Նուարդ Մատոյեան- Տարագճեան
Հայու հոգին չի մեռնիր երբեք, իր խիզախ ու
առնավայել սխրանքով։
Նոյնիսկ եթէ համրօրէն
մահանայ պատերազմի դաշտին վրայ
Հայու հոգին անպարտելի է, զի մահը հեքեաթային
առասպել մըն է լոկ։
Հայու հոգին աննուաճ է ու անմահ, քանզի բնութեան օրէնքն է
զինք պարգեւած տիեզերական ոյժով յաւերժանալու։
Որ թեւածէ հայոց աշխարհի երկնակամարին վրայ,
Որ ծնունդ տայ հայ ազգի քաջորդաց
նոր սերունդներուն։
Որ հայը ազատութիւն շնչէ վերջապէս,
Որ հայը ապրի դար ու դարեր իր հայրենի
սուրբ հողին վրայ։
Յաւերժ յիշատակ, փառք ու պատիւ Արցախի անմահ հերոսներուն։
Յաւերժ յիշատակ, փառք ու պատիւ Հոկտեմբեր 27-ի անմեղ զոհերուն։