Յ. Պալեան կը գրէ.
Ամէն անգամ որ Հայաստան գտնուիմ, ամէն անգամ որ հայկական համարուած անծայրածիր սփիւռքի թափահարումներուն ականատես եւ ականջալուր կ’ըլլամ, ես ինծի հարց կու տամ. «Հայրենալքումով եւ զբօսաշրջութեամբ ազգ եւ կրկնուող միօրինակ դարձած շաբաթավերջի աղմկարարութեամբ հայրենիք կը պահուի՞ եւ իրաւունքներ ձեռք կը բերուի՞ն»:
Այս հարցումները դադրած ենք ուղղելէ պետութեան մակարդակին, սփիւռքներու խառնարաններուն մէջ ղեկավարական բեմադրութիւններու ընթացքին, հեռուն նստած պառաւներու բարեսիրական զգացումներու լորձնաշուրթն գնահատումները երբ կ’ընենք, երբ հայրենասիրական անորոշ զգացումներով զբօսաշրջիկ կը դառնանք եւ կը յուզուինք Երեբունիով, Էջմիածինով, Սարդարապատով, Հաղբատով, զորս կը լուսանկարեն, վերագտնելէ առաջ Էյֆէլեան աշտարակը, Խաղաղականի Սանթա Պարպարան…
Ինչպէ՞ս ազգ եւ հայրենիք կը պահուին, երբ Երեւանի շինանիւթի վաճառատան աշխատող երիտասարդը եւ հաշուապահ կինը պատրաստ են, զինակոչիկի պէս, Գերմանիա կամ «Լոս» արշաւելու…
Ազգ եւ հայրենիք կը պահուի՞ն երբ սփիւռքները հայրենաբնակի երազ են եւ սփիւռքները վերջնական համարելու հակազգային գաղափարախօսութիւնը տուն տեղ եղած է:
Սփիւռքի մէջ թերթ կը փակուի, դպրոց կը փակուի, մէկ առաւել մէկ եւ բազմապատկուող: Ի հարկէ միշտ արդարացումներ կան, լեզուագարութիւններ եւ ամօթ չխոստովանելու վերաբերումներ՝ պարտութիւն եւ նահանջ քողարկելու համար: Միաժամանակ, խուսափելով արմատական լուծման մը յանգելու միտող տրամաբանութենէ. յետոյ ի՞նչ: Ազգի եւ հայրենիքի հզօրացման եւ գոյատեւման համար աղէտ է թերթի փակումը, նոյնիսկ երբ ան կը փոխարինուի՝ դատարկ մխիթարական ճառով՝ օտարաբարբառ: Աղէտ է դպրոցի մը փակումը, նոյնիսկ երբ խմբովին կը շարունակենք համագումարներու երթալ: Աղէտ է, երբ հայ ճառախօսը կամ դասախօսը բեմ կը բարձրանայ լատիներէն գրուած հայերէն բառերով ճռուողելու համար՝ հրամցուող ծաղրանկար, որ չի զարմացներ, չի մտահոգեր, «հայ»ը չի վիրաւորեր:
Բարեսիրութեամբ եւ զբօսաշրջութեամբ զգացական կարկտաններ կ’ըլլան, ոչ աւելի:
Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ ցուլը զգետնելու համար հարկ է զայն իր կոտօշներէն բռնել:
Ազգի եւ հայրենիքի հզօրացման եւ գոյատեւման համար ի՞նչ բան կենսական է, արմատապէս կենսական, առանց խուսանաւումներու, առանց մարդորսական ճապկումներու, առանց սեփական կացութիւններ արդարացնելու: Այդ կենսականը յստակութեամբ օրակարգ չէ ոչ մէկ տեղ, չ’առաջնորդեր նախաձեռնութիւնները, քաղաքական, տնտեսական, մշակութական, կրօնական: Կենսականը կարծէք չենք ուզեր սահմանել, չանհանգստանալու եւ չանհանգստացնելու համար, «էսթէպլիշմընթային» ծեծեքումներ կը խաղցուին, աթոռ-աթոռակներու համար, մարմարի վրայ անուններ գրելու համար՝ Հայաստան եւ աճող բազմագոյն սփիւռքներ:
Ճիշդ է ըսել, որ ազգը հեռանկար չունի: Ղեկավարութիւն(ներ)ը ամլացած ըլլալով եսի եւ դիրքապաշտական համակարգին մէջ, անկարող եւ անատակ դարձած են հեռանկար տալու, կազմակերպելու ազգի վաղը: Լոս Անճելըս, Փարիզ, Սթոքհոլմ նստած իմաստուն համարուած վերլուծումներ ընողներ անպակաս են, երբեմն Հայաստան «այցի երթալ»ով չես գիտեր ի՛նչ ներկայութիւն փաստելու համար, խորհելով որ ինքնացուցադրումը քաղաքականութիւն է: Ասոնց տրամագծօրէն կը հակադրուին «ներս»ի մարդիկ, որոնց մէկ ոտքը դուրսն է, ինչպէս կ’ըսեն, Փարիզ կամ «Նիցցա», Կլէնտէլ կամ Լոնտոն:
Զանգուածը օրինակի պէտք ունի՝ հաւատալու համար: Օրինակներ՝ ինչպէս Կանտի մը: Ժողովուրդը ընդոծին ողջախոհութիւն ունի եւ կը տեսնէ, կը դատէ: Ինչպէ՞ս երբեք չաշխատած մարդիկ յանկարծ տէր կը դառնան «հարստութեան», երբ այդ հարստութիւնները հակակշռող օրէնքներ չկան, քանի որ հահակշռող օրէնք մշակողները եւ գործադրողները նոյն այդ հարստութիւններու տէրերն են:
Ժողովրդային շահով առաջնորդող իշխանութիւն պէտք է ըլլայ արդարի եւ անարդարի, կողոպուտի եւ աշխատանքի, ծառայութեան եւ չարաշահումի ջոկումը կատարելու համար: Այս վերաբերումը էական է վստահութիւն վերականգնելու համար, որպէսզի երկիրը զարգանայ եւ ազգը «միաւորուի»: Ան էական է նաեւ երկրի դիմագրաւած զանգուածային աղէտ-արտագաղթը կասեցնելու համար, որպէսզի համալսարանի դասախօսը չադտագաղթէ, ըսելով որ «անհանգստացնում էին» եւ այդ պատճառով ալ «դուրս եկայ»: Երիտասարդը չարտագաղթէ, տեսնելով ճոխութիւնները եւ իրեն բաժին ինկած գործազրկութիւնը:
Այս վստահութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի ոչ միայն արտագաղթը կասի, այլ նաեւ տեղի ունենայ հայրենադարձութիւն: Վստահութիւնը հայրենադարձութեան հրաւէր է, ան ծնունդ չ’առներ ճառերէ:
Ինչ կը վերաբերի հայրենադարձութեան, ան ամուր գաղափարախօսական ենթահողի պէտք ունի, որ պարզ բառերով կը բնորոշուի. ինքնութեամբ տոկալ եւ տեւել: Այդ ինքնութիւնը շաբաթավերջի երգ-խրախճանք չէ, զբօսաշրջութիւն չէ, «հայասիրութիւն» ալ չէ: Ինքնութիւնը դարերէն մեզի հասած ժառանգութիւններու տիրութիւն է. հայրենիք, լեզու, մշակոյթ: Այդ ժառանգութիւնները նպարավաճառի խանութին մէջ չեն գտնուիր, դատարկ ճառերով չեն բնորոշուիր: Իսկական յանձնառութիւն կը պահանջեն՝ անձին օրինակով, որ ինքզինք չի խեղդեր բան չնշանակող տարազներու մէջ, ինչպէս՝ «զգացումով հայ եմ», «Հայաստանին կ’օգնեմ», «ցեղասպանութեան ճանաչման ցոյցին կը մասնակցիմ»:
Գաղափարական եւ բարոյական վերականգնումի ենթահողին վրայ ժողովուրդէն կողոպտուածը ժողովուրդին պիտի վերադարձուի՞, նոյն ենթահողին վրայ հայրենադարձութիւն պիտի ունենա՞նք: Ինչպէ՞ս:
Ամբոխ զուարճացնող դատարկաբանութիւն է ըսել, որ «Հայաստան զօրաւոր է Սփիւռքով եւ Սփիւռքը Հայաստանով»:
Հայաստան զօրաւոր է երբ բնակուած է, երբ հայը արմատ կ’արձակէ Գորիս, Մեղրի, Բերդաձոր, Շուշի եւ ոչ Նոր Զելանտա, Սանթա Պարպարա, Շերպուրկ, կամ այլուր:
Պէտք է դադրիլ հաւատալէ կիսամիջոցներու խաղին, մեր հնարած կեղծիքներուն եւ անոնց վրայ մարգարէի պէս նստած կեղծաւորներուն, որոնք կը հաշտուին սփիւռքներու աճին եւ բազմացման հետ:
Ազնիւ եւ ազնուացնող յեղափոխութեան մը պէտք ունի ազգը, որպէսզի չանհետանայ պատմութեան հնութիւններուն մէջ, ըլլալու համար պատմաբանները եւ հնախոյզները յուզող հետաքրքրութեան առարկան: Յեղափոխութիւնը կ’անհանգտացնէ: Դեռ ունի՞նք բաւարար ուժ՝ ընդունելու համար անհանգստացնող ազգի վերականգնումի յեղափոխութիւնը, որ «թուական»ի մը երեկոյին ընդարմացնող փող-թմբուկի յարդի բոց չէ… ոչ ալ տեսակ մը ազգային տուրքի մասնակցութիւն՝ խիղճ հանդարտեցնելու համար:
Ո՞ւր խօսիլ, որո՞ւ եւ որոնց խօսիլ, խցուա՞ծ են ականջները, ինչպէ՞ս լսուիլ…
Կոմիտասի հետեւութեամբ պիտի ըսե՞նք, որ հոգիները դիակնացած են…
Զաւակներու տէր հայ մը կ’ըսէր, որ այս բոլորը պարապ բաներ են, կարեւորը հաճոյքն է, եւ երջանկութեամբ ցոյց տուաւ իր գեղեցիկ շան պատկերը՝ որ իր վրայ կը կրէր՝ այֆոնին մէջ…
Առանց յոռետեսութեան կրնա՞նք դիտել, դատել, կողմնորոշուիլ…
Երեք բայերով բնորոշուող իսկական ազգային-քաղաքական վերաբերումի դարպաս: