ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած քոնկրեսական Թուլսի Կապարտ կոչ կ՛ընէ՝ զգալի փոփոխութիւններ կատարելու երկրին վարած արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան եւ բարգաւաճման աջակցութիւն:
Նախագահի թեկնածուն այս հաստատումը կատարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին կողմէ տարածուած տեսանիւթին մէջ, որուն մէջ ան նաեւ կը պատմէ 2017-ին Հայաստան եւ Արցախ կատարած իր այցելութեան մասին:
«Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը առաւել քան մէկ դար է ի վեր իր դրական եւ ամբողջական դերակատարութիւնը ունեցած է, եւ ես հպարտ եմ աջակցելով այս համայնքին, կանգնելով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ արդար բանաձեւի վաւերացումը ապահովելու անոր ձգտումներուն կողքին: Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի, որպէսզի մարդկութեան պատմութեան ամենասոսկալի յանցագործութիւններէն մէկուն վերաբերեալ արդար վճիռ տրուի», կ՛ըսէ Կապարտ:
Ան նաեւ կ՛անդրադառնայ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման՝ ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պէտք է պահպանեն ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ձեւաչափին մէջ իրենց միջնորդական դերը, սակայն նոյն ժամանակ պէտք չէ շարունակեն կեղծ հաւասարութեան քաղաքականութիւնը:
«Միացեալ Նահանգները անկողմնակալ միջնորդի դերը պահպանելու համար՝ պէտք չէ յառաջ տանի այնպիսի բանաձեւ մը, որ հիմնուած ըլլայ միայն Արցախի ու Հայաստանի կողմէ անյապաղ ու մշտական զիջումներու վրայ ու նոյն ժամանակ ենթադրէ Ատրպէյճանի կողմէ համարժէք զիջումներու բացակայութիւն», կը շեշտէ ան: Ըստ Թեկնածուին՝ «թէեւ հիմնահարցի կարգաւորման հարցով տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին հաւատարիմ մնալը կարեւոր է, այսուհանդերձ՝ կարեւոր է նաեւ բոլոր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը»: Ուսանողներու հետ հանդիպման ընթացքին Կապարտ անդրադարձած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին:
«Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով կ՛ըսեմ, որ մենք կողմ ենք, որ Ամերիկայի կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը», ըսաւ ան: Դեմոկրատ կուսակցութիւնը ներկայացնող քաղաքական գործիչը ընդգծեց, որ այդ ճանաչումը տակաւին տեղի չէ ունեցած Ուաշինկթընի մէջ՝ թրքական լոպիին ազդեցութեան պատճառով: