Ո՞վ կրնայ ընկճել ժողովուրդ մը, որ դարեր շարունակ իր հայրենի հողին վրայ մղեց իր գոյութեան կռիւը, նուաճեց իր ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունքը, իր լինել չլինելու հարցին պատասխանեց՝ լինել:
Ժողովուրդ մը, որ անցած է գոյապայքարի երկար ուղիներով, իր արեամբ եւ ուղեղի բոլոր թելերով միշտ կապուած մնաց իր պատմութեան:
Ո՞րքան ժամանակ սուտն ու կեղծիքը կրնան դիմանալ քօղարկելով պատմական ճշմարտութիւնը, խեղաթիւրելով անցեալի դէպքերն ու իրողութիւնները, վաւերական փաստերու եւ վկայութիւններու սփռած լոյսին տակ:
Երբ այսօր՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է դրան առաջ, կու գայ պահանջատէրի իրաւունքով հայ ժողովուրդին բռնագրաւուած իրաւունքներուն արդար հատուցումը պահանջելու:
Մինչեւ ե՞րբ Միջազգային համայնքը խուլ պիտի ձեւանայ, պիտի մնայ անտարբեր, առանց անդրադառնալու, թէ երկար կեանք չունին խարդաւանքն ու խեղաթիւրումը:
Ժամանակն է բաց աչքերով տեսնել ճշմարիտ իրականութիւնը՝ ուր պատմութեան էջերը արձանագրած են անցնող դարաշրջանի պատմական դէպքերն ու եղելութիւնները ապացուցելով, թէ Սուլթանական Թուրքիոյ եւ երիտթուրքերու ջարդարարական քաղաքականութեան հիման վրայ գործադրուեցաւ Արեւմտահայութեան բնաջնջման ծրագիրը:
Այո´, պատմութիւն է եւ իրականութիւն 1915թ-ի հայ ժողովուրդի սպանդը: Այն ճշմարիտ իրականութիւնն է, որ կը հաստատեն այդ օրերու պատմական անհերքելի իրողութիւններն ու իրադարձութիւնները:
Թէ ի՞նչ անդրադարձ ունեցաւ 1878թ. Պեռլինի վեհաժողովը .
Ի՞նչ արժեց Պեռլինի վեհաժողովին արծարծուած բարենորոգութիններու ծրագիրը հայերուն համար, երբ այդ օրը հայկական հարցը Միջազգային բնոյթ կը ստանար:
Պատասխանը պարզ է ու յստակ: Սուլթանական կառավարութիւնը ոչ միայն դրժեց բարենորոգումներ կատարելու իր խոստումը, այլ առաւել սաստկացուց իր գործադրած ազգային եւ կրօնական հալածանքները: 1876թ.-ի Սահմանադրութեան յոյսերով ներշնչուած հայերը, մեծ յուսախաբութիւն ապրեցան:
Այդ մասին թող խօսին երիտթուրքերու դատավարութեան փաստաթուղթերը թուրք պետական գործիչներն ու դէպքերուն ականատես վկաները:
Ինչպէս՝ նոյն թուականին Օսմանեան կայսրութեան մեծ վեզիր Քիամէլ Փաշայի հետեւեալ աա յայտարարութիւնը,- թէ «հայ ազգը վերացնելու, անհետ եւ անճետ ընելու ենք: Եւ այդ մէկը գլուխ հանելու համար բան չի պակսիր մեզի. ամէն գործիք պատրաստ ունինք՝ քուրտ, չէրքէզ, կուսակալ, դատաւոր, հարկահան, ոստիկան, վերջապէս ամենայն ինչ, կրօնական պատերազմ մը կը հրապարակենք եւ դիւրին պատերազմ այնպիսի ազգի մը դէմ, որ ոչ ոք զէնք ունի, ոչ զինուորականութիւն եւ ոչ պաշտպան, երբ ընդհակառակն, մենք զէնք ալ ունինք, զինուորութիւն ալ, աշխարհիս ամենամեծ տէրութիւններէն մէկը (Անգլիան – Ա.Փ.) եւ ամէնէն հարուստը զինակից է մեզի եւ մեր Ասիական աշխարհին երաշխաւոր»:
«Եւ եթէ այդ հայ ազգը բնաջինջ ըլլայ եւ քրիստոնեայ Եւրոպան կրօնակից մը փնտրէ եւ չի գտնէ տաճկական Ասիոյ մէջ, մեզ հանգիստ կը թողու եւ այն ատեն կը զբաղինք գործերով եւ բարեկարգութեամք» : «Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 7
Եւ այդպէս Քիամիլ Փաշայի այս մտայղացումը իրօք կը դառնայ արեւմտահայութեան բնաջնջման թուրք քաղաքականութեան առանցքը:
Այդ մասին Թուրք քաղաքական գործիչ Օսման Նուրի նոյնպէս կը վկայէ,-թէ «Խիստ հսկողութեան տակ առնուեցան հայ պաշտօնեաները եւ հայկական հրատարակութիւնները: Այդ պահէն սովորական երեւոյթ դարձաւ աքսորը: Կուսակալներու կողմէ քննութեան ենթարկուեցան հայոց եկեղեցիներու եւ դպրոցներու մասին տրուած հրովարտակները: Վերջին տարիներու ընթացքին փակուեցան այն հայկական դպրոցները, որոնք բացուած էին ոչ թէ հրովարտակով, այլ միայն կառավարութեան թոյլատուութեամբ: Խստութիւններ ու բռնութիւններ գործադրուեցան նաեւ հարկերու գանձման հարցով»: «Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 7
Նոյն օրերուն հրահանգ տրուեցաւ մամուլի գրաքննչական վարչութեան՝ արգիլել «Հայաստան» բառի, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան վերաբերող անուններու յիշատակումը :
Այսպիսով դաժան ճակատագիր մը կը սպասէր արեւմտահայութեան: Թուրք քաղաքականութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդը կը գտնուէր ոչնչացման վտանգին առջեւ:
Երբ յետագայ տարիներուն Ապտուլհամիտի գործը շարունակելու կուգան Երիտթուրքերը, «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան ղեկավարները: Անոնք Համիտեան բռնապետութիւնը տապալելով, թուրք ժողովուրդներուն կը ներշնչեն այն միտքը, որ 1876թ. Սահմանադրութեան վերահաստատումով պիտի վերանայ ազգային խտրութիւնը , եւ բոլոր հպատակ ազգերը հաւասար պիտի ըլլան օրէնքի առջեւ: Բայց Երիտթուրքերը շուտով մոռցան իրենց տուած խոստումները, գործադրեցին հայոց բնաջնջման ծրագիրը:
Որ տեղահանութիւնն ու կոտորածը կը կատարուէին կանխամտածուած ծրագիրով, այդ մասին կը հաստատեն Երիտթուրքական գործիչներէն՝ Մեւլան Զատէ Ռիֆաթի հետեւեալ փաստարկները.-
«Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութիւնը որոշում կայացուց՝ ոչ մէկ մարդ կենդանի մնալու պայմանով սպանել եւ ոչնչացնել հայերը: Այս հրամանը իրականացնելու համար նախագահութիւնը ստեղծեց Պէհաէտտին Շաքիր, դոկտ. Նազըմ, եւ հանրակրթական նախարարը Շիւքրի Պեյերէն կազմուած Յանձնաժողով՝ տալով «Երեքի գործադիր կոմիտէ անուանումը: Այս երեքի գործադիր կոմիտէն « թէշքիլաթը մահսուսէ» անուան տակ սկսաւ բանտերէն հաւաքագրել քրէական յանցագործներուն եւ ստեղծել չեթեներու հրոսակներ: « Թէշքիլաթը մահսուսէ» պիտակի տակ ստեղծուած այս չեթեներու կատարած յանցագործութիսններն ու բռնութիւնները, արատաւորեցին թուրք ժողովուրդը աշխարհի հասարակութեան առջեւ, արիւնալի եւ բարբարոսական էջեր արձանագրելով անոր պատմութեան մէջ» : «Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 10
«Ամենուրէք սկսան հաւաքել հայերը . – կ՛ըսէ Մեւլան Զատէ Ռիֆաթ, նոյնիսկ առանց հաշուի առնելու հիւանդներուն, ծերերուն եւ երեխաներուն: Անոնք որոնք կ՛ընդունէին մահմետականութիւնը, ժամանակաւորապէս դուրս կը հանէին քարավաններէն, իսկ միւսները խումբերով, ժանդարմաներու հսկողութեան ներքոյ կ՛ուղարկէին նախատեսուած ճանապարհներով»: «Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 5
Այնուհետեւ այդ անզէն ու անպաշտպան քարավանները մարդկանց տեսողութիւնէն հեռու, ամայի վայրերու մէջ կ՛ենթարկուէին հայերու բնաջնջման նպատակով ստեղծուած «թէշքիլաթ-ը մահսուսէ»ի, հրոսակախումբերու յարձակման»:
Երիտթուրքերու քաղաքական ուղեգիծը կը հետապնդէր նաեւ հայերը մահմետականացնելու ծրագիրը: Այդ աշխատանքը կը տարուէր տեղահանութեան եւ կոտորածներու ընթացքին: Ինչպէս՝ Սուրիա տարագրուածներուն մասին Ֆալիհ Ռըֆքը Աթայը կը վկայէ. –
«Չերքէզներու, քիւրտերու եւ միւսներուն նման Հայերու արտաքսումը տեղի ունեցաւ դէպի Սուրիոյ խորքերը: Նոյնիսկ յանձնաժողով մը կազմուեցաւ, որպէսզի հայերուն եւ՛ տուն եւ՛ հող տրամադրուի՝ մահմետական դառնալու պայմանով»(«Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 11)
Հայերը մահմետականացնելու քաղաքականութեան ջատագովներէն եղած է Երիտթուրքական հանրայայտ կին գործիչ Հալիտէ Էտիպը: Իր ժամանակակիցներու վկայութեամբ՝ «Հայ որբերուն կը հաւաքէր, կը մահմետականացնէր, որբանոցներուն մէջ զիրենք կը դաստիարակէր որպէս թուրքեր»: («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 11)
Այսպիսով թուրքերը կը ձգտէին իրականացնել իրենց ծրագրած քաղաքականութիւնը: Հայկական ջարդերու, համատարած այս երեւոյթը կը հասնէր ահռելի չափերու:
Այս բոլորով հանդերձ, պէտք է խոստոուանիլ նաեւ, թէ ինչպէս բոլոր ժողովուրդներուն, նոյնպէս եւ թուրք ժողովուրդին մէջ գտնուեցան մարդասիրական զգացումներով համակուած ազնիւ մարդիկ, որոնք կ՛ընդվզէին բռնութեան ու մարդկային անարդարութիւններուն դէմ:
Այդ օրերուն , եղած են թուրք պաշտօնեաներ, որոնք կողմնակից չէին հայերուն հանդէպ գործադրուող ջարդերուն ու կոտորածներուն: Անոնք այդ պատճառով պաշտօնազրկուած են, եւ կամ ներքին կարգով դատապարտուած են մահուան:
Այդ օրերուն տիրող իրականութեան մասին կ՝անդրադառնայ Յ. Լէփսիուս Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին իր զեկուցման մէջ, յիշելով վաւերական իրողութիւններ: Ան կ՝ըսէ- «Թալէադին ստորագրած մէկ հրամանագրին մէջ կ՝ըսուի. – «Աքսորավայրն է Ոչնչութիւն»:
Համաձայն այս հրամանագրին, «հայերը ոչնչացնելու հրամանին կատարումը յանձնուեցաւ, Կ. Պոլսոյ վալիներուն, մութասարիֆներուն եւ գայմաքամներուն, այսինքն կառավարական նախագահներուն եւ նահանգային խորհրդարաններուն:
«Պաշտօնեաներ, որոնք չէին հնազանդեր, պաշտօնանկ կ՝ըլլային: Օրինակի համար, Հալէպի վալին Ճէլալ Փաշա երբ մերժեց իր վիլայէթին մէջ տեղահանութեան հրամանները կատարել, Թալէադ զինք պաշտօնազուրկ ըրաւ եւ Գոնիա տեղափոխուեցաւ: Հոն այնպէս վարուեցաւ ինչպէս Հալէպի մէջ, պաշտպանեց մնացած հայերը եւ տեղահանեալներն իւր հովանաորութեան տակ առաւ: Հետեւութիւնը սա եղաւ, որ դարձեալ վար առնուեցաւ եւ այս անգամ անպաշտօն մնաց:» (« Ս. Թէհլիրեանի դատավարութիւնը» , էջ 91- 92)
Այդ օրերուն, հայերուն նկատմամբ տեղի ունեցող զարհուրելի ջարդերն ու կոտորածները, մղեցին մեծ պետութիւնները՝ Անգլիայի, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի կառավարութիւնները համատեղ 1915թ. Մայիս 24-ին, նախազգուշացնելու Բարձր Դուռը, յայտարարելով հետեւեալը. –
«Ամբողջ վերջին ամսուայ ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան հայկական կոտորածներ՝ քիւրտերու եւ թուրքերու կողմէ, Օսմանեան իշխանութիւններու բացայայտ թողտուութեամբ, իսկ յաճախ ալ ուղղակի համագործակցութեամբ: Նոր տոմարով Ապրիլի կէսերուն հայկական կոտորածներ տեղի ունեցած են Էրզրումի, Դերջանի, Պիթլիսի Մուշի, Սասունի Զէյթունի եւ ամբողջ Կիլիկիոյ մէջ: Վանի շրջակայ հարիւրաւոր գիւղերու բնակիչները մորթուած են մինչեւ վերջին մարդը:»
«Բուն Վանի մէջ հայկական թաղամասը պաշարած են քիւրտերը: Միեւնոյն ժամանակ, ԿոստանդնուՊոլսոյ թուրքական կառավարութիւնը ձերբակալած եւ աներեւակայելի ճնշումներու ենթարկած է հայ ազգաբնակչութիւնը: Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ թուրքիոյ կատարած այս նոր յանցագործութիւնները նկատի ունենալով, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Անգլիայի դաշնակից կառավարութիւնները այսու հրապարակաւ կը յայտարարեն Բարձրագոյն Դռան, որ իրենք այդ յանցագործութիւններուն համար անձնական պատասխանապուութիւնը կը դնեն թուրքական կառավարութեան բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ՝ տեղական այն իշխանութիւններուն վրայ, ովքեր մասնակից դարձած են նման կոտորածին:» («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 6)
Այսօր, ո՞վ պիտի կանգնի աշխարհի մարդասէրներու կողքին, պատասխանատուութեան հրաւիրելու թուրք կառավարութիւնը:
Այնպէս ինչպէս համաշխարհային պատերազմի աւարտին Միջազգային հասարակութիւնը եւ դաշնակից պետութիւններ պահանջեցին պատասխանատուութեան ենթարկել Արեւմտահայութեան սպանդը կազմակերպող թուրք ղեկավարները:
Եւ ինչպէս՝ 1918 թ. Նոյ. 12 – ին Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ բողոքի ձայներ բարձրացան, երբ ելոյթ կ՛ունենար «Ռայթը անգլիական կառավարութենէն պահանջելով՝ որ դաշնակիցներու ներկայացուցիչները թուրքիոյ հետ խաղաղութեան պայմանները քննարկելով յատուկ կանգ առնեն հայկական կոտորածներու յանցագործերը պատժելու հարցին վրայ»: («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 12)
Դժբախտաբար, ոչ՛ Սուլթանական Թուրքիան եւ ոչ՛ Երիտթուրքերու կառավարութիւնը կարեւորութիւն ընծայեցին եղած յայտարարութիւններուն, այլ անողոք դաժանութեամբ շարունակեցին իրականացնել իրենց որդեգրած քաղաքականութիւնը:
Վերջապէս երբ 1918-ին վրայ կը հասնի Մուտրոսի զինադադարը, թուրքիոյ նոր կազմուած վարչութիւնը, Միջազգային հասարակութեան եւ արտաքին աշխարհի բողոքներու ուժեղ հոսանքին տեղի տալով, զատորոշուելու վարկաբեկուած նախորդ վարչակարգէն, որոշում ընդունեց դատել հայկական ջարդերուն ու կոտորածներուն պատասխանատուները:
Այդ նպատակով, Ահմէտ Իզզէթ Փաշայի գլխաւորութեամբ նոր կազմուած վարչութիւնը որոշում կայացուց դատական պատասխանատուութեան ենթարկել երիտթուրկաքան կառավարութեան ղեկավարներուն՝ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն. Օսմանեան Կայսրութիւնը Առաջին Համաշխարհային պատերազմի մէջ ներքաշելու եւ հայերուն տեղահանութիւնն ու կոտորածը կազմակերպելու համար:
Այնուհետեւ, 1918 թ. Դեկտ. 16-ի որոշումով կը կազմուին հարցաքննիչ յանձնախումբեր (գլխաւոր նախագահն էր Անգարայի նախկին Վալի Մազհար Պէյը), որոնք կը սկսին հաւաքել արեւմտահայերութեան կոտորածներու վերաբերող մեղադրական ապացոյցները՝ ծածկագիր հեռագրեր, պաշտօնական գրութիւններ, հրահանգներ եւ հրամաններ, ինչպէս նաեւ ականատեսներու վկայութիւններ: Օսմանական Կայսրութեան Նահանգները կը բաժնուին 10 դատաքննչական շրջաններու, իւրաքանչիւր շրջանի համար կը նշանակուին դատախազներ:
Միեւնոյն ժամանակ մամուլը ծաւալուն լայն աշխատանք կը տանի յանցագործները բացայատելու եւ դատաքննութեան յանձնելու կապակցութեամբ:
Այս ուղղութեամբ ի թիւս այլ աշխատութիւններու մէջ հրատարակուած վաւերագիրներու եւ փաստաթուղթերու, Երիտթուրքերու դատավարութեան մասին, կարեւոր փաստարկներ ու տեղեկութիւններ կը քաղենք «Հայերի ցեղասպանութիւնը ըստ երիտթուրքերու դատավարութեան փաստաթղթերի» (Երեւան 1988) գիրքէն, թարգմանութիւն ու ծանօթագրութիւն Ա. Յ . Փափազեանի :
Գիրքին մէջ զետեղուած են բնագրին հայերէն թարգմանուած «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կաուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, Երիտթուրքական կառավարութեան ղեկավարներու, կուսակցութեան շրջանային պատասխանատու քարտուղարներու, պաշտօնեաներու դատաքննութեան նիւթերը, որոնք առնչուած են Արեւմտահայութեան տեղահանութեան եւ կոտորածներու հետ:
Դատավարութիւններու արձանագրութիւններն ու որոշումները 1919 – 1920 թ թ. շատ քիչ տպաքանակով հրատարակուած են թուրքական պաշտօնական «Թաքվիմ-ի Վեքայի» թերթի յաւելուածներուն մէջ (արաբատառ): Բոլոր անուանաթերթերը կը կրեն հետեւեալ խորագիրը. «Նորին Մեծութիւն Փադիշահի 1335 թ. (1919) Մարտ 8- ի կայսերական հրամանով կազմուած ռազմական արտակարգ ատեանի դատավարութեան արձանագրութիւնը»:
Այստեղ կը յիշուի, թէ 1919 թուականին Երիտթուրքերու կառավարութեան գործադրած յանցագործութիւնները դատապարտողներէն Տամադ Ֆէրիտ Փաշան գտնելով, որ հայերու կոտորածները չեն եղած ցեղային բախումներու եւ կրօնական մոլեռանդութեան հետեւանքը , կը յայտարարէ , թէ իր առջեւ նպատակադրած է « փաստերը ձեռքին ամբողջ աշխարհին ցոյց տալ, թէ ո՞րու վրայ կ՝իյնայ իսկական պատասխանատուութիւնը այդ սարսափելի յանցագործութիսններուն :» («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 13)
Դատաքննութեան ենթարկուելու համար կը ձերբակալուին երիտթուրքերու կառավարութեան որոշ նախարարներ ու կուսակցութեան ղեկավարներ, լիազօրներ, ու կուսակալներ, եւ այլ պաշտօնատար անձինք: Սակայն հայկական կոտորածներու անմիջական մտայղացողներն ու կազմակերպիչները կը հասցնեն փախուստի դիմել դէպի Գերմանիա:
1919թ. Յունուար 8-ին Կ. Պոլսոյ մէջ կը կազմուին Առաջին, Երկրորդ, եւ Երրորդ ռազմական արտակարգ ատեաններ:
1919 թ. Մարտ 8-ին, սուլթան Մեհմետ 6–րդ Վահիտետտինի (1918–1922) յատուկ հրամանագրով երիտթուրքերու կուսակցական ղեկավարներն ու նախարարները «կը յանձնուին Կ. Պոլսոյ ռազմական արտակարգ ատեանի քննութեան»: («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 14)
Անոնց դատավարութիւնը կը սկսի 1919 թ. Ապրիլ 27 –ին Կ. Պոլսոյ մէջ, ընդհատումներով կը տեւէ մինչեւ Յունիս 26 – ը: Մայիս ամսուն տեղի ունեցած 6 նիստերու ընթացքին հարցաքննութեան ենթարկուած են «Միութիւն եւ Յարաջդիմութիւն» կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, Մեծ վեզիր Սայիտ Հալիմ Փաշան եւ մի քանի նախարարներ: Սակայն անբացատրելի պարագաներով Մայիս 28-ին անգլիական հրամանատարութեան կողմէ 77 հոգի բանտէն կ՛աքսորուին Մալթա կղզին եւ կ՛ընդհատուի դատավարութիւնը: Յունիս ամսուն մեղադրական նոր ապացոյցներու հիման վրայ կը շարունակուի դատաքննութիւնը:
Յունիսական դատաքննութեան 7 նիստերու ընթացքին տեղի կ՛ունենայ պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններու դատավարութիւնը: Դատավճիռը կը կայացուի 1919 թ. Յուլիս 5 –ին:
Դատաքննութիւններու ընթացքին հեռակայ կարգով կը մեղադրուին 11, իսկ դատավարութեան ներկայ գտնուող 20 կուսակցական եւ պետական բարձրաստիճան գործիչներ:
Առաջին դատավարութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1335 թ. (1919) Ապրիլ 27-ին.
Դատի տրուած ներկայ գտնուող մեղադրեալներուն անունները են՝ Սայիտ Հալիմ Փաշա, Խալիլ Պէյ, Ահմէտ Նեսիմի Պէյ, Իպրահիմ Պէյ (քիւչիւկ), Թալէադ Պէյ, Ռիզա Պէյ, Միդհատ Շիւքրի Պէյ, Զիա Գիոքալփ Պէյ, Քէմալ Պէյ, Ճէվատ Պէյ, Աթեֆ Պէյ :
Հեռակա կարգով դատի տրուած մեղաւորներն են՝ Թալէադ Փաշա, Էնվէր Փաշա, Ճէմալ Փաշա, Դոկտ. Նազըմ Էֆէնտի, Դոկտ. Պէհատտին Շաքիր Էֆէնտի, Դոկտ. Ռուզուհի Էֆէնտի, Ազիզ Էֆէնտի:
Միեւնոյն ժամանակ քրէական օրէնսգրքի 372- րդ յօդուածի հիման վրայ կը տրուի գլխաւոր դատախազ Նազիմ Փաշայի հաւանութիւնը բացականերուն հեռակայ կարգով դատելու մասին:
Առաջին եւ յաջորդ մեղադրական եզրակացութիւններուն մէջ եղած փաստաթուղթերը՝ ծածկագիր հեռագրերը, նամակները կը վկայեն, թէ արեւմտահայութեան տեղահանութիւններն ու կոտորածները ռազմական կամ կարգապահական միջոցառումներ չէին, սահմանափակ կամ տեղական բնոյթ չունէին, այլ եղած են կանխամտածուած եւ իրականացուած են բացարձակապէս կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, յատուկ կեդրոնի հրահանգներով ու գաղտնի հրամաններով:
«Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան ղեկավարներուն եւ անդամներուն դատաքննութեան ենթարկելու կայացած որոշումին մէջ (1335 թ. – 1919 թ. Մայիս) կը յիշուի, – «Միութիւն եւ Յառաջդիմպւթիւն» կուսակցութեան յանցագործ անդամներէն մէկն ալ Կեդրոնական Կոմիտէի մտայղացմամբ եւ որոշմամբ կազմուած տեղահանութեան օրէնքն էր, եւ ատոր գործադրման հետեւանքով Օսմանեան Կայսրութեան բոլոր կողմերը յառաջ եկած ողբերգութիւնը: Լիովին ապացուցուած է , որ արեւելեան բոլոր վիլայէթներու մէջ տեղի ունեցած տեղահանութիւնը կեանքի կոչուած էր «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան ղեկավար անդամներէն կազմուած «Թաշքիլաթ-ը Մահսուսէ-ի» յանձնախումբի կողմէ, որուն նախագահը այդ շրջանին Պէհա Էտտին Շաքիր Պէյն էր» : («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 112 – 113)
Մեղադրական եզրակացութիւններուն եւ դատական նիստերու ընթացքին շեշտը դրուած է արեւմտահայութեան կոտորածներու վրայ:
Այս առընչութեամբ դատավարութիւններու ընթացքին դատավճիռին մէջ կը յիշուի,թէ կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ «թէշքիլաթ-ը մահսուսէ»-ի նախագահ Պէհիատտին Շաքիր Պէյը, Էրզրումէն Խարբերդի պատասխանատու քարտուղար, փախուստի մէջ գտնուող Ռեսնելլի Նազըմ Պէյին առաքուած ծածկագիր հեռագրին մէջ կ՛ըսէ. –
« Ձեր միջոցով ուղարկուած հայերը կը ոչանչացուին թէ ոչ»: («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 157)
Իսկ ներքին Գործերու նախարարութեան յատուկ գրասենեակի պետ Իհսան Պէյ նոյնպէս կը վկայէ, թէ երբ ինքը Քիլիսի քայմագամն էր, Սթամպուլէն Հալէպ գործուղուած Ապտուլահատ Նուրի Պէյ կը յայտնէ, թէ « հայերու տեղահանման հիմնական նպատակը իրենց ոչնչացումն է» եւ ինք այդ հարցով կապի մէջ մտնելով Թալէաթ պէյի հետ, իրմէ ուղղակի հրաման կ՛ըստանայ հայերը կոտորելու համար, զինք համոզելով , թէ այդ է երկրի փրկութիւնը: («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 17)
Դատավարութեան 2-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ նիստերուն հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին արեւմտահայութեան կոտորածն իրականացնող «թէշքիլաթ-ը մահսուսէ»-ն, որ կեանքի կոչուած էր, կազմակերպուած «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամներու կողմէ իրենց յատուկ որոշումով:
Կովկասեան ճակատի երրորդ բանակի նախկին հրամանատար՝ Վեհիպ Փաշան դատաքննութեան ներկայացուցած իր վկայութեան մէջ այդ մասին կը յայտնէ, թէ «հայերու բնաջնջման եւ ունեցուածքի կողոպտման հարցը վճռած էր «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէն, որ երրորդ բանակի շրջակայքի մէջ արնախում հրոսակախումբերու կազմակերպող ու ղեկավարողը Պեիատտին Շաքիր Պէյն է» : («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 17)
Դատաքննութիւնը կը բացատրէ, որ «թէշքիլաթ-ը մահսուսէ»-ի յանցագործ գործունէութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Միդհատ Շիւքրի Պէյ, անդամներ՝ Պէհիատտին Շաքիրը, Դոկտ. Նազմը, Ռիզա Պէյ, Անգարայի պատգամաւոր Աթիֆ Պէյը, հանրակրթական նախարար Շիւքրի Պէյը, խորհրդարանի նախագահ Խալիլը, հասարակական անվտանգութեան նախարար Ազիզ Պէյը, Կ. Պոլսոյ պարետ Ճեվատը: Յանձագործներուն ղեկավարողը եղած է ներքին գործերու նախարար Թալէադը: «Թէշքիլաթ-ը մահսուսէ»-ի անուան տակ կը գործէր երկու գաղտնի կազմակերպութիւն, որ ստեղծուած էր ռազմական նախարարութեան հրամանով, ղեկավարը եղած է Սուլէյման Ասքերի Պէյը: Կեդրոնը կը գտնուէր Կ. Պոլիս:
Դատավարութեան 5- րդ նիստի ժամանակ մեղադրեալ Աթիֆ Պէյ կը խոստովանի, թէ «թէշքիլաթ-ը մահսուսէ»-ի համար յատուկ պաշտօնատեղին եղած է Նուրի Օսմանիէ-. «թասֆիր-ի էֆքիար» թերթի տպարանի դիմաց վարձուած No 32 տունը: Այս կազմակերպութիւնը կը գործէր Կովկասեան մահմետական ժողովուրդներու մէջ Ռուսաստանի դէմ խռովութիւն սերմանելու նպատակով, հաւաքագրել Կովկասի տարածքին ծանօթ, տեղի ժողովուրդներու լեզուներուն տիրապետող մարդկանց եւ խումբերով, գաղտնի սահմանէն դուրս հանել:
Երկրորդ «թէշքիլաթ-ը մահսուսէ»-ն կը գտնուէր ներքին գործերու նախարարութեան անմիջական տրամադրութեան տակ: Պէհիաէտտին Շաքիրի ղեկավարութեամբ կ՛իրականացուէր արեւմտահայութեան տեղահանութիւնն ու կոտորածը: Այդ գործարքը կը հաստատուէր կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ռիզա Պէյի ցուցմունքով: « Իմ կարծիքով, ռազմական նախարարութեան հրամանով կազմակերպուած « թէշքիլաթ-ը մահսուսէ»-ն կը գործէր ռազմաճակատի եւ ընդհանրապէս հակառակորդի գտնուած շրջաններուն մէջ: Միւս՝ երկրորդ «թէշքիլաթ-ը մահսուսէ»-ն ստեղծուած էր, որպէսզի կարգ մը վիլայեթներու, սանճաքներու, կազաններու մէջ իրականացնէ տեղահանութիւնը»: («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 18)
Հետաքննութիւններու նիւթերէն կը պարզուի, թէ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի եւ «թէշքիլաթ-ը մահսուսէ»-ի վերաբերեալ կարեւոր գրութիւնները մեծ մասամբ ոչնչացած են: Ասոր հիմնական մեղաւորը կը հանդիսանար դոկտ. Նազըմը: Ան կոմիտէին գործարքներուն կատարուած յանցագործութիւնները թաքցնելու նպատակով փախցուցած է կուսակցութեան արխիւը:
Սակայն գործադրուած բոլոր զգուշութիւններով հանդերձ, ռազմական արտակարգ ատեանի ձեռքը անցած է բաւականաչափ թիւով հեռագիրներ, նամակներ եւ այլ գրաւոր փաստաթուղթեր, որոնք անվիճելիորէն կը հաստատեն հայերու տեղահանութեան եւ ոչնչացման ընթացքին « Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի, ներքին գործերու նախարարութեան եւ «թէշքիլաթ-ը մահսուսէ »-ի միջեւ եղած համագործակցութիւնը, ուր իրենց գործը եւ մասնակցութիւնը ունեցած են նաեւ շրջանային պատասխանաու քարտուղարները:
Հարցաքննութիւններու ընթացքին մեղադրեալները կը փորձէին խոստովանիլ ճշգրիտ պատասխաններ տալ: Սակայն, խաչաձեւ հարցաքննութեան ժամանակ, որպէս մեղադրական ապացոյց՝ հեռագիրներու, նամակներու եւ եղած վկայութիւններու հիման վրայ լիովին կը բացատրուի իսկութիւնը՝ որ տեղահանութիւնն ու կոտորածը կեդրոնական կոմիտէի գաղտնի նիստերէն մէկուն որոշուած է ձայներու մեծամասնութեամբ:
Այսպիսով կը բացայատուի յանցագործ արարքներու անմիջական հեղինակները: Ինչպէս՝ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան իրաւական դէմքն արտայատող ղեկավարներն ու ընդհանուր խորհրդարանի անդամները, փախուստի մէջ գտնուող նախկին մեծ վեզիր Թալէադ Փաշան, նախկին ռազմական նախարար զինուորական շարքերէն վտարուած Էնվեր Փաշան, նախկին ծովային նախարար նոյնպէս զինուորական շարքերէն վտարուած Ճէմալ Փաշան, որոնց անմիջական հեղինակութեամբ կատարուած են այդ յանցագործութիւնները:
Յատկապէս լիովին կը պարզուի, որ կոտորածի գործադրման որոշումը առնուած է երեքի հիմնական համաձայնութեամբ:
Կը պարզուի նաեւ, թէ կատարուած յանցագործութիւններուն մէջ իր մեղսակցութիւնը ունեցած է նաեւ, Շէյխ ուլ իսլամ Մուսա Քազիմ Էֆէնտի: Ան առաւելաբար զբաղած է կուսակցութեան կրօնագիտական հարցերով, սակայն կը բացայայտուի, թէ ան ունեցած է անուղղակի մասնակցութիւն:
Դատարանը կը մեղադրէ պաշտօնատար անձանց, որոնք իրազեկ ըլլալով կոտորածներու եւ բռնութիւններու մասին, ոչ մէկ գործնական քայլի չէին դիմած այդ բոլորը կանխելու համար: Ընդհակառկը, նպաստած են որպէսզի շարունակուի այդ ողբերգութիւնը:
Այս առընչութեամբ արժէ յիշել, 24 -26 Թեշրին Սանի 1334 ( 1918 թ. Նոյեմբեր) թուագրութեամբ պատգամաւորներու խորհրդարանի 5-րդ մասնաճիւղի արձանագրութեան մէջ Ֆինանսի նախարար Ճավիտ Պէյի ելոյթը: Ան կը յիշէ, թէ «բռնապետութենէն դժգոհ էին բոլորը, յատկապէս դժգոհ էին ոչ մահմետական տարրերը, նամանաւանդ՝, մեզ բոլորիս խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ արդարութիւն բերող սահմանադրութեան հարցով, հայ ժողովուրդին գործադրած եւ ունեցած խոր համոզումը, անոնք ճիշդ չհասկցան եւ սկսան յառաջ քաշել հայերու նախկին ազգայնական տենչանքներու աճման պատճառականութիւններ, երկպառակութիւններ ու ոխակալութիւն սերմանելով այլ տարրերու միչեւ, եւ նոյնիսկ ազգայնական եւ ցեղային հարցեր առաջ բերին մահմետական ժողովուրդներու միչեւ:» («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 121)
Այս տեսակէտէն յանցաւոր կը նկատուէր Շէյխ Ուլիսլամ Մուսա Քազիմ Էֆէնտին, որ նաեւ որպէս կրօնական առաջնորդ կրնար մեծ ազդեցութիւն ունենալ այդ վայրագութիւնները խափանելու հարցով: Դատաքննութեան ընթացքին, ան փորձեց արդարանալ, որ ինքը պատասխանատու չէ կառավարութեան անդամներու գործադրած յանձագործ արարքներուն համար, որ մեղաւոր է ներքին գործոց նախարարութիւնը:
1919 թ. Յուլիս 5-ին արձակուած դատավճիռը կ՛անդրադառնայ հայութեան կոտորածներու եւ ունեցուածքի կողոպտման մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ առանց խորհրդարանի որոշման Առաջին համաշխարհային պատերազմին մասնակցելու:
Դատավարութիւններու ընթացքին Պոլսոյ ռազմական արտակարգ ատեանը, մանրամասն հարցաքննութեան կ՛ենթարկէ նաեւ գաւառներու մէջ տեղի ունեցած տեղահանութեան եւ կոտորածներու անմիջական իրականացնողները:
Քաղաքացիական քրէական օրէնսգիրքի 45-րդ յօդուածի առաջին կէտով դատարանը մահուան վճիռ կ՛արձակէ Թալիադի, Էնվէրի, Ճէմալի եւ Նազըմի նկատմամբ: Իսկ 45-րդ յօդուածի երկրորդ կէտի համաձայն, եւ 55-րդ յօդուածի վերջին կէտի համաձայն Ճաւիտը, Մուսթաֆա Շէրէֆը եւ Մուսթաֆա Քազիմը կը դատապարտուին 15- տարուայ աքսորի: («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 21)
Այստեղ մոռացութեան տրուած է դաշնակիցներու հովանաւորութեամբ Մալթա կղզի աքսորուած յանցագործներուն մասին: Ոչինչ յիշուած է դատավճիռին մէջ:
Դատավարութիւններու ընթացքին դատաւորները, իհարկէ ոչ բոլոր դէպքերուն ցուցաբերեցին անհրաժեշտ հետեւողականութիւն: Անոնցմէ շատեր կապուած ըլլալով երիտթուրքերու հետ, յաճախ կը փորձէին չխորանալ կատարուած փաստերու մէջ եւ չընդունիլ խիստ որոշումներ :
Այդ օրերուն իթթիհատականները զանազան միջոցներով ոչ միայն կ՛աշխատէին խանգարել դատավարութեան բնականոն ընթացքը, այլ կը փորձէին ազդել ռազմական ատեանի անդամներուն վրայ, թեթեւցնելու համար մեղադրեալներուն յանցանքը:
Այդ ընթացքին, որպէս հակադարձութիւն Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնեն մի քանի կեղծ հրապարակումներ, որոնց հեղինակները ամէն գնով կ՛ուզէին ապացուցել, թէ հայերն են որ բռնութիւններ գործադրած են թուրքերու նկատմամբ:
Այդ նոյն մտադրութեամբ կուսակցութեան կեդրոնական պետական գործիչներուն դատավարութեան ընթացքին, գլխաւոր դատախազի օգնական Ռեշատ Պէյ, իր ընդարձակ ելոյթին մէջ քաղաքական յետին նպատակով կ՛անդրադառնայ հայ եւ թուրք յարաբերութիւններու անցեալի իրադարձութիւններուն, մեղադրելով հայերը իրենց ազատագրական պայքարին համար:
Յոզկաթի, Տրապիզոնի, Պէյուքտէրէյի եւ Խարբերդի տեղահանութեան եւ կոտորածներու դատավարութիւններու ընթացքին, նոյնպէս մեղադրեալները՝ Յոզկաթի մութասարէֆի տեղակալ, Քէմալ Պէյ, Յոզկաթի ոստիկանապետ Թաուֆիք Պէյ եւ դատապաշտպանները կը փորձեն ուրանալ կատարուած յանցանքը: Սակայն դատական փաստաթուղթերուն «մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան» հիման վրայ դատավճիռ կ՛արձակուի ըստ Օսմանեան օրէնքներու, եւ որուն «անխափան գործադրումը» կը մտնէ պետութեան պաշտօնեաներու պարտականութիւններուն մէջ
Դատաքննութիւններու ընթացքին պարզ ու յստակ կը դառնայ, թէ Թուրք գաղափարախոսներու հետապնդած նպատակն էր՝ իրագործել Օսմանեան Կայսրութեան ոչ մահմետական ժողովուրդները «Օսմանեան Ազգութեան» մէջ միաձուլելու քաղաքականութիւնը: Քաղաքական այս մօտեցումը ցայտուն կերպով կը հաստատէ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Զիաքիոգալփի հարցաքննութեան ընթացքին ներկայացուց զեկոյցը: Ան թղթակիցն էր « Ենի Մաճմուան» հանդէսին , ուր լոյս կը տեսնէր թուրանիզմի վերաբերող իր յօդուածները:
Ի՞նչ է Թուրանը
Թուրանը թուրք քաղաքական մտքի գաղափարախոսութիւնն է:
Այն քաղաքական ուղեգիծն է, որով թուրքիան դարեր շարունակ հետապնդեց իր նուաճողական քաղաքականութիւնը:
Այս առընչութեամբ դատաքննիչ ատեանի նախագահը կը պահանջէ, որպէսզի երիտթուրքերու գաղափարախօս՝ Զիա Գիոքալփ այդ խնդրին շուրջ բացատրէ իր տեսակէտը՝ թէ ի՞նչու Օսմանիզմի փոխարէն ան նախապատուութիւնը կուտայ թուրանիզմին:
Ան կը պատասխանէ հետեւեալը . – «Ի՞նչ է Թուրանը» վերնագրով յօդուած մը ունիմ ուր ցոյց կու տամ, որ այսօրուայ պատկերացումով այն մշակութային թուրան է: Այսինքն՝ Օսմանական թուրքերը պէտք է մէկ մշակոյթ ստեղծեն: Յետագային միւս թուրքերը(թուրքալեզու ժողովուրդները Ա.Փ.) ընդունելու պարագային կը ստացուի մշակութային թուրան: Եւ այդ մէկը նպաստաւոր կը դառնայ նաեւ Օսմանեան պետութեան համար, քանի որ նախ կը զարգանայ Օսմանեան երկրի հիմքը հանդիսացող թրքութիւնը: Բնական է, որ կը հզօրանայ նաեւ պետութիւնը, յետագային ալ ամբողջ թրքութիւնը որոնք կ՛ընդունին Օսմանեան թուրքերէն լեզուն: Ատրպէյճանի թուրքերը արդէն սկսած են մշակութային թուրանի ուղղութեամբ աշխատիլ: Թուրքերէն լեզուի տարածումը, Օսմանեան գրականութեան, որպէս ազգային գրականութիւն ընդունիլը, բոլոր թուրքերը հոգւով սրտով պիտի կապուին մեզի հետ: Բոլոր թուրքերը պիտի ընթերցեն մեզ մօտ լոյս տեսած ստեղծագործութիւնները: Թերթերու եւ գիրքերու ընթերցողները եթէ շատնան, բնական է որ գրողները, գրականագէտներն իրենց ստեղծագործութիւններէն առաւել շատ օգուտ կը քաղեն: Ահա այդ յօդուածը սկիզբէն մինչեւ վերջ գրուած է այս նպատակին համար եւ պարզ ցոյց տրուած է, որ այն նպաստաւոր կ՛ըլլայ Օսմանիզմի համար»: («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 86)
Դատաքննութեան նախագահը հարց կու տայ, թէ այս հանգամանքը արդեօք չի գրգռէր ոչ մահմետական ազգութիւնները:
– Ոչ , էֆէնտի , – կը պատասխանէ Զիա Գաոիքալփ, – բոլոր Օսմանեան ազգութիւններն իրենց մշակոյթի մէջ ազատ են: Այսինքն՝ իւրաքանչիւրը կարող է իր մայրենի լեզուով գրականութիւն հրատարակել: Այնպէս որ, այս կարգը փոխանակ իրենց վշտացնելու, պէտք է որ գոհացնէ: Այդ ազգութիւնները կ՛ատեն այն մարդկանց, որոնք կ՛ըսեն, թէ թուրքական ազգ, եւ թուրքական մշակոյթ գոյութիւն չունի, այլ կայ միմիայն Օսմանեան լեզու եւ Օսմանեան մշակոյթ: Այսինքն՝ անոնք միւս ազգերուն չեն ճանչնար եւ կ՛ըսեն, որ.- գոյութիւն ունի միմիայն Օսմանեան ազգ: Մինչդեռ իմ համոզումով «Օսմանեան» անուանումը կը վերաբերի միայն պետութեան , այսինքն ՝ Օսմանեան պետութեան: Եւ այդ պետութեան մէջ ընդգրկուած են արաբ, թուրք, հայ եւ այլ ազգութիւններ: Այս հանգամանքը կը հաստատէ իւրաքանչիւրին ինչ ազգութիւն ըլլալը եւ միեւնոյն ժամանակ կ՛ապահովէ Օսմանեան պէտութեան հզօրութիւնը»:
«Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, որ Օսմանեան պետութիւնը, որպէս յենարան, կարող է ունենալ ազգերու միչեւ գոյութիւն ունեցող միութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը: Իսկ եթէ յայտարարուի, որ բոլորս Օսմանցի ենք եւ ազգութիւն չունինք, ապա ազգութիւններու միչեւ չի կրնար միասնականութիւն ըլլալ: Հասկնալի է, որ միւս ազգերը կը մերժեն այս թեզը: («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 86-87)
Այստեղ յստակօրէն կը պարզուի, թէ երիտթուրքական գաղափարախոսին վերոյիշեալ հայեացքներն ու տեսակէտները, իր համարձակ միտքերը, կը հանդիսանան համագումարը փանթուրանական գաղափարներուն: Տեսութիւն մը, որ ամուր հիմնաքարը կը հանդիսանար թուրանիզմի գաղափարախօսութեան, որ միաժամանակ երիտթուրքերուն դաւանած սկզբունքն էր, իրենց հետապնդած նպատակներուն կիզակէտը:
Այդպիսի ծրագիր մը իրագործելու համար, թուրքական քաղաքականութեան գործիքը կը ղեկավարուէր կառավարողներուն առաջադրած բանաձեւով, թէ նպատակը կ՛արդարացնէ բոլոր տեսակի միջոցները: Այդ նշանաբանով կ՛առաջնորդուէր ու կը գործէր ինքը Թալէադ Փաշան: Այն ինչ կը հաստատէ Հալիտէ Էտիպի մէկ վկայութիւնը, երբ կը յիշէ, թէ Թալէադ խոստվանած է իր անմարդկային արարքը, սակայն իր առած քայլը կ՝արդարացնէր ազգային շահերու տեսակէտէն: Որովհետեւ Թալէադ ունէր այն համոզումը՝ թէ «այնքան ժամանակ, երբ ազգ մը իր սեփական շահերուն համար կ՛ընէ ամէն ինչ, եւ կը յաջողի, աշխարհը կ՝ընդունի այդ: Ես պատրաստ եմ մեռնելու այն բանի համար, ինչ կատարեցի եւ գիտեմ, որ կը մեռնիմ ատոր համար».- կը յայտարարէր ան : («Հայերի Ցեղասպանութիւնը» -էջ 17)
Այդ հիման վրայ կը գործադրուէր, երիտթուրքերու նուաճողական քաղաքականութիւնը: Այդպիսով ե՛ւ կրօնական եւ՛ քաղաքական անվերջանալի հալածանքներն ու կեղեքումները ողբերգական վիճակի հասցուցին արեւմտահայութիւնը:
Այդ մասին հետագային, իր յուշագրութեան մէջ Թալէադ կ՛ընդունի, թէ հայերու տեղահանութեան ժամանակ տեղի ունեցած են բռնութիւններ ու կոտորածներ:
Ի՞նչ կը պատգամէ այսօր հայոց ցեղասպանութեան 100 –ամեակը
- Ցեղասպանութեան ուրացումը չի կրնար խախտել մարդկային իրաւունքներու անխախտ օրէնքը:
- Ո՞ւր եւ ի՞նչպէս անհետացան Արեւմտահայութեան երեք միլիոն հայերը, որոնք դարեր շարունակ կ՛ապրէին իրենց հայրենի հողին վրայ: Այս հարցումին պատասխանը պահուած կը մնայ թուրքիոյ արխիւներուն մէջ:
- Հակադարձել թուրք կառավարութեան այն պնդումներուն, թէ հայերը թշնամաբար տրամադրուած էին թուրքիոյ հանդէպ, կ՛ըմբոստանային թուրքերուն դէմ, նպատակ ունէին թուրքիայէն անջատուիլ: Երբ հայերուն ցանկութիւնը եղած է մարդավայել ապրելու իրաւունք ստանալ, պաշտպանել հայութեան կեանքը:
- Երիտթուրքերու գործադրած ցեղասպանութիւնը ամէն կասկածէ վեր է: Ապացոց՝ 1919-ին երիտթուրքական կառավարութեան ղեկավարներուն եւ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն դատավարութեան հետ առընչուած փաստագրական տեղեկութիւններն ու վկայութիւնները:
- Թուրքիան պէտք է անդրադառնայ, թէ ուրացումի իր քաղաքականութինը չունի պատմական հիմքեր: Քաղաքականութիւն մը, որ այլեւս կորսնցուցած է իր իմաստը, դարձած է ժամանակավրէպ յանկերգ մը, որուն կրնան հաւատալ հայոց պատմութեան անիրազեկ մարդիկ:
Ի վերջոյ, Ցեղասպանութեան հարցի վերաբերեալ թուրքիոյ ժխտողական վերաբերմունքը կրնայ հակասել իր քաղաքական շահերուն:
- Այսօր ժխտողական արտայայտութիւններու կողքին , դրական երեւոյթ մը կը պարզէ այն բազմաթիւ թուրքերուն զարթնումը, որոնք երբէք չէին լսած հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը : Երբ Մարդասիրական սկզբունքներով համակուած թուրք լրագրողներու կողմէ կը լսուին հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ առողջ մօտեցումի ձայներ: Անոնք կը փորձեն ճանչնալ իրենց անցեալի պատմութիւնը, որ ծրագրուած ձեւով տասնամեակներ շարունակ իրենց համար մնացած էր մութին մէջ:
- Հայ – Թուրք երկխօսութիւնը կարելի է դնել ճիշդ հունի վրայ, երբ երկու պետութիւններու՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միչեւ տեղի կ՛ունենան անաչառ մօտեցումով բանակցութիւններ, ուր նկատի կ՝առնուի ցեղասպանութիւնը իրագործողներուն եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած տուժած կողմի պահանջատիրութեան իրաւունքները:
- Անցեալի դաժան փորձութիւնը ցոյց տուած է սակայն, թէ մեծ տէրութիւններու շահադիտական քաղաքականութեան պատճառով, Սուլթանիզմը եւ Փանթուրանիզմը անվախօրէն իրականացուցին իրենց հալածանքներուն ու ջարդերուն ծրագիրը:
Հարկաւոր է չտարուիլ պատրանքներով ու սին խոստումներով, վարել իրատես քաղաքականութիւն:
. 100 ամեակի վերընթաց ուղին դիտել իր ողջ բովանդակութեամբ, հիմնաւորուած այն տեսակէտներով ու պնդումներով, որոնք կը ներկայացնեն ճշմարիտ իրականութիւնը, եւ աւելի կը յստակացնեն մեր իրաւունքներուն պահանջը:
Եւ վերջապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը այն հանգրուանն է, երբ հայ ժողովուրդը կը թեւակոխէ իր պատմութեան բախտորոշ մէկ ժամանակահատուածը: Հանգրուան մը, որ մեզմէ կը պահանջէ կազմակերպուելու, բռունցք դառնալու կամքը, մեր շուրջ հաւաքելու հայութեան ուժն ու միտքը, զօրութիւնն ու անընկճելի կորովը:
Նուարդ Մատոյեան – Տարագճեան
Հալէպ
ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ