Այն, ինչ կատարուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ անցեալ դարասկիզբին, դատապարտուեցաւ մարդկութեան կողմէ եւ արձագանք գտաւ տարբեր երկիրներու մամլոյ էջերուն վրայ:
Արաբական մամուլը չէր կրնար բացառութիւն կազմել այս հարցին մէջ: Առաւել եւս, որ արաբ ժողովուրդը մեր ժողովուրդի մղձաւանջային ժամանակներու ականատեսն է: Արաբական մամուլը ի լուր աշխարհի բազմիցս ներկայացուցած է հայ տարագիրներու սահմռկեցուցիչ վիճակը:
Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակակից լրագրողներու նիւթերը հողմացրիւ կ’ընեն բոլոր կասկածները, կը խափանեն ամէն փորձ` խաթարելու Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը:
Իրաքի մամուլը, մաս կազմելով արաբական մամուլին, եւս անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան:
Իպն Ուլ Իրաքը կը նշէ. «Պաղտադ դարեր ի վեր տնքաց թուրքի լուծի տակ, մինչեւ կորսնցուց իր երբեմնի մշակոյթը, որուն մասին ոսկէ տառերով գրուած է աշխարհի պատմութեան էջերուն վրայ: Երբ անոնք (թուրքերը-Ա.Պ.) «հագեցան» հայերուն ջարդելէն` իրենց ձեռքերը մինչեւ դաստակները հայերու անմեղ արիւնով ներկելէն ետք, սկսան նոյնը ընել արաբներուն հետ»:
Մէկ այլ յօդուածի մէջ կը ներկայացուի Առաջին աշխարհամարտին օսմանցի զոհուածներու ընդհանուր թիւը: Այն կը հասնի 7 000 000-ի, որմէ 1 000 000-ը միայն հայեր էին: Բանակին մէջ զոհուած են 1 000 000, 2 000 000-ը` վիրաւորներն ու գերիներն են (ըստ լրագրողի` կէսէն աւելին յետոյ մահացած է վատ պայմաններու պատճառով), համաճարակներէ եւ սովէ` 4 000 000:
Իպն Ուլ Ճելան իր «Այն, ինչէն տուժած են արաբները թուրքերէն Պաղտատի մէջ» յօդուածին մէջ կը գրէ. «Թուրքերը իրենց պապերէն ժառանգած են վայրագութիւն, անպատկառութիւն, որ, միանալով տգիտութեան, դարձուցած է անոնց գազան, գայլեր: Հայերու մեծ կոտորածները աւարտելէ ետք (եղեռնագործութիւն, որ կ’անիծէ պատմութիւնը, որմէ կը խորշի մարդկութիւնը), Ճեմալ փաշան կախաղան բարձրացուց արաբ լաւագոյն երիտասարդները, տեղահանեց շատերը Անատոլիա` բռնագրաւելով անոնց ունեցուածքը»: Ան իր յօդուածի շարունակութեան մէջ կը նշէ. «Խելիլ փաշան, որպէսզի ետ չմնայ Ճեմալէն, սկսաւ սպաննել, կոտորել արաբները զուտ արաբ ըլլալնուն համար, ինչպէս հայերու կը կոտորէին` հայ ըլլալնուն համար…»:
Հարուն Էլ Ռաշիտ իր «Թուրքերու խայտառակութիւնը Շամի մէջ» յօդուածին մէջ ի յայտ կը բերէ թուրքերու վախը, մտահոգութիւնը իրենց սեփական ձեռքերով գործած կոտորածներուն հետեւանքով: Հայերը տարագրելով Սուրիա` փորձեցին առիթէն օգտուիլ եւ պառակտել հայերն ու արաբները: Փորձեցին մտերմանալ հայերու հետ եւ «թողութիւն» խնդրել:
Կ’ըսեն (թուրքերը-Ա.Պ.), թէ իրենց եւ արաբներու միջեւ ստեղծուած է անյաղթահարելի անջրպետ, քանզի արաբներու սրտէն առյաւէտ վերացած է բարեխղճութիւնը: Մինչդեռ հայերուն կը սիրեն եւ կը ցանկան միասին ապրիլ անոնց հետ: Ըստ լրագրողին` ատիկա շատ ծիծաղելի կը հնչէ, առաւել եւս այդ կոտորածներէն վերջ…
Արաբ սպայ մը միշտ կ’այցելէր հայ գաղթականներու հաւաքատեղիները եւ կ’ըսէ. «Մենք միեւնոյն ճակատագիրի տէր ժողովուրդ ենք: Հայերու դժբախտութիւնը նաեւ արաբներու դժբախտութիւնն է»,- եւ կոչ կ’ընէ հոգատարութեամբ վերաբերիլ հայերուն:
Իպն Էլ Նաթըք Պըլ Հաք իր «Անատոլիոյ հայերու հասնիլը Հալէպ» յօդուածին մէջ կը փորձէ իրաքցիներուն ներկայացնել հայերու վիճակը. «Հայ կանայք Հալէպի մէջ առանց ամուսիններու էին, որովհետեւ վերջիններուս ճակատագիրը` սպաննուիլ անապատներու մէջ…
Կանայք 2 ամիս անընդմէջ խումբ-խումբ կը հասնէին Հալէպ: Հալէպի մէջ այլեւս տեղ չկար եւ անոնք փողոցներու մէջ յայտնուեցան: Հայ կանանց անարգուած, ստորացուած վիճակը տեսնելով` մահ կը ցանկաս: Անոնք սովէն, ոտաբոբիկ քալելէն ուժասպառ եղած էին: Նման պայմաններու մէջ համաճարակներու ի յայտ գալը շատ սովորական է: Գաղթականներէն շատերը տիֆով կը տառապէին: Այդ հիւանդութենէն մահացողներու թիւը օրական կը հասնէր 200-ի, իսկ դիակները կը մնային մայթերուն: Տիֆով կը հիւանդանային նաեւ հալէպցիներէն շատերը»:
«Հայերու որբանոց» յօդուածին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Անգլիացի զինուորական կառավարիչ Հոկերն իր օգնականին եւ քարտուղարին հետ կ’այցելէ հայերու որբանոց, ուր շատ ջերմ ընդունելութեան կ’արժանանայ: Որբանոցին մէջ 135 երեխայ կայ: Որբուհիներէն մէկը բացման խօսքը կը կարդայ անգլերէն, այնուհետեւ` հայերէն: Բոլորը կը հիանան աղջկան ճարտարախօսութեամբ: Երեխաները նաեւ կ’երգեն ազգային երգեր, որ կը խորհրդանշէ անոնց ազգասիրութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը: Աշխարհի մէջ թէկուզ մէկ հայ մնայ, անոր ազգասիրութեան հետ ոչ մէկ ազգ չի կրնար մրցակցիլ:
Կառավարիչը կը շրջի որբանոցին մէջ. սենեակներուն, ճաշարանի եւ խոհանոցի մաքրութիւնը կ’ապշեցնեն անոր:
Այցելութեան աւարտին որբանոցի բժիշկը շնորհակալութիւն կը յայտնէ անգլիացի կառավարիչին` հոգատարութեան համար»:
Մէկ այլ` «Արաբներու եւ հայերու միջեւ» յօդուածին մէջ կը կարդանք. «Պատերազմի օրերը կարելի է անուանել Արեան, Արցունքի եւ Ցաւի օրեր: Չնայած արեւելքի մէջ տեղի ունեցածը արձագանք կը գտնէր արեւմուտքի մէջ, այնուամենայնիւ, իւրաքանչիւր ազգ կը մտահոգուի նախ եւ առաջ իր իսկ սեփական հարցերով, նոր միայն իր ամենասրտամօտ ազգով:
Մենք` արաբներս, մեր վիշտն ու տառապանքը յիշելնուս` կը տեսնենք մեր կողքին ամբողջ ժողովուրդ մը, որ դեռեւս կը տառապի եւ պայքարի, յաղթահարելով արգելքներ, ինչպէս որ մենք: Արիւնարբու թշնամին միշտ ալ ձգտած է տիրել թէ´ հայերուն, թէ´ արաբներուն:
Արաբ ժողովուրդն այսօր թուրի ուժով անկախութիւն ձեռք բերած է Հիճազի մէջ: Պայքարը կը շարունակուի արաբական այլ վայրերու մէջ: Հայերը նոյնպէս կատարեալ պայքար կը տանին յանուն հայրենիքի:
Հայերը եւ արաբները հասան այն գիտակցութեան, որ միահամուռ ուժերով պէտք է պայքարիլ: Եթէ անոնք նախօրօք միանային, ապա շատ ցաւեր եւ տառապանքներ խնայած կ’ըլլային:
Յօդուածին մէջ կոչ կ’ուղղուի կամքով զինուիլ, քանզի իւրաքանչիւր անջրպետ կը յաղթահարուի կամքի ուժի շնորհիւ: Նաեւ կոչ կ’ուղղուի համբերատար ըլլալ, քանզի անկախութեան փառքը ձեռք կը բերուի միայն տառապանքներու ճանապարհը անցնելէ յետոյ. «Անգլիան իր դաշնակիցներուն հետ օգնութեան ձեռք կը մեկնէ թէ`հայերուն, թէ` արաբներուն, վերականգնելու իրենց երբեմնի երազանքը` ունենալ անկախ հայրենիք»:
Հետեւեալ հատուած մը մէջբերուած է «Ինչպէս թուրքերը կ’արձանագրեն իրենց պատմութիւնը» յօդուածէն. «Զինադադար յայտարարելէ յետոյ Խելիլ բեկ կը յայտարարէ.
«Պատերազմին մասնակից դարձանք մեր իսկ ժողովուրդի պահպանման, անկախութեան ամրապնդման համար: Եւրոպային եւ մարդկութեան մեր մատուցած ծառայութիւնները այսուհետեւ պիտի յիշատակուին երախտագիտութեամբ: Մեր բանակը տարիներ շարունակ յաղթանակներ տանելով` նորանոր փառքեր պարգեւեց մեր արդէն փառաւոր պատմութեան: Պարզապէս որոշ հանգամանքներէ ելլելով` զինադադար յայտարարեցինք:
Մենք եւրոպական երկիրներու զրահն էինք, որով անոնք կը պաշտպանուէին Ռուսաստանի չարիքներէն»:
Այս տարօրինակ ելոյթին յաջորդեց բուռն ծափահարութիւններ եւ բացականչութիւններ…
Անոնք, որ ականատես եղած են հայերու կոտորածներուն, հռոմէացիներու հալածանքներուն, արաբներու կախաղան բարձրանալուն, լիբանանցիներու սովին, այժմ կը ծափահարեն Խելիլին…
Վատթարագոյնը այն է, որ ողբալու փոխարէն ինքնըստինքեան կը սկսին ծիծաղիլ…
Թուրքերը այսպէս կը ներկայացնեն իրենց պատմութիւնը հանրութեան: Կը խաբեն, այնուհետեւ կը հաւատան իրենց իսկ յօրինած սուտը: Ինքնախաբէութիւնը արմատացած հիւանդութիւն է ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ»:
Մէկ այլ յօդուածի մէջ նշուած է, որ Իթթիհատականներու վարած քաղաքականութեան նպատակն է ոչնչացնել կայսրութեան բոլոր ոչ թուրք տարրերը: Եթէ ոչ ջարդելով, ապա սովի մատնելով:
Այս որոշումը կը վերաբերի թէ՛ հայերուն, թէ՛ արաբներուն, թէ՛ հրեաներուն, թէ՛ հռոմէացիներուն…
Պատրաստեց Այգ Պետրոսեան
«Հայերն Այսօր»