Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով, ուրբաթ 24 ապրիլ 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 12։30-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջ-յարանուանական աղօթք, մասնակցութեամբ հայ առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն։
Աղօթքի ճամբով, առցանց հետեւող հաւատացեալ ժողովուրդին իրենց պատգամները փոխանցեցին երեք յարանուանութեանց ներկայացուցիչները։
Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Ով Տէր, մեր Տէրը քու փառքդ հզօր է, քու գութդ անհուն եւ քու սէրդ անպատմելի։ Այսօր կը մօտենանք քու սուրբ ներկայութեանդ այս տաճարին մէջ միասնական աղօթքով եւ կը պաշտենք քեզ ամէնայն երկիւղածութեամբ ու վստահութեամբ, որովհետեւ դուն մեր մէջ ներկայ ես։ Կու գանք քեզի, որովհետեւ դուն ես մեր կեանքի յոյսն ու լոյսը, մեր ապաւէնն ու փրկութիւնը։ Ով Աստուած, յիշատակելի այս օրուան մէջ կը յանձնուինք քեզի, իբրեւ ազգ, եկեղեցի, ընտանիք եւ անհատ, որպէսզի շարունակես մխիթարել մեզ եւ սուրբ խօսքովդ զօրացնել մեզ։ Ով արդար Աստուած, քու սուրբ ձեռքերուդ կը յանձնենք մեր արդար դատը եւ կ՛աղօթենք, որ մեր հայկականութեան պարգեւես նորոգեալ հոգի, հոգի նուիրման, հոգի սրբութեան եւ հոգի ծառայութեան։ Քու խօսքովդ իմաստուն ըրէ մեզ, որպէսզի ըմբռնենք իմաստը Ցեղասպանութեան մեծ աղէտին եւ առաջնորդուինք քաջութեամբ ու խոհեմութեամբ։ Ով փրկարար Աստուած, լեցուր մեզ անմար յոյսով, որպէսզի մեր ազգի աղէտներն ու այս աշխարհի պատուհասները, երբ կը յիշատակենք ու կը դիմագրաւենք, այդ բոլորը կատարենք անսակարկ հաւատքով, երկնային իմաստութեամբ եւ անմեղ վստահութեամբ։ Սորվեցուր մեզի քու կամքդ ընտրել մեր բոլոր ծրագիրներուն մէջ, եթէ նոյնիսկ անհասկնալի ըլլան մեզի քու խորհուրդներդ եւ ճամբաներդ։ Տէր Աստուած, քու անհուն սիրովդ եւ զոհողութեամբդ յիշէ եւ առաջնորդէ մեր ազգը, հայրենիքը, Սփիւռքը։ Հաստատէ ու պահպանէ մեզ մեր բարի ընթացքին մէջ, որպէսզի մեր մարտիրոսութիւնը հաւատքի վկայութեան վերածենք քու փառքիդ համար եւ մեր փրկչին Յիսուս Քրիստոսի անունով, ամէն»։
Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Ով նահատակներ, երկնաւոր հօր սիրեցեալներ։ Թոյլ տուէք մեզի ձեր լուսաւոր դէմքերը, մեզի փոխանցեցէք գաղտնիքը ձեր ամբողջական նուիրումին եւ ձեր սիրոյն հանդէպ Քրիստոսի, աւետարանին եւ եկեղեցւոյն։ Ով քաջապաշտ հայ նահատակներ, դուք որ աճեցաք նարեկացիի մատեանով, լուսաւորեցէք մեր միտքերը, որպէսզի գիտնանք ապրիլ հայոց նահատակութիւնը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։ Սուրբ վկաներ, կը յիշենք ձեզ եւ կը փառաւորենք զԱստուած, ամէն»։
Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Օրհնեալ ես ով տիեզերքի արարիչ մեր Աստուածը, պարգեւիչ ամէն բարիքներու եւ յաջողութիւններու։ Ահաւասիկ երախտապարտ հոգիով գոհութեամբ կը փառաւորենք քեզ, որովհետեւ մեզ դարձեալ արժանի կը դարձնես քու անունովդ հաւաքուելու եւ խոստովանելու ահեղ զօրութիւնդ ու անբաւ մարդասիրութիւնդ։ Կը խնդրենք քեզմէ Տէր, որ սրբես մեղքով ծանրաբեռնուած մեր բնութիւնը, սուրբ սիրով ամրապնդես մեր եղբայրութիւնը, երկնային լոյսով պայծառացնես մեր միտքը եւ անխախտ պահես աստուածութեանդ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքն ու յոյսը, որպէսզի աստուածահաճոյ արարքներով զօրացած առանց փորձանքի հասնինք քու երանական հանգիստիդ։ Բարերար Տէր, այսօր հաւաքուած ենք միասնաբար ոգեկոչելու 1915 թուականին քրիստոնէական կրօնքի եւ հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհած մեր սուրբ նահատակները։ Կը խնդրենք քեզմէ Տէր, օրհնէ անոնց պաշտելի յիշատակը, որովհետեւ անոնք լուսաւորուած մեր տիրոջ ու փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի հաւատքով, գերադասեցին ընդունիլ գիտակից մահն ու նահատակութիւնը։ Մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ կենդանի պահէ Տէր մեր մէկ ու կէս միլիւն նահատակներուն օրինակը եւ օգնէ մեզի, որպէսզի անոնց թողած կտակին համաձայն դէպի պարկեշտ նպատակ ուղղուած մնան մեր կեանքը ու արարքները։ Այս սուրբ տաճարէն ներս միասնաբար կը խնդրենք նաեւ քեզմէ Տէր, որ զօրացնես հայրենիքն ու աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, որպէսզի բոլորս միասին յարատեւող ըլլանք արդարութեան համար մեր տարած աշխատանքներուն մէջ ու մեր սուրբ նահատակներուն բարեխօսութեամբը հասնինք մեր հաւաքական սպասումներու պսակումին։ Յատկապէս մեր այսօրուան տագնապալի կեանքի պայմաններուն մէջ քեզմէ կը խնդրենք Տէր, որ բարոյական կորով ու հոգեւոր քաջութիւն շնորհես բոլորիս, որպէսզի քեզմէ եկող խաղաղութեան ու ապահովութեան շնորհիւ Աստուածութեանդ կամքին նկատմամբ մնանք գիտակից եւ մեզի վստահուած բոլոր պարտականութիւններուն ընդմէջէն յօժարակամ հոգիով ու կատարեալ նուիրումով քեզ միայն անդադար պաշտենք եւ օրհնաբանենք, հայր, որդի եւ սուրբ հոգի, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն»։
Միջ-յարանուանական աղօթքը վերջ գտաւ «Հայր մեր»-ի երգեցողութեամբ։