ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Սէյնթ Լուիս քաղաքին մէջ աւարտեցան Միացեալ Նահանգներու ճատրակի կանանց եւ տղամարդոց աւարտախաղերը:
Կանանց բաժինին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ամերիկահայ Տաթեւ Աբրահամեան, որ ըստ Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքին, շահեցաւ 7,5 կէտ, նուաճելով արծաթէ մետալը: