոշմաթուղթեր տպուին:
Սահնաուի սիրով ընդառաջեց վեհափառ հայրապետի փափաքին, եւ խոստացաւ յառաջիկայ տարուան յունուարին այս գծով դիմել գործնական քայլերու: