«Նահար» օրաթերթի յօդուածագիր Ուատտահ Եուսեֆ Հըլու կ՛անդրադառնայ թուրք պատմաբան Եուսուֆ Հալաճօղլուի պատրաստած գիրքին արաբերէն հրատարակութեան` փորձելով բացայայտել այդ գիրքին կատարած պատմութեան նենգափոխումը:
Հալաճօղլուի գիրքը` «Հայոց բռնագաղթը. 1914-1918», փորձ մըն է Հայոց ցեղասպանութեան «Ճշմարիտ փաստաթուղթեր»-ը ներկայացնելու թրքական պաշտօնական դիտանկիւնէն:
Ուատտահ Եուսեֆ Հըլու այդ գիրքին կը հակազդէ հետեւեալ յօդուածով.
Փոքր հասակիս, յիսունականներու Ժիպէյլի մէջ, ուշադրութիւնս կը գրաւէր մարդ մը, որուն գլուխը հազիւ թէ կեցած ըլլար անոր ճիտին մնացորդացին վրայ: Աչքերս միշտ կը յարէի այդ ահաւոր պատկերին, մինչեւ որ օր մը իմացայ, թէ ան հայ Խաչիկն է, եւ անոր պարզած այդ պատկերը թուրքերուն վայրագութեան հետեւանքն է: Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի յիշողութեան մէջ թուրքերը ձգած են ուռեցք մը եւ թարախ մը, իսկ Խաչիկին պարզած պատկերը բազմապատկեց իմ ատելութիւնս թուրքերուն նկատմամբ, որոնք 400 տարի Լիբանանի կուրծքին վրայ հանգչեցան` խալիֆայութեան պատրուակով:
Անատոլուի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին շատ գրութիւններ եւ հրատարակութիւններ կան, իսկ հայերը, ուր որ ալ ըլլան, տարբեր գաղութներու մէջ պիտի չմոռնան, թէ ինչպէ՛ս Երիտասարդ թուրքերուն ղեկավարութիւնը, անգլիացիներուն եւ ֆրանսացիներուն հովանաւորութեամբ, զօրակցութեամբ ու պաշտպանութեամբ, կազմակերպեց ու գործադրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Մեր դրացիներէն Նիքոլայ Ապտօ ինծի պատմած է իր յոյն մեծ մօր յուշերէն, որոնց համաձայն, օր մը իր մեծ հայրը իր կնոջ յայտնած է, թէ ինք Մերսին կը գտնուէր, երբ թուրքերը մեծ թիւով հայ երիտասարդներ գնդակահարած են, եւ այդ վայրագութեան չեն միջամտած ֆրանսական ուժերը, որոնք գնդակահարումը լուռ վկայած են:
Եուսուֆ Հալաճօղլուի «Հայոց բռնագաղթը» գիրքը հրատարակութիւն մըն է, որ կը ներկայացնէ էական հարցի մը շուրջ թրքական պաշտօնական տեսակէտը: Ան կը ջանայ արդարացնել գործադրուած սպանդները, արիւնահեղութիւնը եւ ամբողջ ազգի մը բնաջնջումը` արձանագրելով հետեւեալը. «Մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին բռնկիլը, հայկական կազմակերպութիւններ եւ աւազակախումբեր թրքական կարգ մը քաղաքներու մէջ գործադրեցին անհնազանդութիւն, ինչպէս նաեւ քանդեցին ու պայթեցուցին որոշ շրջաններ եւ գործադրեցին սպանութիւններ, որոնցմէ գլխաւորը` Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի մահափորձը` Եըլտըզի պալատին մօտ»:
Գիրքին ներկայացուցած այս ամփոփումը ոչ ոք կրնայ համոզել, նոյնիսկ կրաւորական հետեւող մը չի կրնար համոզուիլ ներկայացուած այս տեղեկութիւններուն: Եթէ Հալաճօղլու իսկապէս կ՛ուզէ համոզել իր ընթերցողը, ապա ան պէտք է փաստեր ներկայացնէ, ինչպէս` Սուլթանին մահափորձը կազմակերպողներուն անունները, մահափորձին մանրամասնութիւնները: Իսկ էական հարցումը կը մնայ այն, թէ ինչո՞ւ դատավարութիւն չէ եղած այդ հարցով:
Այլ տեղեկութիւն մը, որ Եուսուֆ Հալաճօղլու առանց համոզելու կը ներկայացնէ, այն է, թէ հայերը Հաթաքի, Պիթլիսի, Էրզրումի եւ Զէյթունի մէջ կազմակերպած են հաւաքական ջարդեր ու վայրագ սպանդներ, եւ այս շրջաններէն առաջինը յանձնած են ռուսական ուժերուն: Իսկ պատմութիւնը կարդացողին համար յստակ ու պարզ է, որ առանց Ռուսիոյ` Օսմանեան կայսրութիւնը մէկ դար աւելի առաջ քայքայուած կ՛ըլլար, երբ եգիպտական ուժերը հասան Գոնիա եւ մօտեցան Պոլսոյ, Ռուսիա իր մարտանաւերը գործուղեց Պոսֆոր եւ Իպրահիմ Փաշային սպառնաց` անկէ պահանջելով կասեցնել զինուորական իր գործողութիւնները:
Օսմանեան ահաբեկչութիւնը փաստելու համար դատապարտումի ապացոյցներու կարիք չկայ. անիկա մեր վիզերուն խրած փամփուշտի նման տիրած է մեզի 400 տարի շարունակ:
Թուրքերը իսլամական խալիֆայութիւնը դաւադրութեամբ խլեցին մեմլուքներէն` Հալէպի մօտ մղուած Մարժ Տապեքի ճակատամարտէն ետք:
Իսլամական կրօնը արաբերէնով իջաւ երկինքէն, սակայն չէ պատահած, որ օսմանցի սուլթան մը արաբերէն խօսի, այլ անոնք կը խօսէին գերմաներէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Գինեմոլներ էին եւ եղբայրասպան:
Իսկ այսօր, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կը փորձէ «իսլամական նոր օսմանականութիւն» մը յառաջացնել` փոխարինելու համար արաբականութիւնը եւ արաբական իսլամութիւնը: Այս բոլոր դաւադրութիւններուն պարագային թուրքերը կը գործակցին իրենց դաշնակից սիոնականութեան հետ, այնպէս ինչպէս գործակցած են, երբ Ճեմալ Փաշան կախաղան բարձրացուցած է Լիբանանի ազատականները:
Բոլոր փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ թուրանականները սպաննեցին եւ բռնագաղթի ենթարկեցին մէկուկէս միլիոն հայեր. արդեօք անոնք բոլորը աւազակախումբե՞ր էին եւ օսմանեան վարչակարգին դէմ դաւադրութիւն գործողնե՞ր:
Միթէ՞ Եուսուֆ Հալաճօղլու կը կարծէ, թէ լիբանանցիները չեն ճանչնար Օսմանեան կայսրութեան վայրագութիւնն ու բռնարարքները, սպանութիւններն ու շահագործումները, յատկապէս` քրիստոնեաներուն դէմ:
Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք Իսրայէլի դաշնակից նոր օսմանցիները կը փորձեն լուալ իրենց ձեռքերը: