ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Այսօր հայուն ո’չ մէկ բառը կեղծ չի հնչեր,
ո’չ մէկ արձագանգը դատարկ չի հնչեր։
Այսօր մեր ցաւն ու կսկիծը դարձած է ցասում եւ ընդվզում։
Ընդվզում`այսպէս կոչուած “քաղաքակիրթ” պետութիւններուն դէմ։
Անոնք`որոնք ամէնայն սառնասրտութեամբ լուռ ու անտարբեր կը մնան
իրենց ժողովուրդներուն զայրութի ու բողոքի ցոյցերեւն, անոնց
մարդասիրական կոչերուն, յանուն մարդկային արդար իրաւունքներու,
յանուն`Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման։
” Քաղաքակիրթ” պետութիւնը չի բնորոշուիր լոկ իր ռազմական ու
տնտեսական հնարաւորութիւններով։ Այլ աշխարհի քաղաքակրթութեան
պատմութեան մէջ իր ունեցած դերակատարութեամբ։
Այս առումով` չկայ “քաղաքակիրթ” պետութիւն, որ ազգերու պատմութեան
մէջ չէ արձանագրած տաժանագին սեւ էջեր։
Կերտուածք մը, որ վայել չէ կոչուելու քաղաքակիրթ պետութիւն։
Որովհետեւ` ” Քաղաքակիրթ” պետութիւնը այսօր պէտք է սրբագրէ
անցեալի իր քաղաքական ղեկավարներուն թոյլ տուած սխալները։
Երբ Ստալինը յանուն համաշխարհային յեղափոխութեան, անտեսելով
Խորհրդային Հայաստանի ազգային պետակսն իրաւունքները, յանուն
Համաշխարհային յեղափոխութեան, հայկական հողերը բաժնեց
թուրքերուն, սիրաշահելու լարախաղաց թուրք ղեկավարները։
Երբ Կայսերական Գերմանիոյ կողմէ ” բաւական էր միայն մէկ շարժում,
ոչ մէկ խօսք ըսաւ, “, կասեցնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Կամայ-ակամայ մեղսակից դառնալով հայոց սպանդին։
Երբ Ֆրանսան իր շահադիտական նկրտումները գերադասելով,
հայկական Կիլիկեան կը յանձնէր թուրքերուն։
Ժամանակն է, որ մեղսակից պետութիւնները ճանչնան Արցախի
Հանրապետութիւնը, որպէսզի արդարօրէն
արժանի ըլլան կոչուելու “Քաղաքակիրթ”պետութիւն։
Այսօր համայն հայութեան տաժանակիր խոյանքն է
դէպի ճշմարտութիւնը , դէպի ազգերու ինքնորոշման
իրաւունքը յաւերժացնելու`
Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը …