Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի առիթով, 23 ապրիլին` երեկոյեան ժամը 21:00-ին հնչեցին եկեղեցիներու զանգերը, եւ անոնց ղօղանջներուն ընթացքին 3 վայրկեան մարեցան Երեւանի եւ մարզական կեդրոններու փողոցներուն լոյսերը:
Քաղաքացիներուն կոչ ուղղուած էր նաեւ մարել իրենց բնակարաններուն լոյսերը եւ բջիջային հեռաձայններու լոյսերուն միջոցով պատուհանէն խորհրդանշել միասնական ներկայութիւն անմար կրակին շուրջ:
Լուսավառ ոգեկոչման վայրկեանը ունեցաւ իր խորհրդանշական արձագանգը Ծիծեռնակաբերդէն, ուր Կամօ Սէյրանեան եւ Լիանա Ալեքսանեան կատարեցին «Արի իմ սոխակ» երգը: