ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Գրեթէ ցամքեցան հայրենակցական բնոյթի մեր երբեմնի պարբերականներն ալ, ի հետեւումն զիրենք դիեցնող միութիւններու աստիճանական ընկրկումին, թուլացումին կամ չքացումին…:
Տասնամեակներ առաջ եղաւ շրջան մը, երբ սփիւռքի ամէնէն ուժեղ համախմբումները հայրենակցական միութիւններն էին: Անոնք իրենց շուրջ կը յաջողէին ստեղծել աճող հետաքրքրութիւն մը, քանի որ վա՛ռ էր կորսուած հայրենի բնօրրանին կարօտը, դեռ կենդանի էր հայրենի երկրին աւանդութիւնները պահպանելու զգացումը…:
Իւրաքանչիւր հայրենակցական միութիւն ունէր իր ծրագիր-կանոնագիրը, կը հրատարակէր իր պարբերաթերթը:
Պատկերը շրջուած է այսօր:
Հայրենակցականները մէկիկ-մէկիկ կը չքանան հրապարակէն…:
Այսօր, եթէ փորձէք հարց տալ հայ դպրոցականի մը, թէ ո՞ւրտեղացի են իր պապերը, ան ուսերը կը թօթուէ անտարբեր…: Գաղափար չունի Մալաթիոյ, Մշոյ կամ Խարբերդի մասին…: